
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան դժգոհութիւն յայտնեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու` Տապլինի (Իրլանտա) մէջ կատարած յայտարարութեան համար, որովհետեւ անիկա հաւասարակշռուած չէր եւ ոչինչ կը նշէր Իլհամ Ալիեւի կառավարութեան Հայաստանի դէմ իրականացուող յարձակումին կամ Պուտափեշթէն ազատ արձակուած ազերի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի գովաբանութեան առնչութեամբ:
Հայ Դատի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները այս ձեւով չեն նպաստեր Արցախի մէջ խաղաղութեան հաստատման: Հաղորդագրութիւնը կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճան այն կողմն է, որ սկսած է պատերազմը ու պարտուած եւ կը փորձէ ոչնչացնել Արցախի մէջ ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Նաեւ կը նշուի, որ Ատրպէյճան պարբերաբար սահմանային յարձակումներ կը կատարէ եւ կը սպառնայ օգտագործել իր զինանոցը` շրջանին մէջ տագնապը վերսկսելով:
“ՈչթէԵրեւանը, այլՊաքունկըմերժէմիջազգայինկոչերը` արձակազէններըսահմանէնհեռացնելու“, ըսած է Համբարեան եւ յիշեցուցած, որ Պաքու դէմ է նաեւ բանակցային հոլովոյթին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասնակցութեան:
“ՉարդարացուածբարեգործութիւնէԻլհամԱլիեւիվարչակարգինհամարկոչուղղելերկուկողմերուն` ձեռնպահմնալութշնամականգործողութիւններէն, երբակնյայտէ, որպետականմակարդակովատելութիւնկըհրահրէՊաքուն` թէ՛խօսքով, թէ՛գործողութիւններով“, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Իբրեւ ըսուածի օրինակ, Արամ Համբարեան նշած է սահմանային յարձակումները` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին, կամ Ջուղայի հայկական գերեզմանատան աւերումը:
Յայտարարութեան մէջ կը յիշեցուի, որ աւելի ուշ Իլհամ Ալիեւ ներեց եւ խրախուսեց Ռամիլ Սաֆարովը, որ սպաննած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը եւ հերոսացաւ Ատրպէյճանի մէջ:
Հայ Դատի գրասենեակը հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի այս յայտարարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ` խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին համար: