Միշիկընի Հայ Համայնքի Յայտարարութիւնը Հ․Հ․ Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի Այցի Կապակցութեամբ
Անցեալ շաբաթ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը հրապարակեց իր պաշտօնական՝ Միշիկըն այցի մասին, որուն մասին տեղեակ չէ պահուած ողջ համայնքը։ Փոխարէնը, մենք տեղեկացանք Սինանեանի՝ Միշիկընի հասարակութեան հետ կապ հաստատելու ջանքերու մասին մեր նահանգի ընկերային ցանցերում տարբեր գրառումներու եւ Սինանեանի գրասենեակի կողմէ հրապարակուած մամուլի հաղորդագրութիւններու միջոցով: Այդ մամուլի հաղորդագրութիւնները կեղծ կերպով կը նշէին, որ ան հանդիպած է «Մեծն Տիթրոյթի տարածքէն ներս գտնուող տարբեր հայկական եկեղեցիներու, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու համայնքի ղեկավարներու հետ»։ Փաստօրէն, Սինանեանի պաշտօնական գրասենեակի մամուլի յայտարարութիւնները չեն արտացոլէր իրականութիւնը, թէ իրականին մէջ ինչ է տեղի ունեցած Միշիկըն նահանգին մէջ։


