
Read Time:1 Minute, 26 Second
Հուրի Մինոյեան
Երեւան
Վերջին օրերուն տեղի ունեցած դաժան իրադարձութիւնները ցոյց կուտան, որ միասնութիւնը այն մեծ ուժն է, որուն դէմ անզօր են ցանկացած ոսոխի անարդար ու անմարդկային ծրագիրներու յաջողութիւնը։
Թուրքիոյ քաղաքականութեան արմատը փանթուրքիզմի սայթաքումն է, որ այս օրերուն, կը մղէ թշնամին անմարդկային հարուածներ հասցնելու՝ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ։ Մինչ աշխարհը եւ տարածքային կայունութեան «երաշխաւորները» մեզ կը յիշեցնեն, Հայ մեծ բանաստեղծ Յ. Շիրազի «Ամենայն սրտով բողոքում եմ ես մարդու անարդար վճռի համար», ինչպէս նաեւ Ա. Ահարոնեանի «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող որ թքնեմ ես քո ճակտին» խօսքերը: Հեռուէն ականատեսի լուռ դերով կը դիտեն ու կը դիտեն…: Մինչ հայոց բանակի հզօր հերոսներն ու մարտիկները սխրանքներ կ՛իրագործեն մարտի դաշտին վրայ, քաջաբար՛ պաշտպանելով ամէն մէկ թիզը հայրենի սուրբ հողին։
Հայկական կազմակերպութիւններուն անդամակցելով, շունչ առած մեր հայրենասիրութիւնը, կրկին կը ցուցաբերէ իր ուժը սփիւռքի բոլոր անկիւններուն եւ ամպիոններուն վրայ, անգամ մը եւս բարձրացնելով՝ Արցախի ինքնորոշման, ճանաչման, եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքի արդար պատճէնը։
Այսպէս «Կ՚երդնում պատւոյս եւ հայրենիքիս վրայ, որ բոլոր ուժերովս եւ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով, ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին» ըսինք ու հաւատքով հասունցանք։ Այս խորիմաստ բառերը տասնապատիկ ամրապնդուեցան մեր սրտերուն մէջ, երբ պատերազմի առաջին վայրկեանէն իսկ մեր ընկերները յաղթանակով տրամադրուած ուղղուեցան դէպի ճակատ, գործադրելու ու կատարելու իրենց երդման պարտքը։
Թշնամին, խախտելով 10 եւ 18 Հոկտեմբերի հրադադարները, շարունակաբար կը փորձէ կոտրել մեր կամքն ու ոգին, նաեւ իր կեղծիքների տարածումով, սակայն, ինչպէս միշտ, մեր ազգը կը մնայ անկոտրում, խիզախ, եւ պատրաստ յաղթահարելու ամենէն թէժ ու ծանր մարտերը առաջնագիծի եւ համայն սփիւռքի տարածքին։ Պիտի շարունակենք զգօնութեամբ իրականացնել մեր ազգային ձգտումները, յիշելով մեր անմահ հերոսները եւ վճռականօրէն շարունակելով իրենց սկսած սուրբ գործը։
Պայքարի ծանրութիւնն ու ցաւը, կ՛արդարացուին վերջնական յաղթանակով, բայց յաղթանակի իմաստը յաւերժական յաղթանակի ցնծութիւն պիտի դառնայ մեր համայն ազգի պատմութեան նոր էջերով:
Յաղթանակը մե՛րն է:
Յաղթելո՛ւ ենք:
Big Bravo Hoori I want to hear from Youth’s all over the world (wake up Armenian Youths ) this is 2nd massacre !!!
‘