ՄԻ՛ ԴՊԻՔ, ԴՐՕՇԱԿԻՆ ՄԻ՛ ԴՊԻՔ

0 0
Read Time:4 Minute, 45 Second

FLAG 2  Ե. ՔԱՄԱՌ

Տիթրոյթ, Միշիկըն

1968, “Հայրենիք“

 

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ արիւնի ու մահուան մկրտութիւն մը եղաւ ապագայ այս մեծ հանրապետութեան համար: Մտքի եւ հոգիի յաւիտենականութեան, ստեղծագործող աշխատանքի, խաղաղութեան ու ազատութեան կարգախօսով:

Անձնուրացութեան եւ խիզախումի հրաշապատում դրուագներ, անօրինակ ու անճառելի հերոսական էջեր կան արձանագրուած այդ արիւնագիր պատմութեան մէջ…

Հարաւի պահ մը յաղթական բանակները փոշեթաթաւ ու պարտասած, առաջնորդութեամբ իրենց հրամանատար Թամըս Ճէքսընի, կը մտնեն Ֆրէտերիք աւանը, ուր ազգաբնակչութիւնը, մեծովևպզտիկով կռուեցան նեղ փողոցներուն մէջ, մեծ դուռներուն ետեւէն, տանիքներու վրայէն, ապակիներէ ջարդ ու փշուր եղած պատուհաններուն ետեւէն…

Փողոցի մը հեռաւոր անկիւնին վրայ կանգնած երկյարկանի  տան մը պատշգամէն վար, տակաւին կը ծածանէր Աստղազարդ դրօշակը, որուն ի տես հրամանատարը զայրոյթով կը հրամայէ կրակ բանալ այդ “լաթ“ին վրայ:

Ու հրացանները կը պայթին:

Ու հրացանները կը պայթին, գնդակները կը սուլեն դէպի պատշգամը: Դրօշակին ճղակտոր ձողը ճռնչելով թեւաթափ արծիւի պէս, արեան եւ մահուան քրտինքներու մէջ, կը յամենար տակաւին մնալ իր հանգոյցին վրայ: Այդ պահուն, իննըսուն տարեկան Պարպարա Ֆրիչի անունով պառաւ մը, գզգզուած, ճերմակ մազերը հովին տուած, կը վազէ ու կը բարձրանայ պատշգամին վրայ, կը խլէ կէսով կախուած դրօշակը ու կը պոռայ հրամանատարին եւ իր զինուորներուն.և

և Հէ՜յ, անաստուածնե՛ր…ջախջախեցէք եթէ կ՛ուզէք, պայթեցուցէք իմ գլուխս, բայց մի՛ դպիք, ա՜խ, մի՛ դպիք ձեր երկրին դրօշակին…

Եւ պատմութիւնը կ՛ըսէ թէ` ամօթահար ու գլխիկոր հրամանատարը կը շարունակէ իր ճամբան ու կ՛աներեւութանայ աւանէն դուրս բլրակի մը ետեւ, իր զինուորներով:

Արեան ճանապարհով…

 

 

Չորս հազար տարի է, որ մեր ժողովուրդը մոլեռանդ աւանդութեամբ մը հաւատացեր ու սրտովին փարեր է հայոց պատմութեան արիւնով գրուած վախճանական մեր իրաւունքներուն: Արիւն մը, որ անկորնչելի ու անսխալական ձայն մը ունի: Արիւն մը, որ դարերով, և փոթորկայոյզ երկար դարերով և, ուղղութիւն տուած է ցեղին յաւերժականութիւնն հաստատող բարոյական իմաստութեամբ ու կենցաղով…

Ո՞ր մէկ ճշմարիտ հայն է, որ կը տարակուսի  թէ կարելի է այլեւս լռեցնել ու խոչընդոտ հանդիսանալ հոգեշարժի վերածուած մեր ժողովուրդի երթին դէպի ամբողջական ազատութիւն, դէպի յաւերժութիւն…

Ազատատենչ հայութիւնը անշեղ կերպով կը հաւատայ թէ` ազգերու “քաղաքականութիւնը“ կը ձեւակերպուի, կը ճշդուի, կը մեկնաբանուի իրենց ստեղծած պատմութեամբ: Ու հարկ եղած պարագային կը դիմեն անխարդախ ու անսխալական այդ պատմութեան լուսարձակին: Որովհետեւ պատմութիւնն ունի իր տրամաբանութիւնը եւ ի վերջոյ ամէն արդարութիւն, ամէն ճշմարտութիւն, մանաւանդ ամէն իրաւունք այդ տրամաբանութեան մէջ են թաղուած…

Հայրենիք եւ ազատութիւն ամէն բանէ վեր են մեզի պէս հալածուած ու տանչահար ժողովուրդին համար:

Հայ ազատատենչ մարդը, մանաւանդ Դաշնակցական մարդը, որ արիւնոտ ու դժուարին պատմութիւն է կերտած, դատ մը ունի չլուծուած, ազատութեան դատ մը, որուն յաղթանակին համար պատրաստ է անսակարկօրէն պայքարելու եւ զոհուելու…:

 

 

Մեր նորագոյն պատմութեան նուիրական Օրն է Մայիս 28ը, Հայաստանի անկախութեան ծննդեան Օրը, որ հպարտութեամբ կը լեցնէ հայ ժողովուրդի հոգին այնքան չարչարուած դարերէ ի վեր:

Յիսուն տարի է, որ Մայիս 28ը կը տօնախմբուի ամէն տեղ, հոն ուր հայութեան մէկ բեկորը հաստատուած է: Բոլոր ազգերն ունին իրենց ազատութեան ու անկախութեան տօնը, զոր կը տօնեն առանց քաղաքական վէճերու եւ թնճուկներու մէջ մտնելու:

Մայիս 28 հայոց անկախութեան թուականը, առարկայօրէն եւ իբրեւ պատմական փաստ կարելի չէ ուրանալ: Ի՜նչ որ ալ ըլլան մեր համոզումները, անկարելի է ժխտել զայն: Մայիս 28ը հայոց պատմութեան մէջ նոր դարաշրջանի մը մէկ լուսաւոր էջն է: Մեր անձնական համոզումներէն, մեր ընդունելէն կամ մերժելէն կախում չունի ան:

Վեց հարիւր տարի մեր ժողովուրդը արիւնոտ ստրկութեան կեանք մը ապրեցաւ ու միշտ երազեց ազատութեան մասին: Ու ահա՛, Մայիսեան Օր մը, հայ ժողովուրդը առանց դաւանանքի ու դասակարգի խտրութեան, մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի ծառացաւ նամարդ թշնամուն դէմ եւ Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի դաշտերուն մէջ մղեց ճակատամարտերուն ամենէն արիւնոտը եւ յաղթանակով հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը:

Ու այսպէ՜ս Մայիս 28ի Օրը, հայոց Անկախութեան Օրը դարձաւ նուիրական Օր մը, զոր ամէն տարի կը տօնէր ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներուն մասնակցութեամբ անխտիր մինչեւ երեսունական թուականը…:

Եւ սակայն անկէ ասդին պատմութեան ընթացքը շրչեցաւ: Այլափոխուեցաւ ու աղճատուեցաւ հայոց նկարագիրը, ստրկութեան ճահիճներուն մէջ թաւալող մարդիկ եւ օտարամուտ խմբակներ, ո՛չ միայն կ՛ուրանան Մայիս 28ի արեւաշող փաստը, այլեւ իրենց հոգիներուն բովանդակ մաղձով կը մերժեն զայն, սեփականութիւնը դարձնելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Որպիսի՜ փառք ու պատիւ մեր կազմակերպութեան:

Ա՜խ, ի՜նչ շուտ մոռցան մեր սրբազան մեռելները, եւ անոնց եղերական պատմութիւնր: Ինչքա՜ն գռեհկացան Երեւանի հաշւոյն զանազան միջնորդներ եւ մունետիկներ, որոնք լղրճեցին հայոց անկախութեան յիշատակը, անարգեցին թափուած արիւնը, շահուած յաղթանակը ու վերջապէս բոլոր տենչերն ու ազգային սրբութիւնները, ուրացան, ա՜խ, ուրացա՜ն մեր պատմական երկունքը, դժոխային պայմաններու մէջ մեր ժողովուրդին օրհասական պայքարը, նախնական միջոցներով յառաջ տարած հերոսական խոյանքը ու այս բոլորէն վեր ծնունդ առած նուիրական Եռագոյն Դրօշակը…:

Ապրիլեան Եղեռնի արիւնոտ թուականէն ազատուած սերունդն ենք: Մեր աչքերով ու հոգիով տեսանք ու ապրեցանք մեր սիրելիներուն մահուան ամբողջական զարհուրանքը: Մեր ծնողազուրկ պատանեկան օրերուն, մեր լամբակներուն վրայ հպարտութեամբ կը կրէինք մեր ազգային դրօշակին եռագոյն երիզները: Այդ օրերուն կարելի՞ էր գտնել հայ մը, որ յանդգնէր յայտարարելու թէ` Դաշնակցութեան Դրօշակն է ան…:

 

 

Ամբողջ սերունդ մը կ՛անհետանայ մեր աչքերուն առջեւ, ամայացնելով քաղաքական թէ մտաւոր անդաստանը օտարութեան մէջ: Այս պայմաններու տակ յիսուն տարիէ ի վեր Սփիւռքի տարածքին ցրուած ու հաստատուած ազատատենչ հայութեան մեծագոյն զանգուածը օր մը օրանց բնաւ իր միտքէն չանցուց ազգային մեր Եռագոյն դրօշակը գործածել իբրեւ մարտակոչ: Կարելի՞ էր այլ վլրաբերում ունենալ…:

Յիսուն տարի եւ աւելի մեր հիմնական նպատակը ու մտահոգութիւնը եղած է ու այսուհետեւ ալ պիտի մնայ ոչ միայն փրկել անհետացող սերունդին թողուցած բազմակողմանի վաստակը, այլ զօրաշարժի պիտի ենթարկենք մեր բոլոր ուժերը, որպէսզի անտէր չմնայ սրբազան ժառանգութիւնը: Պիտի յիշենք ու յիշեցնենք մեր երէկուան պատմութիւնը, չմոռնալու համար մեր մեռելները եւ անոնց եղերական պատմութիւնը:

Պիտի կազմակերպուինք գործելու համար բոլոր ճակատներու վրայ, աւելի՛ խանդավառ ու աւելի՛ վճռական: Պիտի յիշենք ու յիշեցնենք Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանը, ուր հազարևհազարներու թափած արիւնէն ծնունդ առաւ ու մկրտուեցաւ Ազգային Եռագոյն Դրօշակը ու նաեւ ամէն անոնք` որոնք բռնավար գացին մեր մեծ երազը իրենց արիւնով արշալուսելու…:

Ինչպէս յիսուն տարի առաջ, այսուհետեւ եւս ազատատենչ հայութիւնը իր սրտին ու հոգիին մէջ ծրարուած պիտի պահէ մեր Անկախութեան ու Ազատութեան խորհրդանիշ նուիրական Եռագոյն Դրօշակը, մնալու համար ժի՛ր, ըմբո՛ստ եւ տոկո՛ւն, որպէսզի կարենանք մեր իրաւունքները պահանջել ու պաշտպանել ճակատաբաց…:

Այս հաւատքով կ՛ողջունենք հայոց Անկախութեան ու Ազատութեան Յիսնամեակը:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles