
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ («Ամերիկայի ձայն»).- Մայիս 16, 2017-ին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի` Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն դէմ յարձակում գործած խումբի երկու անդամներ ընդունած են իրենց մեղքը: Յարձակումներ եւ խոշտանգումներ կատարած Սինան Նարինն ու Էյուփ Եըլտըրըմը, որոնք կը բնակին Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա եւ Նիւ Ճըրզի նահանգներուն մէջ, խոստովանութեան շնորհիւ միայն մէկ տարուան բանտարկութեան պիտի ենթարկուին: Հակառակ պարագային անոնք կրնային մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Նշենք, թէ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան դէմ բողոքող խաղաղ ցուցարարներու խումբը յարձակումի ենթարկուած էր, եւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով վիրաւորուած էին 9 անձեր: