Մինաս Մինասեանի Յիշատակին

0 0
Read Time:2 Minute, 44 Second

Կիրակի Յունիս 10, 2018-ին, սրտի դառն կսկիծով ստացանք մեր սիրելի ընկերոջ՝ Մինաս Մինասեանի մահուան բօթը:

Մինաս Մինասեան ծնած է հալէպ 1936 թուականին զաւակը՝ Տեր եւ Տիկ. Եզեկէլ եւ Վարդուհի  Մինասեաններու: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ հալէպի Հայկազեան նախակրթարանէն ներս ապա` քանի մը տարի կը յաճախէ հալէպի այդ օրերուն համբաւաւոր Ամերիկեան Քոլէճ: Հանգամանքներու բերմամբ, կիսատ ձգելով իր ուսումը ընտանիքի մնացեալ անդամներուն (մայր, երկու եղբայր եւ երկու քոյր) հետ կը տեղափոխուին Պէյրութ (Լիբանան): Նախքան ընտանիքի անդամներուն Լիբանան փոխադրուիլը հայրը՝ Եզեկէլ Մինասեան դարձեալ հանգամանքներու բերմամբ, ժամանակաւորապէս մեկնած էր Փարիզ (Ֆրանսա): Լիբանան փոխադրուելէ ետք Մինաս, որպէս ընտանիքի երէց մանչ զաւակը, ընտանիքի ապրուստը հոգալու նպատակով կը նետուի ինքնաշարժներու նորոգման արհեստի ասպարէզ: Քանի մը տարի Լիբանան ապրելէ ետք, 1964-ին Մինասեան ընտանիքը կը տեղափոխուի Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներ ի վերջոյ հաստատուելով Ուոթըրթաունի մէջ ուր իրենց կը միանայ նաեւ հայրը՝ Եզեկէլը: Ամերիկայի մէջ եւս Մինաս կը շարունակէ ինքնաշարժներու նորոգութեան իր աշխատանքը: 1969-ին կ՛ամուսնանայ Մարիային հետ եւ կը կազմեն ուրախ ամուսնական իրենց բոյնը: Կարճ ժամանակ վերջ, Մինաս կը հիմնէ ինքնաշարժներու նորոգութեան իր աշխատանոցը եւ մեծ յաջողութեամբ կը վարէ աշխատանքները մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը:

Կարելի չէ Մինասը ներկայացնել վերոյիշեալ անձնական եւ ընտանեկան տուեալներով միայն որովհետեւ այդ պիտի ըլլայ անբաւարար բացայայտելու Մինաս մարդն ու ազգայինը: Շատ քիչեր գիտեն Մինասի իսկական էութիւնն ու նախքան Միացեալ նահանգներ փոխադրուիլը ազգանուէր իր գործունէութեան բեղուն հանգրուաններուն մասին: Իր կեանքի վաղ պատանեկան տարիներուն եթէ Մինասը կը ճանչնային որպէս Ընկ. Եզեկէլի աւագ մանչ զաւակը (խօսքը այդ օրերու Սուրիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կուսակցական կեանքին մէջ լուսարձակներէ հեռու գործող դէմքերէն ընկ. Եզեկէլի մասին է) շատ արագ սակայն ան իր համարձակութեամբ, վտանգին ընդառաջ ցուցաբերած խիզախութեամբ, փայլուն մտքով, օտար լեզուներու իմացութեամբ եւ նորութիւններ ընկալելու բացառիկ հմտութեամբ կը վայելէ Հ.Յ.Դ կուսակցական պատկան մարմիններու անվարան վստահութիւնը: Այս առանձնայատկութիւնները տեսնելով է, որ այդ օրուան պատասխանատուները Մինասին կը վստահին պարտականութիւններ, հանգամանքներ, առաքելութիւններ եւ գործուղումներ որոնց համար ընդհանրապէս նկատի կ՛առնուէին աւելի երէցներն ու փորձառուները:

Մինաս իր գործով կրցած էր իր շրջապատին ապացուցել, որ անձնուիրութիւնն ու ազգանուիրութիւնը տարիքային սահմանափակումներ չեն ճանչնար:  Հաւատքն ու կամքն է, որ անձնուիրումի եւ անձնազոհութեան ճամբով կ՛ուղղէ մարդը դէպի մարդկային գերագոյնը զոհաբերելու խորան: Ահա այս էր պատճառը, որ Մինաս կրցած էր շահիլ իր շրջապատին եւ կուսակցական ընկերներուն համակրանքն ու վստահութիւնը: Իր հասակակիցներն ու իրմէ տասնեակ տարիներ աւելի երէցները հաւասարապէս` կը սիրէին ու կը յարգէին զինք:

Մինաս կը պատկանԷր եզակիներու այն փաղանգին, որուն անդամներուն վիճակուած էր բեմահարթակներու շլացնող լուսարձակներէ հեռու լուռ ու մունջ եւ անտրտունջ, Հ.Յ.Դ.-ի ճամբով ծառայել ազգին: Ներկայ էին անոնք ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ արձագանգելու Հ.Յ.Դ.-ի կոչին, անհատական ճանաչման առանց դոյզն իսկ ակնկալութեան: Այցեքարտ չունէին անոնք: Անոնց միակ այցեքարտը ազգանուէր գործին բարեյաջող ընթացքով ու աւարտով էր ապացուցուած:

Մինաս բացառիկ յիշողութեան տէր անձնաւորութիւն մըն էր: Մինչեւ վերջերս, իր մահէն օրեր առաջ, կը յիշԷր ու կը յիշեցնԷր իր կեանքի վաղ տարիներու ընթացքին պատահած դէպքերու յետին մանրամասնութիւններ, որ շատ յաճախ նոյնիսկ տուեալ դէպքի մասնակիցի մտքին մէջ անոնք սկսած էին մշուշոտիլ: Դէմքերու, դէպքերու եւ անուններու համայնագիտարան մըն էր Մինասի միտքն ու յիշողութիւնը: Կարճ հանդիպում մը Մինասին հետ բաւարար պիտի ըլլար, որ անոր մտքին մէջ ընդմիշտ քանդակուԷր անձի դէմքն ու անունը:

Մինաս ընկերասէր էր բառին իսկական առումով: Ընկերական շրջանակի մէջ փնտռուած անձնաւորութիւն էր իր զուարթախօսութեամբ եւ մանաւանդ՝ անցեալի դէպքերէն ու դէմքերէն հաւաստի դրուագներ պատմելու իր բացառիկ կարողութեամբ:

Սիրելի Մինաս, վստահ եղիր, որ ընտանիքդ, բարեկամներդ ու ընկերներդ յաւիտենապէս պիտի յիշեն քեզ ու քու բարի դէմքդ:

Երկնային լոյսերու մէջ անմահանաս սիրելի ընկեր:

Սգակիր ընկեր

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles