
Ապրիլ 6, 2013-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կազմակերպած միօրեայ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի կողքին 8 երկիրներու` Իրանի (Թեհրան, Սպահան եւ Թաւրիզ), Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քուէյթի, Կիպրոսի եւ Լիբանանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամներ, հայ ազգային կուսակցութեանց եւ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ:
Վեհափառ հայրապետը բացումը կատարելով այս խորհրդաժողովին` իր գնահատանքը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, իր այս նախաձեռնութեան համար: Անդրադառնալով 100-ամեակին, վեհափառը ըսաւ. “100-ամեակը որոշ ժամանակաշրջանի մէջ ամփոփուող ձեռնարկներու կամ ծրագիրներու ամբողջութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ ընթացք մը` 2015-էն առաջ սկսող ու շարունակուող: Կրկնութիւններէ ու խաչաձեւումներէ պէտք է խուսափիլ: Մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ իրապա՛շտ ու գործնապաշտ“: Անդրադառնալով Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովին գումարած ժողովին իր արտասանած խօսքին` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց ըսելով. “Երեք բառեր շեշտեցի. ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ եւ ՊԱՀԱՆՋԵԼ: Իմ հայեցողութեամբ, մեր մօտեցումն ու ծրագրումը Ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներուն այս երեք բառերու լոյսին տակ պէտք է կատարուին: Արդարեւ, 100 տարի շեշտը դրինք յիշելու վրայ: Մոմ վառեցինք, ոգեկոչման երեկոներ կազմակերպեցինք, գիրք տպեցինք: Կարեւոր են այդ բոլորը, որպէսզի մեր նոր սերունդները մեր նահատակներուն նուիրական կտակով ու ոգիով թրծուին: Սակայն միայն այդ կէտին վրայ պիտի չկեդրոնանանք: Հարիւր տարի յիշեցուցինք` ցոյցեր կազմակերպելով, լոպիինկի աշխատանքներ կատարելով եւ մեր ձայնը լսելի դարձնելով: Նոյնը պիտի ընենք բնականաբար տարբեր մօտեցումներով: Սակայն, անհրաժեշտ է, որ մենք շեշտը դնենք պահանջատիրութեան ու հատուցման վրայ“:
Ապա, վեհափառ հայրապետը յիշեցնելէ ետք ներկաներուն, թէ անցեալ տարուան ընթացքին, վեհարանի նոյն այս դահլիճին մէջ միջազգային համագումար մը տեղի ունեցած էր, որուն մասնակցած էին հայ եւ օտար իրաւագէտներ ու փաստաբաններ, շեշտեց, որ “այսօր մենք պէ՛տք ունինք մասնագէտ իրաւագէտներու, որպէսզի միջազգային ատեաններուն դիմաց կարենանք ճիշդ ձեւով մեր Դատը ներկայացնել, պաշտպանել ու հետապնդել“:
Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ներկաներուն յիշեցուց, թէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հարցը ամբողջ հայութեան հիմնահարցն է: Եւ առ այդ` “պէտք է միասնական ճիգով աշխատինք: Կրնայ ըլլալ մօտեցումները, շեշտաւորումները տարբերին իրարմէ. երբեմն պէ՛տք է տարբեր ըլլան: Չմոռնանք, որ Հայաստանը պետութիւն է, իսկ սփիւռքն ալ` սփիւռք: Պետութիւնը սփիւռքի եւ սփիւռքը պետութեան լեզուով պիտի չխօսին: Իւրաքանչիւրը իր ըսելիքն ու ընելիքը ունի: Տարբեր մօտեցումներու միջեւ պէտք է ներքին ներդաշնակութիւն ու համադրում ըլլայ, այլ խօսքով պէտք է մի՛ակամ ծրագրենք ու գործենք` ամուր կերպով կառչած մնալով պահանջատիրութեան“: Ապա, վեհափառ հայրապետը աւելցուց. “Սպասումս է, որ այս հայեցակէտով ու նպատակասլաց մօտեցումով գործէ 100-ամեակի թէ՛ համազգային եւ թէ բոլոր յանձնախումբերը, այլ խօսքով‘ միասնականութեան եւ պահանջատիրութեան ամրօրէն կառչած մնալով“:
Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ Հարաւային Ամերիկան, Ափրիկէն ու Ծայրագոյն Արեւելքը եւս պէտք է Հայ Դատի աշխատանքներուն ծիրէն ներս առնուին:
Միջին Արեւելքին անդրադառնալով` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ “Միջին Արեւելքը մեզի համար կարեւոր ենթահող է: Այս ծիրին մէջ, հիմնական երեք կէտերու պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, ըսաւ վեհափառը.
ա) Իսլամական աշխարհին մէջ Հայ Դատի հետապնդումը տարբեր մօտեցում կը պահանջէ, մանաւանդ որ մեր թշնամին իսլա՛մ է: Իսլամութեան ինչպէ՞ս պիտի ներկայացնենք մեր հարցը: Պէտք է ուշադրութեամբ քննենք եւ ուսումնասիրենք մեր միջավայրին մէջ կատարուող իրադարձութիւններն ու գոյութիւն ունեցող զգայնութիւնները եւ ճիշդ կերպով կարենանք ներկայացնել մեր դատը իսլամ աշխարհին:
բ) Թուրքիոյ հետզհետէ զօրացող ու ներթափանցող ներկայութիւնը շրջանին մէջ լուրջ խնդիր է: Շրջանի տարբեր երկիրներու նախագահներու եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներուս ընթացքին, միշտ կը յիշեցնեմ անոնց` ըսելով, թէ “Թուրքիոյ դիմաց ձեր դռները շատ լայն բացած էք, օրը պիտի գայ ու պիտի անդրադառնաք ձեր կատարած սխալին: Թուրքիան տարբեր դիմակներ կը գործածէ“: Հետեւաբար, պէտք է ըլլանք արթուն. ցեղասպանը մօտէն կը հետեւի մեր քայլերուն: Թուրքիոյ կատարած ու կատարելիք միջամտութիւններուն դիմաց պիտի չնահանջենք ու չտկարանանք:
գ) Ցեղասպանութիւնը անցեալին պատկանող դէպք մը չէ: Սփիւռքը Ցեղասպանութեան հետեւանք է, եւ որոշ իմաստով Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի… Այս գիտակցութեամբ պէտք է գործենք“:
Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ըսաւ. “Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման աշխատանքները երեք տարածքներ ունին` պատմական, քաղաքական եւ իրաւական: Ժամանակը հասած է, որ առանց անտեսելու առաջին երկուքը, յստա՛կ առաջնահերթութիւն տանք իրաւական երեսին: Այս գծով հսկայ աշխատանք ունինք կատարելիք“: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս աւելցուց. “Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պաշտպանը եղած է միշտ Հայ Դատին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն: Նոյն ոգիով պիտի շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ ի խնդիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման բոլոր աշխատանքներուն, որովհետեւ Հայ ժողովուրդին դատը` Հայ եկեղեցւոյ դատն է“:
Վեհափառ հայրապետին բացման խօսքէն ետք, խորհրդաժողովին մասնակիցները, Թանգարանին “Կիլիկիա“ սրահին մէջ սկսան իրենց հանդիպումին, որուն բացման ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան յայտնեց, որ պատահական չէ, որ այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ` աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը կու գայ սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը նկատուող Լիբանանէն:
Ան ըսաւ, որ Հայաստան եւ սփիւռք միասնական հետեւողական աշխատանքի ճամբով ծրագիրները պէտք է հիմնուին յստակ ռազմավարութեան մը վրայ.
1) Տեղական բնոյթի ձեռնարկներ.
2) Հայաստան-սփիւռք միացեալ ձեռնարկներ.
3) Հայաստան միջազգային յարաբերութիւններով ձեռք բերուած ձեռնարկներ.
Ապա խօսք առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն` Հայկ Դեմոյեան, որ նշեց, այսօր կ՛արձանագրենք եւս մէկ կարեւոր փուլ ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութեան մէջ: “Այսօր նոր ձեւաչափ կը ստեղծենք շրջանային մակարդակով հետապնդելու 100-ամեակի վերաբերեալ աշխատանքները“, ըսաւ ան:
Դեմոյեան յայտնեց, որ “հայկական հատուածական ռազմավարութիւն չի կրնար ըլլալ, մենք տարբեր լեզուներով խօսելու իրաւունք չունինք: Այսօր կ՛օգտագործենք տարբեր եզրեր ու բառեր, սակայն աշխարհի վրայ չկայ հայ մը, որ չգիտնայ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր ընելիքը: Մենք գիտենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կարգ մը հետեւանքները չենք կրնար վերացնել, ինչպէս` զոհեր, քանդուած եկեղեցիներ, սակայն գլխաւոր հետեւանքը հողի կորուստն է, մնացեալը լուսանցքային են“` աւելցնելով, որ մեր պայքարը միացեալ աշխատանքի պայքար է:
Ան նշեց, որ “մեր հայկական լսարանին մէջ եւս ընելիք ունինք: Մենք մեզ չհամոզենք, որ 2015-ի տեղի պիտի ունենայ գլխաւոր ճակատամարտ: Այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ, երբ յաղթանակը տեսանելի դառնայ“: Դեմոյեան կոչ ուղղեց միասնական ըլլալու եւ հատուածականութեան մերժման:
Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ողջունեց “այս աննախադէպ շրջանային տարողութեան խորհրդաժողովը` նշելով, որ Լիբանանը առաջինն էր, որ ընդառաջեց Հայաստանի նախագահի կոչին եւ ստեղծեց 100-ամեակի տեղական մարմին: Ան նշեց, որ այս խորհրդաժողովը կարելիութիւնը կու տայ մեր կատարածները քննելու եւ ընելիքները ծրագրելու:
Առաջին նիստը վարեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ` Շահան Գանտահարեան: Շրջաններու տարած աշխատանքներուն մասին զեկուցումներու յատկացուած նիստի առաջին մասին մէջ զեկուցումներ ներկայացուեցան Իրանի Թեհրան, Սպահան եւ Թաւրիզ քաղաքներուն եւ Իրաքի մէջ կատարուած աշխատանքներուն մասին: Նիստի Բ. մասին ընթացքին ներկայացուեցան Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Կիպրոսի շրջաններու զեկուցումները:
Երկրորդ նիստը վարեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ Յակոբ Կերկերեան: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շրջագիծին մէջ 2015-ին իրագործուելիք ծրագիրները, որմէ ետք 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչ Սեդա Խտըշեան ներկայացուց Լիբանանի ծրագիրն ու առաջարկները: Ապա շրջաններու ներկայացուցիչները խօսեցան իւրաքանչիւր երկրի ներքին ծրագիրներուն եւ գործունէութիւններուն մասին:
Նիստի երկրորդ բաժինով ներկաները խորհրդակցեցան համագաղութային եւ միաձեւ բնոյթի ու բովանդակութեամբ ձեռնարկներ իրագործելու կարելիութիւններուն շուրջ: Այստեղ շեշտուեցաւ նպատակները բիւրեղացնելու կարեւորութիւնը, դիւանագիտական-քաղաքական գործունէութիւնը շեշտակի դարձնելու այժմէականութիւնը, աշխատանքներու համադրումի եւ ուժերու մէկտեղման կարիքը, ինչպէս նաեւ մարմիններուն միջեւ գործունէութեան կազմակերպական կառուցուածքի խնդիրներն ու աշխատելաոճը:
Նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, “Հայ Դատը միջազգային ատեան ներկայացնելու միջոցներ, իրաւական թղթածրար, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի կարողականութիւնն եւ գործակցութեան կարելիութիւնները“ նիւթին շուրջ զեկուցեցին Հայկ Դեմոյեան եւ 100-ամեակի պետական յանձնաժողովի անդամներ Կիրօ Մանոյեան ու Եղիկ Ճերէճեան: Զեկուցումներուն յաջորդեցին քննարկումներ եւ միտքերու փոխանակում: Համաժողովի մէկ գլխաւոր հատուածը յատկացուած էր Ցեղասպանութեան իրաւական թղթածրարին, միջազգային օրէնքի հիման վրայ հատուցումներ պահանջելու հրամայականին, սփիւռքի կարողութիւններուն եւ գործակցութեան կարելիութիւններուն:
Եզրափակիչ նիստի ընթացքին փակման խօսքերով հանդէս եկան վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Գէորգ Թ. Ծ. վրդ. Եղիայեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ հայ աւետարանական համայնքին կողմէ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: