
ԼԱՆՍԻՆԿ.- Երեքշաբթի, Յունիս 14ին, Միշիկընի նահանգապետ Ռիք Շնայտըր ստորագրեց Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը պահանջող թիւ 4493 բանաձեւը:
Ըստ օրինագծին` առնուազն 6 ժամ ընդհանուր տեւողութեամբ դասաւանդումը տեղեկութիւն պիտի ներկայացնէ նաեւ Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, Տարֆուրի, Պոսնիոյ կոտորածներուն մասին:
Հակառակ թրքական լոպիի հետեւողական աշխատանքներուն, որուն մէջ մեծ դեր ունեցաւ Շիքակոյի մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանը, կարելի չեղաւ ձախողութեան մատնել այս օրինագիծը:
Նշենք թէ Միշիկընի Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու պալատը, ի նպաստ քուէարկած էին այս նոր օրինագծին: Այս օրինագիծը ներկայացուցած էր նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Քլինթ Քէսթo (Հանրապետական):
Շրջանի հայկական կազմակերպութիւններն ու եկեղեցիները, միացեալ ջանքերով կազմած էին Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման յանձնախումբ մը, այս բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու նպատակով։