
Մայիս 15-16, 2018-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն» խորագրով գիտաժողով` նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրման 90-ամեակին: Գիտաժողովը պիտի կազմակերպուի Երեւանի պետական համալսարանի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Հ.Հ. գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի համատեղ ջանքերով:
Գիտաժողովը նպատակ ունի համակողմանիօրէն, գիտական արդիական չափանիշներով քննելու Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն ձեւաւորուած գրական-մշակութային կեանքը եւ անոր առանձնայատկութիւնները, անդրադառնալով գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտէն ներս, պետական քաղաքականութեան հիմքերուն, ձեւաւորուող հանրակրթական համակարգին, բարձրագոյն կրթական օճախներու կազմակերպման եւ անոնց կրթական գործունէութեան, գիտութեան տարբեր ճիւղերու զարգացման եւ հիմնական գիտական նուաճումներուն, պարբերական մամուլին եւ հրատարակչական գործին, նոր հայեացքով արժեւորելու Առաջին Հանրապետութեան հոգեւոր-մշակութային գործիչներու, լուսաւորիչ մանկավարժներու ծաւալած գործունէութիւնը եւ ձեւաւորուած կրթամշակութային կեանքի ազդեցութիւններուն, Սփիւռքի հետագայ կրթական եւ մշակութային կեանքի ձեւաւորման վրայ:
Գիտաժողովին հրաւիրուած են գիտնականներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն։
Գիտաժողովի ծրագրային յանձնախմբի կազմն է.-
Արամ Սիմոնեան – ԵՊՀ ռեկտոր
Աշոտ Մելքոնեան – ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն
Արմէն Քլոտ Մութաֆեան – ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, պատմութեան դոկտոր
Անահիտ Տէր-Մինասեան – Սորպոն- Փարիզ 1 համալսարանի դասախօս, պատմաբան
Կարէն Խաչատրեան – ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի փոխտնօրէն
Մենուա Սողոմոնեան – ԵՊՀ գիտական քարտուղար
Մհեր Յովհաննիսեան – ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն
Գուրգէն Վարդանեան – ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող
Գիտաժողովին ներկայացուելիք նիւթերու ժամկէտն է`Մարտ 15, 2018:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար.-
«Համազգայինի» Հայաստանի գրասենեակ `
Երեւան, Մաշտոց 37/14
Հեռ. (+374 10) 53 39 49
Ել հասցէ` hayastan@hamazkayin.com
ԵՊՀ, Հայագիտական հետազօտութիւնների ինստիտուտ`
Երեւան, Ալեք-Մանուկեան 1, ԵՊՀ 2-րդ մասնաշէնք, 5-րդ յարկ, ընդունարան
Հեռ.՝(+374 60) 710092
Ել հասցէ` instarmstud@gmail.com