
ԼԱՆՍԻՆԿ.- Միշիկըն նահանգի Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու պալատը, ի նպաստ քուէարկած է նոր օրինագծի մը, որուն մէջ կը նշուի թէ շրջանի դպրոցներէն ներս պիտի դասաւանդուին Հրեաներու Ողջակիզումն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ծերակոյտի հաստատման օրինագիծը ներկայացուցած էր նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Քլինթ Քէսթo (Հանրապետական):

Մայիս 18-ին ընդունուած այս օրինագծին համաձայն` նահանգապետ Ռիկ Սնայտըր, 15 հոգիէ բաղկացած յանձնաժողով մը պիտի ձեւաւորէ, Ցեղասպանութեան կրթութեան կազմակերպման համար: Կը նշուի, որ դպրոցական ծրագրին մէջ Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան մասին դասընթացքներու պիտի հետեւին երկրորդականի 8-12-րդ դասարանի աշակերտները:
Ըստ օրինագծին` դասընթացքները տեղեկութիւն պիտի ներկայացնեն նաեւ Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, Տարֆուրի, Պոսնիոյ կոտորածներուն մասին:
Հակառակ թրքական լոպիի հետեւողական աշխատանքներուն, որուն մէջ մեծ դեր ունեցաւ Շիքակոյի մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանը, կարելի չեղաւ ձախողութեան մատնել այս օրինագիծը: