Լրահոս

Միջազգային Դիտորդներ Հետեւեցան Արցախի Սահմանադրական Հանրաքուէին

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հետ գործակցաբար, դիտորդական առաքելութեան անդամներ, հանդիպումներու շարք մը ունեցան ղեկավարներու եւ շրջանէն ներս գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին եւրոպական 8 երկիրներէ Արցախ հասած դիտորդները հետաքրքրուած էին հանրաքուէի քարոզարշաւի ընթացքին, սահմանադրութեան նախագիծին քաղաքացիներու իրազեկուածութեան եւ այլ հարցերով:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեցՍահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Արցախ հասած` Լաթվիոյ, Սլովենիոյ, Իսպանիոյ, Բրիտանիոյ, Ռումանիոյ, Սլովաքիոյ եւ Պելճիքայի պատուիրակութիւններու անդամները, որոնց կազմին մէջ էին իրաւագէտներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
Նախագահը կարեւոր նկատած է արտերկրէն ժամանած պատուիրակութիւններու դիտորդական առաքելութեան նշանակութիւնը հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման, տարբեր երկիրներու մէջ Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններու ներկայացման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւններէն:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պետականաշինութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, իր կարգին ընդունեց դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Ֆրանք Էնկելը (Լիւքսամպուրկ) եւ Եարոմիր Շթեթինայը (Չեխիա):
Ողջունելով հիւրերը` Աշոտ Ղուլեան ընդգծեց, որ շատ ուրախ է Արցախի բարեկամները տեսնելու այստեղ ոչ միայն դժուարին օրերուն, ինչպէս էր նախորդ տարուան ապրիլը, այլեւ հիմա, երբ Լեռնային Ղարաբաղը կարեւոր քայլ կը կատարէ:
«Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչները յատուկ նշանակութիւն կը հաղորդեն Արցախի Սահմանադրութեան հանրաքուէին», նշած է Աշոտ Ղուլեան: Ֆրանք էնկել եւս երախտագիտութիւն յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահին` ընդունելութեան համար եւ ընդգծած, որ այս անգամ իրենք լաւ առիթով Արցախ կը գտնուին` այն է` Սահմանադրութեան հանրաքուէն:
Այնուհետեւ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները Ազգային ժողովի նախագահին ուղղած են սահմանադրական բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան, նախագիծին մէջ առաջարկուող կառավարման ձեւի եւ սահմանադրութեան նախագիծի այլ դրոյթներուն վերաբերող հարցումներ:
Հանդիպումի աւարտին խորհրդարանի ղեկավարը յոյս յայտնեց, որ դիտորդական առաքելութեան ընթացքին խորհրդարանականները կը հաւաքագրեն անհրաժեշտ նիւթեր` հետագայ գործունէութեան համար:
Ղուլեան ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Էլենի Թէոխարուսը (Կիպրոս) եւ «Համերաշխութեան շարժում» քաղաքական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակի նախագահ Եանիս Սելինոփուլոսը:
Ազգային ժողովի նախագահը բարձր գնահատեց Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանին ներկայութիւնը Արցախի համար շատ կարեւոր իրադարձութեան` յոյս յայտնելով, որ Սահմանադրութեան հանրաքուէի մասին երկխօսութիւնը թոյլ կու տայ յառաջ տանիլ միացեալ քննարկումներու օրակարգը:
Ողջունելով խորհրդարանի նախագահը` Էլենի Թէոխարուսը սահմանագիծի այցելութեան իր տպաւորութիւնները կիսած է եւ նշած, որ տպաւորուած է զինուորներու ոգիով:

«Այստեղ ես կը տեսնեմ բարգաւաճում եւ յառաջընթաց: Եւ հպարտ եմ Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համար, քանի որ անոնք ջանք չեն խնայեր ժողովուրդին կենսամակարդակը բարձրացնելու եւ պետութիւնը զարգացնելու համար», նշած է Էլենի Թէոխարուս:
Խօսելով Արցախի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան մասին` Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ նոր սահմանադրութեամբ առաջնակարգ տեղ տրուած է անվտանգութեան:
«Ժողովրդավարութիւնը եւ ազատութիւնը պէտք է նախ եւ առաջ պաշտպանուած ըլլան», ընդգծած է խորհրդարանի նախագահը:
«Մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը կը զոհաբերեն ազատութեան համար, ամէն ինչ կ՛ընեն նաեւ ժողովրդավարութեան համար», արցախցիներու կամքին մասին կարծիք յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը:
Հանդիպումին խօսուած է նաեւ Կիպրոսի տագնապին վերջերս արձանագրուած տեղաշարժերուն եւ սպասումներուն մասին:
Ղուլեան ընդունեց Աբխազիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Ժողովրդական ժողովի փոխնախագահ Էմմա Կամիսոնիան եւ երեսփոխաններ` Ախրա Պաչուլիանն ու Լեւոն Գալստեանը, որոնք Ստեփանակերտ եկած են Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծի հանրաքուէին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով:
Ողջունելով հիւրերը` Ղուլեան նշեց, որ այս տարիներուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բաւական դրական տեղաշարժ արձանագրած են: «Մենք անընդհատ նոր տարբերակներ կ՛որոնենք` հետագայ մեր համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ, եւ այդ առումով լաւ հեռանկար ունինք», ընդգծած է Ազգային ժողովի նախագահը: Աբխազիոյ Ժողովրդական ժողովի փոխնախագահ Էմմա Կամիսոնիան` պատուիրակութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնելով արցախցիներուն ջերմ ընդունելութեան համար` խորհրդարանի ղեկավարին փոխանցած է Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Խաճիմպայի եւ խորհրդարանի նախագահ Վալերի Պկանպայի ողջոյններն ու յանձնած Աբխազիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու հրաւէրը: «Ես կը կարծեմ, որ դուք լուրջ ժողովրդավարական քայլ կատարած էք:
Ձեր երկրին մէջ բարձր քաղաքական մշակոյթ ձեւաւորուած է, որ անգամ մը եւս կը փաստէ, որ դուք քայլ առ քայլ կը լուծէք ձեր պետական կարեւորագոյն հարցերը: Այն հիմնարկները, որոնք մենք եւ դուք կը ստեղծենք` ուղղուած են մեր ժողովուրդին եւ մեր երկիրներուն զարգացման», ըսած է Էմմա Կամիսոնիան: Աբխազիոյ Ազգային ժողովի երեսփոխան Լեւոն Գալստեան, անդրադառնալով Արցախի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին դրական գնահատած է:
«Մեծ ուշադրութեամբ հետեւած ենք այստեղ տեղի ունեցող սահմանադրական հոլովոյթին, եւ պէտք է ըսեմ, որ բաւական դրական կը գնահատենք զայն` հաշուի առնելով, որ այդ ամբողջ ընթացքին ներգրաւած էք հասարակութեան լայն շրջանակներ», աւելցուցած է Լեւոն Գալստեան: «Վստահ ենք, որ ձեր հանրապետութիւնը մեծ յաջողութիւններու պիտի հասնի, քանի որ ժողովրդավարական արժէքներու մեծ զարգացում ու աճ կը նկատենք: Կը կարծեմ` ձեր փորձը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ մեզի համար», նշած է Աբխազիոյ Ազգային ժողովի երեսփոխան Ախրա Պաչուլիան:
Այնուհետեւ, խորհրդարանականներուն խնդրանքանքով, Աշոտ Ղուլեան անդրադարձաւ Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծի առանձին դրոյթներուն եւ Աբխազիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ազգային ժողովի ընկերային եւ առողջապահութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի անդամ Լիւտմիլա Բարսեղեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button