ԱմերիկահայԼրահոս

ՄԷՅՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆ ՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՃԱՆՉՑԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

anca maine  ՕԿՈՒՍԹԱ (Մէյն).- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10-ին, Մէյն Նահանգի խորհրդարանն ու Ծերակոյտը վաւերացուցին միացեալ բանաձեւ մը, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Ասոր կողքին, Մէյնի խորհրդարանն ու Ծերակոյտը կոչ ըրին

Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն եւ Քոնկրէսին, որ իրենց կարգին “նեցուկ կանգնին Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին ու անոր ժողովրդավարական անկախութեան“:

Ձախէն աջ` Ճոն Թըրքոթ, Էփի Պալեան, Տրու Կեթին, Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ, Սքոթ Համըն, Սարա Կիտիըն, Միշէլ Յակոբեան եւ Փօլ Բրուտեան
Ձախէն աջ` Ճոն Թըրքոթ, Էփի Պալեան, Տրու Կեթին, Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ, Սքոթ Համըն, Սարա Կիտիըն, Միշէլ Յակոբեան եւ Փօլ Բրուտեան

Բանաձեւին մէջ նշուած է, թէ Ուաշինկթըն պէտք է “շինիչ մասնակցութիւն բերէ ռազմավարականօրէն կարեւոր այդ տարածաշրջանին մէջ արդար ու երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու աշխատանքին“:

Բանաձեւը ներկայացուած էր Սքոթ Համընի կողմէ, իսկ անոր թիկունք կանգնած էին զայն համահովանաւորած էին Տրու Կեթին եւ Սարա Կիտիընը:

“Հպարտ եմ, որ նահանգս` Մէյնը, նեցուկ կը կանգնի Արցախի ժողովուրդի ինքնորշման իրաւունքին, ապահովելու համար անոր ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ անկախութիւնը: Կը յուսամ, որ այլ նահանգներ եւս կը հետեւին մեր օրինակին“, յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներէն` Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ` յիշեցնելով, որ Ռոտ Այլընտ (Մայիս 17, 1012ին) եւ Մասաչուսէց (Օգոստոս 6, 2012ին)  նահանգները արդէն իսկ նման բանաձեւեր վաւերացուցած են:

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Միշել Յակոբեան դրուատեց Մէյնի նահանգային խորհրդարանի ու Ծերակոյտի այս քայլը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բանաձեւի վաւերացման համար աշխատանք տարած Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթին:

Հեղինակ եւ իրաւաբան` Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ, Պաքուի ջարդերէն վերապրող մըն է, եւ այս բանաձեւի իրականացման համար մօտէն գործակցած է Սքոթ Համընի հետ:

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button