
ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Ամբողջ եօթանասուն տարի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարով տոգորուած, հայը Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձը կը նշէր «գալ տարի Հայաստանի մէջ» բարեմաղթանքը իր շուրթերուն:
Վերջապէս եկաւ այդ պահը, եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անկախ Հայաստանին սկսաւ վերաբերիլ բաղձալի իրականացած երազ մը կրկին չկորսնցնելու մեծագոյն գուրգուրանքով: Առաջին իսկ օրէն, Դաշնակցութեան համար վերանկախացած Հայաստանը ներքին ցնցումներէն զերծ պահելու եւ ներազգային ամէն տեսակ տարակարծութիւնները հարթելու ու ներազգային համերաշխութիւն ապահովելու դերակատարութիւնը եղաւ ուղենիշ, եւ համահայկական մարտունակութիւնը բացառապէս Հայաստանի ու հայութեան արտաքին թշնամիներուն դէմ ուղղելը՝ անսակարկելի համոզում:
Այդ կը վկայէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան որդեգրած յետանկախացման ողջ քաղաքականութիւնը: Հայաստանը ներքին ցնցումներէն զերծ պահելու գերխնդիրը Դաշնակցութիւնը անշեղօրէն որդեգրեց, առանց տուրք տալու ամբոխային տրամաբանութեան, ազգայինը սեփականէն վեր դասելու ամուր կեցուածքով, հայութեան ներսը թշնամի չտեսնելու խոր համոզումով, երբեմն նոյնիսկ սեփական ժողովրդականութիւնը հարուածի տակ առնելով:
1988-ին, երբ ամբողջ հայութիւնը կ’ապրէր Արցախեան պահանջատիրութեան սկիզբը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այդ շարժման մէջ տեսաւ դէպի Միացեալ Հայաստան տանող ուղի ու նուիրուեցաւ այդ գործին: Ողջունեց շարժումը եւ ամէն գնով փորձեց ուղղորդել, որ այն չշեղի ու չվերածուի ներքին անախորժութիւններու: Գործադուլներուն կոչ ուղղեց չվնասել Հայաստանի տնտեսութեան, շարժման ղեկավարութեան ու օրուան կոմունիստական իշխանութեան յորդորեց Խորհրդային Միութեան փլուզումը առանց ներքին հակամարտութեան, ներդաշնակ քայլերով դիմագրաւել այնպէս, որ շահած դուրս գան հայն ու Հայաստանը: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Վազգէն Մանուկեանի եւ Սուրէն Յարութիւնեանի հետ բազմաթիւ հանդիպումներուն Դաշնակցութիւնը անշեղօրէն նոյն բանը կրկնած է, որպէսզի Հայաստան զերծ մնայ ներքին ցնցումներէն:
1992-ին, երբ Հայաստանի նորընտիր իշխանութիւնը անյանդուրժող դարձած էր, խափանեց երկար բացակայութենէ ետք Հայաստանի մէջ կայանալիք ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը, փորձեց Դաշնակցութենէն ներս ճեղք յառաջացնել եւ հայրենիքէն դուրս վտարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Դաշնակցութիւնը Հայաստանը ներքին ցնցումներէն զերծ պահելու նոյն բծախնդրութիւնը ունեցաւ: Հակառակ անոր, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ե՛ւ կարողութիւնը ե՛ւ պատճառը ունէր նման կեցուածքին դէմ կենալու, բայց ընկ. Հրայր Մարուխեանի Լոս Անճելոսի մէջ արտասանած խօսքը ապացուցեց, որ Դաշնակցութիւնը դեռ պատրաստ էր «գործակցութեան ձեռք մեկնել» Հայաստանի իշխանութիւններուն:
1996-ին, նախագահական ընտրութիւններուն գործունէութիւնը արգիլուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ակնյայտօրէն Վազգէն Մանուկեանին սատարող կարեւոր ուժ էր: Ընտրութիւնները կեղծուեցան, Հայաստան դարձաւ համատարած ցոյցերու վայր, Դաշնակցութիւնը բոլոր ուժերով փորձեց դէմ դնել Հայաստանի ժողովրդականացման շատ մեծ հարուած հասցուցած ընթացքին, բայց Հայաստանը ներքին ցնցումներէն զերծ պահելու սկզբունքը անխախտ էր:
Աւելին, գործունէութիւնը արգիլուած, փակուած գրասենեակներու տէր ու սեփական հայրենիքին մէջ հալածեալ այս կուսակցութեան Բիւրոն պատրաստակամութիւն յայտնեց ՀՀ նախագահին հանդիպելու եւ տարակարծութիւնները քաղաքական դաշտ տեղափոխելու նախաձեռնութեամբ, յանուն ազգային ներքին համերաշխութեան, արտաքին թշնամիներու դէմ՝ համազգային կարողականութեան պահպանման:
Ազգային գերագոյն շահերու պաշտպանութեան աներեր կամքով եւ ներքին ցնցումներէ զերծ մնալու նախանձախնդրութեամբ առաջնորդուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Գուցէ ոմանց մօտ կայ այն կարծիքը, որ այս երկուքին միջեւ եղած անհրաժեշտ հաւասարակշռութիւնը խախտուած է, գուցէ շատ յաճախ Դաշնակցութեան ժողովրդականութիւնը տուժած է յախուռն մթնոլորտներու մէջ, բայց Դաշնակցութիւնը իր վրայ վերցուցած է այդ առաքելութիւնը եւ ամէն ջանք կը թափէ հաւասարակշռութեան ճիշտ կէտը գտնել, որ գուցէ ոմանց կարծիքով այնքան ալ ճիշտ չէ:
Այս հիման վրայ է, որ քաղաքական աշխարհասփիւռ գրասենեակները եղած են Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններու տրամադրութեան տակ, մարտունակ հաւատաւորները, առաջին իսկ օրէն ու մինչեւ այսօր, զգաստ կանգնած են հայոց բանակի հրահանգին ներքոյ եւ մէկ խօսքով՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ողջ կարողականութիւնը առաջարկած է Հայաստանի իրերայաջորդ բոլոր իշխանութիւններուն, առանց որեւէ պայմանի, համախոհութեան առկայութեան կամ չգոյութեան պայմաններու տակ, եւ միշտ փորձած է ներքին հակադրութիւնները մերձեցնել, ազգային համերաշխութեան մթնոլորտ յառաջացնել՝ինչ որ անկասկած կրնայ շատ սուր քննադատութիւններու ենթարկուիլ մէյ մը այս ու մէյ մը այն կողմէն, երբեմն գուցէ նաեւ արդար, բայց նաեւ Դաշնակցութիւնը ունի այն փորձը, որ կրնայ զատորոշել սրտցաւ ու տրամաբանուած քննադատութիւնը որոշ փորացաւէ մը մղուած կամ Դաշնակցութեան էութիւնը հարուածելու միտում ունեցող ցեխարձակումներէ:
Այսօր, հայ կեանքը կ’ապրի այդ յախուռն ու փոթորկոտ ժամանակներէն մէկը: Դաշնակցութենէն սպասելիքներ ունեցողներ կան, բայց ակնյայտ է, որ այս խառն ժամանակներու մէջ երբեք չեմ բացառեր հակադաշնակցական կոյր մոլուցքի դրսեւորումներ, ոմանք ազգային գաղափարախօսութիւնը յարուածելու միտում ունին, ոմանք այս կամ այն պատճառով նեղացած ըլլալու մաղձով կ’առաջնորդուին, ոմանց համար նախընտրական շրջանը սկսած է արդէն, բայց չեմ ժխտեր նաեւ, որ ոմանք ալ ազգի ու հայրենիքի պաշտպանութեան հարուստ կենսագրութիւն ունեցող այս կազմակերպութիւնը աւելի ուժեղ տեսնելու ազնիւ մղում ունին:
Դաշնակցութեան առաւելութիւնը այն է, որ 128-ամեայ պատմութեան ընթացքին աննկատ չէ անցած իր հասցէին ուղղուած որեւէ քննադատութեան կողքով, շատ մը անարժաններու չէ պատասխանած, յետին նպատակներ ունեցողներուն դէմ դրած է իր կազմակերպ շարքերով, իսկ առողջ մօտեցումները լաւագոյնս ծառայեցուցած է ինքնավերանորոգման:
Ներքին ալեկոծումներն ալ քիչ չեն եղած՝ Միհրանական շարժում, Մարտկոցական շարժում, ի վերջոյ որուն համար գաղտնիք է դաշնակցական ականաւոր գործիչներու միջեւ ծագած կարծիքներու ու մօտեցումներու տարբերութիւնները: Բայց ի վերջոյ այդ կարծիքներու բախման ծնունդ է արդիւնքը, որ եղած է ի նպաստ ազգին, հայրենիքին ու Դաշնակցութեան:
Այս անգամ ալ տարբեր չի կրնար ըլլալ: