Մէկ Քրիստոս, Բայց Բաժնուած Եկեղեցիներ..
(Քաղկեդոնէն մինչեւ մեր օրերը․ բաժանում, երկխօսութիւն եւ հաշտեցում)
.

Թաուատ¬րոս Բ. Ղպտի եկեղեցւոյ պապը Կ.Պոլիս՝ Ֆանարի մէջ
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
Առկայ յօդուածին սկիզբը պիտի ուզէինք երկու եզրեր յստակացնել ընթերցումը աւելի դիւրըմբռնելի դարձնելու նպատակով։ Մին Արեւելեան ուղղափառ (Eastern Orthodox) կամ Արեւելեան քաղկեդոնական եկեղեցիներ բառակապակցութիւնն է, իսկ միւսը՝ Արեւելեան հին ուղղափառ (Oriental Orthodox) կամ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներ անուանումը։ Եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ այս աւանդութիւնները թէպէտ նոյն հաւատքին մէջ էապէս մէկ են, սակայն դարեր շարունակ իրարմէ անջատ զարգացումներ ունեցան դաւանաբանական, եկեղեցաբանական եւ վարչական հիմնահարցերու շուրջ ստեղծուած տարակարծութիւններու պատճառով, որոնք մեծաւ մասամբ հետեւանք էին լեզուական, մշակութային եւ եկեղեցաքաղաքական թիւրիմացութիւններու։
451 թուականը Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը նկատուի իբրեւ կարեւոր, բայց միեւնոյն ժամանակ տխուր ու ցաւալի հանգրուան մը։ Այդ տարի Կոստանդնուպոլսոյ մօտակայ Քաղկեդոն աւանին մէջ գումարուեցաւ Տիեզերական չորրորդ Ժողովը։ Ընդհանրական եկեղեցւոյ այս դարակազմիկ համագումարին կեդրոնական հարցը Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն փոխյարաբերութեան վերաբերող հաւատքի սկզբունքներն էին։ Թէեւ ժողովը կը ձգտէր պահպանել Եկեղեցւոյ հաւատքի միութիւնը եւ յստակ կերպով ձեւակերպել ուղղափառ դաւանութիւնը, սակայն անոր որոշումները բոլոր մասնակիցներուն կողմէ նոյն կերպով չընկալուեցան եւ չընդունուեցան։
Այս իրադարձութենէն ետք սկիզբ առաւ բաժանում մը առաքելական աւանդութիւն ունեցող եկեղեցիներուն միջեւ, որուն հետեւանքները ցայսօր կը շարունակեն ազդել քրիստոնէական աշխարհին վրայ։ Բիւզանդական կայսրութեան եկեղեցիները ընդունեցին Քաղկեդոնի ժողովին որոշումները, եւ հետագային անկէ կազմաւորուեցաւ Արեւելեան ուղղափառ աւանդութիւնը։ Մինչդեռ Արեւելքի այլ հնագոյն եկեղեցիներ, ինչպէս Հայ, Ասորի, Ղպտի, Եթովպական եւ Մալանկարայի ուղղափառ եկեղեցիները, մերժեցին ժողովը եւ կազմեցին Արեւելեան հին կամ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքը։ Այսպիսով, դարաւոր բաժանումը միայն դաւանաբանական տարակարծութիւններու հետեւանք չէր, այլ նաեւ՝ պատմական պայմաններու, քաղաքական հակասութիւններու եւ լեզուական թիւրիմացութիւններու, որոնք խորապէս խախտեցին քրիստոնէական վաղագոյն շրջանի եկեղեցիներու միութիւնը։
Արդարեւ, 25 ապրիլ 2026 թուականին Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան նստավայր Ֆանար թաղամասին մէջ տեղի ունեցաւ պատմական հանդիպում մը Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս Ա.-ի եւ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Թաուատրոս Բ.-ի միջեւ։ Այս հանդիպումը պարզապէս արարողակարգային այցելութիւն մը չէր, այլ արդիւնք էր երկար տարիներ տեւած աստուածաբանական երկխօսութեան՝ Արեւելեան ուղղափառ եւ Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու եւ աստուածաբաններու միջեւ։ Հանդիպումը ունի առանձնայատուկ եկեղեցական ու պատմական նշանակութիւն, որովհետեւ դարեր շարունակ գրեթէ աներեւակայելի էր, որ այս երկու եկեղեցական աւանդութիւններու բարձրաստիճան առաջնորդները միասին պաշտօնապէս մասնակցէին մասնաւորաբար սուրբ պատարագի արարողութեան։ Աւելի՛ն, նոյնիսկ համատեղ միջեկեղեցական ներկայութիւնը պաշտամունքային միջավայրի մէջ՝ երկար ժամանակ գրեթէ անհնար կը նկատուէր։
Ահա թէ ինչո՛ւ այս հանդիպումը ընկալուեցաւ որպէս արժանահաւատ վկայութիւն մը երկու աւանդութիւններու մերձեցման եւ փոխադարձ ճանաչումի աճող ընթացքին։ Ֆանարի մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը միաժամանակ ցոյց տուաւ, որ Արեւելեան ուղղափառ եւ Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիներու դարաւոր բաժանումը այսօր առաւել եւս կը վերաիմաստաւորուի ոչ միայն դաւանաբանական տարբերութիւններու լոյսին տակ, այլեւ պատմական թիւրիմացութիւններու եւ եկեղեցական տարբեր լեզուամտածողութիւններու համատեքստին մէջ։
Հայց. առաք. ուղղափառ եկեղեցին, Աղեքսանդրիոյ ղպտի, Անտիոքի ասորի, Եթովպական, Էրիթրէական եւ Մալանկարայի ասորի ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ, կը հանդիսանայ աշխարհի ամենահին քրիստոնէական համայնքներէն մին եւ կը կազմէ Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը։ Այս եկեղեցիներուն եւ հետագային կազմաւորուած Արեւելեան ուղղափառ ու Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ բաժանումը, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, սկիզբ առաւ Քաղկեդոնի Տիեզերական ժողովէն ետք՝ 451 թուականին։ Վէճին հիմնական առանցքը Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն փոխյարաբերութեան հարցն էր։ Քաղկեդոնի ժողովը դաւանեցաւ, որ Քրիստոս «ճշմարիտ Աստուած եւ միաժամանակ ճշմարիտ մարդ» է, երկու բնութիւններով՝ աստուածային եւ մարդկային, անխառն, անշփոթ եւ անբաժանելի։ Սակայն Արեւելեան հին եկեղեցիները այս ձեւակերպումը մերժեցին ոչ այն պատճառով, որ Քաղկեդոնի ժողովը կ’ուրանար Քրիստոսի ճշմարիտ աստուածութիւնը կամ մարդկութիւնը, այլ որովհետեւ կը զգուշանային, որ «երկու բնութիւն» հասկացութիւնը կրնար վտանգել Քրիստոսի անձին մէջ զոյգ բնութիւններուն՝ աստուածայինին եւ մարդկայինին միութիւնը՝ մօտեցնելով զայն Նեստորականութեան, զոր արդէն դատապարտեր էր Եփեսոսի 431 թուականի Տիեզերական ժողովը։ Անոնք կը հետեւէին Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի բանաձեւին, որ կը վարդապետէր «Աստուծոյ Բանին մարմնացեալ մէկ բնութեան» մասին, Հայ եկեղեցւոյ դաւանած դասական բանաձեւումով՝ «Մի է բնութիւն Բանին մարմնացելոյ», կամ իր յունարէն բնագրով՝ «Μία φύσις τοῦ Θεοῦ Λόγου σεσαρκωμένη»։
Հետաքրքրական է նշել, որ Հայ եկեղեցին Քաղկեդոնի բանաձեւին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը առաջին անգամ ճշդած է Բաբգէն Ա. Ոթմսեցի կաթողիկոսին օրով գումարուած Դուինի Ա. ժողովին (506 թ.), այսինքն՝ Քաղկեդոնի ժողովի գումարումէն շուրջ կէս դար ետք։ Հայ եկեղեցին Ե. դարուն գտնուելով պարսկական զրադաշտականութեան դէմ մղուող գոյութենական պայքարի մէջ՝ Վարդանանց պատերազմի նախորդող տարիներուն եւ յետոյ, հնարաւորութիւն չունէր մօտէն հետեւելու Բիւզանդական կայսրութեան մէջ ծաւալող դաւանաբանական վէճերուն եւ ոչ իսկ ներկայացուցիչներ ղրկելով ուղղակի մասնակցելու Քաղկեդոնի ժողովին։ Ճիշդ է, որ Փոքր Հայքէն թերեւս յունադաւան քանի մը հայ եպիսկոպոսներ ներկայացած են այդ ժողովին, սակայն, միեւնոյնն է, անոնք մասնաւոր դերակատարութիւն մը չեն ունեցած ճշդել կարենալու համար Հայ եկեղեցւոյ պաշտօնական դիրքորոշումը։
506 թուականին գումարուած Դուինի Ա. ժողովը վճռորոշ նշանակութիւն ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանական ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։ Այս ժողովը Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կարեւոր կը նկատուի նաեւ այն պատճառով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Վրաց եւ Աղուանից եկեղեցիներու կաթողիկոսներն ու եպիսկոպոսները։ Այստեղ երբ տակաւին կը վկայուի Հայոց, Վրաց եւ Աղուանից եկեղեցիներու միութիւնը, եղո՜ւկ, ընդամէնը դար մը ետք Վրաց Կիւրիոն կաթողիկոսին օրով պիտի տրոհուի՝ վերջինիս քաղկեդոնականութեան դարձով 608 թուականին։
Արդարեւ, Դուինի Ա. ժողովի գումարումի հիմնական շարժառիթներէն մին պէտք է նկատել Զենոն կայսեր 482 թուականին հրապարակած «Հենոտիկոն»-ի, այսպէս կոչուած «Միութեան հրովարտակ»-ի ընդունումը, ընդսմին՝ Քաղկեդոնի ժողովի բանաձեւին լռելեայն մերժումը։ Փաստօրէն «Հենոտիկոն»-ը կը վերահաստատէր Նիկիոյ (325) եւ Կոստանդնուպոլսոյ (381) տիեզերական ժողովներու դաւանութիւնը, կ’ընդունէր Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի քրիստոսաբանական վարդապետութիւնը, կը դատապարտէր թէ՛ Նեստորը եւ թէ՛ Եւտիքէսը, սակայն դիտումնաւոր կերպով կը խուսափէր Քաղկեդոնի ժողովի «երկու բնութիւններ» ձեւակերպումը բացայայտ կերպով յիշելէ։
Դուինի Ա. ժողովէն մեզի աւանդուած է միայն մէկ փաստաթուղթ «Թուղթ Հայոց ի Պարսս, առ ուղղափառս» խորագրով, որ հեղինակած է Բաբգէն Ա. Ոթմսեցին։ Նամակը Հայ եկեղեցիին եւ ժողովին անունով դրսեւորուած զօրակցութիւն մըն է նեստորականներէ հալածանքի ենթարկուած Պարսից ուղղափառ ասորիներուն, ուր կը մերժուին Նեստորն ու կը նզովուի անոր վարդապետութիւնը։ Այսպիսով, Զ. դարու սկիզբը Հայ եկեղեցին յստակօրէն կը ձեւաւորէ իր դիրքորոշումը՝ մերժելով թէ՛ նեստորականութիւնը եւ թէ՛ քաղկեդոնականութիւնը, եւ իրեն մօտ նկատելով այն եկեղեցական շրջանակները, որոնք կը հետեւէին «Հենոտիկոն»-ի հաշտարար ուղղութեան։
Անդրադառնալով Դուինի Ա. ժողովին, Յովհաննէս Դրասխանակերտցի (Թ.–Ժ. դդ.) կաթողիկոսը իր «Հայոց պատմութիւն» աշխատասիրութեան մէջ կը նշէ.
«…Իսկ յետոյ հոռոմներու աշխարհի [Բիւզանդական կայսրութեան] բարեպաշտութեան այդ ժամանակներուն Հայոց մեծ հայրապետ Բաբգէնը՝ Հայոց, Վրաց եւ Աղուանից եպիսկոպոսներուն հետ ժողով գումարեց Նոր քաղաքի [մայրաքաղաքի] Հայոց եկեղեցիներու մայր սուրբ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ…, որոնք [ժողովականները] նոյնպէս մերժեցին Քաղկեդոնի ժողովը՝ հաստատուած սուրբ Գրիգորի [հաւատքի] հիման վրայ։ Եւ այդ ժամանակներուն հոռոմէական [բիւզանդական], հայկական, վրացական եւ աղուանական աշխարհներուն մէջ հաստատուած էր բոլորին համար հաւասար ու բարեպաշտ հաւատք մը… մերժելով Քաղկեդոնի ժողովը»[1]։
Դուինի Ա. ժողովի գումարումով եւ քաղկեդոնականութեան լռելեայն մերժումով, փաստօրէն, կարելի չէ Հայ եկեղեցին անջատուած նկատել Բիւզանդական կայսրութեան եկեղեցիներու դաւանութենէն, ինչպէս վերոգրեալ կը վկայէ Յովհաննէս Դրասխանակերտցին՝ երբ կ’ըսէ. «Այդ ժամանակներուն հոռոմէական [բիւզանդական], հայկական, վրացական եւ աղուանական աշխարհներուն մէջ հաստատուած էր բոլորին համար հաւասար ու բարեպաշտ հաւատք մը»։ Այս վկայութիւնը կը մատնանշէ, որ Ե. դարու վերջաւորութեան եւ Զ. դարու սկիզբը եկեղեցական միութեան գիտակցութիւնը տակաւին ամբողջովին չէր քայքայուած, իսկ դաւանաբանական սահմանազատումները չէին ստացած իրենց վերջնական եւ անշրջանցելի բնոյթը։
Սակայն Զ. դարու սկիզբը Զենոն եւ Անաստաս կայսրերուն յաջորդները, յատկապէս Յուստինոս Ա. (518–527) եւ Յուստինիանոս Ա. (527–565), հետեւողականօրէն վերահաստատեցին Քաղկեդոնի ժողովին որոշումները՝ իբրեւ կայսրութեան պաշտօնական եւ պարտադիր դաւանութիւն։ Այսպիսով, Քաղկեդոնի «ի մի Քրիստոս՝ յերկուս բնութիւնս» բանաձեւը վերածուեցաւ ոչ միայն եկեղեցական ուղղափառութեան, այլ նաեւ կայսրութեան նկատմամբ հաւատարմութեան չափանիշի։
Պատմաեկեղեցական այս զարգացումներուն իբրեւ վճռորոշ հանգրուան, Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ 554-555 թուականներուն գումարուեցաւ Դուինի Բ. եկեղեցական ժողովը։ Ժողովին մասնակցութիւնը սահմանափակուած չէր միայն եկեղեցականներու դասով, այլ, Հայ եկեղեցւոյ աւանդական կարգին համաձայն, ներկայ էին նաեւ նախարարական եւ ժողովրդային շրջանակներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս կը վկայէ հայ վաղ միջնադարեան մատենագրական կոթողային յուշարձաններէն կրօնադաւանական ժողովածու «Գիրք Թղթոց»-ը. «Եւ ոչ ոք արտաքոյ մնաց յաշխարհականաց ի յայս ի կամաւոր գործոյ, ի քահանայից, ի վանականաց, ի ժողովրդականաց, ի բարետոհմից և յամենայն շինականաց»[2]։ Սոյնը ցոյց կու տայ, որ ժողովը միանշանակ կ’ընկալուէր ոչ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող որոշումի հանգրուան։
Դուինի Բ. ժողովը անկիւնադարձային եւ հիմնարար նշանակութիւն ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, որովհետեւ հոն պաշտօնապէս եւ վերջնական կերպով մերժուեցան թէ՛ Քաղկեդոնի Տիեզերական ժողովի դաւանաբանական որոշումները, թէ՛ Քրիստոսի մէջ «երկու բնութիւններու» բանաձեւը, թէ՛ Լեւոնի տոմարը։ Սոյնը Հռոմի Լեւոն Ա. պապի (Ե. դար) դաւանական թուղթն էր, որ գրուած էր Քրիստոսի բնութիւններու մասին քաղկեդոնական վէճերու ընթացքին։ Ան կը թելադրէր, թէ Քրիստոս ունի երկու բնութիւն՝ աստուածային եւ մարդկային, որոնք միաւորուած են մէկ անձի մեջ։ Հայ եկեղեցին այս վարդապետութեան դէմ հակադրուելով ոչ միայն վերահաստատեց իր հակաքաղկեդոնական դիրքորոշումը, այլեւ եկեղեցաբանական եւ դաւանաբանական առումով վերջնականապէս խզեց իր հաղորդակցութիւնը Բիւզանդական կայսրութեան պաշտօնական եկեղեցիին հետ։
Այս իրադարձութեան հետեւանքով Հայաստան, որ քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք արդէն իսկ հակադրութեան մէջ մտած էր արենակցական եւ մշակութային իմաստով իր մերձաւորութեան մէջ գտնուող Պարսկաստանի հետ, աստիճանաբար նաեւ յայտնուեցաւ Արեւմուտքի քրիստոնէական շրջանակներէն ինքնամեկուսացման մէջ։ Միւս կողմէ՝ Ժողովին նշանակութիւնը, սակայն, կը գերազանցէ պարզ դաւանական սահմանազատումը։ Ան դարձաւ Հայ եկեղեցւոյ ինքնուրոյն եկեղեցաբանական ինքնագիտակցութեան հռչակումը, ուր վերստին դրսեւորուեցաւ եկեղեցական, նախարարական, նաեւ ժողովրդային դասերու կարեւորագոյն որոշումներ կայացնելու մէջ գործակցութիւնը, եւ շեշտուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ վճռակամութիւնը՝ մնալու իր ընկալած ուղղափառ հաւատքի սահմաններուն մէջ։ Այս իմաստով Դուինի Բ. ժողովը ոչ այնքան նոր դաւանաբանական սկզբունքներ սահմանեց, որքան պաշտօնապէս վաւերացուց եւ ամրագրեց Դուինի Ա. ժողովէն սկսած այն ուղեգիծը, որ Հայ եկեղեցին աստիճանաբար հեռացուց Քաղկեդոնի որոշումները ընդունած Ընդհանրական կայսերական եկեղեցիէն եւ ձեւաւորեց անոր իւրայատուկ եկեղեցական ինքնութիւնը։
Մշակութային եւ եկեղեցական աստիճանական օտարացումը յունաբիւզանդական աշխարհէն՝ զրկեց Հայաստանը այն բնական դաշնակցային կապերէն, որոնք կրնային աւելի կայուն կերպով ապահովել ռազմաքաղաքական պաշտպանութիւն՝ յատկապէս Միջին Ասիոյ տարածաշրջաններէն դէպի արեւմուտք արշաւող հորդաներու ասպատակումներուն դէմ։ Այսպիսով Հայաստան աւելի խոցելի դարձաւ եւ դարեր շարունակ ստիպուեցաւ դիմագրաւելու արտաքին ճնշումներ՝ առանց կայսերական համակարգի կայուն կամ փոխադարձ աջակցութեան։
Միեւնոյն ժամանակ այս բաժանումը բացասական հետեւանքներ ունեցաւ նաեւ Բիւզանդական կայսրութեան համար, քանի որ ան կորսնցուց իր արեւելեան քրիստոնէական բնական դաշնակիցներէն մէկը եւ աստիճանաբար թուլացուց իր սահմանային պաշտպանական համակարգը։ Այս փոխադարձ օտարացման եւ թուլացման գործընթացը, որ պայմանաւորուած էր դաւանական անհանդուրժողութեան ոգիով, նաեւ զուգորդուած այլ քաղաքական ու ռազմական բռնաճնշումներով, ժամանակի հոլովոյթին մէջ նպաստեց կայսրութեան ռազմավարական խոցելիութեան աճին՝ մինչեւ անոր վերջնական անկումը 1453 թուականին։
Այսօր աստուածաբանական հետազօտութիւնները միանշանակ կը հաստատեն, որ այս դարաւոր բաժանումը ոչ այնքան հաւատքի էական հակադրութեան արդիւնք էր, որքան տարբեր աստուածաբանական լեզուամտածողութիւններու, մշակութային պայմաններու եւ քաղաքական լարուածութիւններու հետեւանք։ Նոյն հաւատքի բովանդակութիւնը յաճախ տարբեր եզրերով արտայայտուած էր, եւ այդ տարբերութիւնը տեղի տուած էր փոխադարձ անհաշտելի տարակարծութիւններու։ Արեւելեան հին եկեղեցիները քաղկեդոնական եկեղեցիներուն կողմէ հարիւրամեակներ շարունակ յանիրաւի զրպարտուեցան միաբնակութեան կամ մոնոֆիզիտիզմ-ի մէջ՝ կոչուելով «միաբնակ»-ներ կամ «մոնոֆիզիտ»-ներ, մինչդեռ անոնք երբեք չէին դաւանած Քրիստոսի միայն աստուածային կամ բացառապէս մարդկային բնութիւն ունենալու վարդապետութիւնը։ Իրենց կարգին, Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները ոչ-քաղկեդոնականներուն կողմէ յաճախ բնորոշուեցան իբրեւ «երկաբնակ»-ներ կամ «քաղկեդոնիկ»-ներ՝ հակառակ այն իրողութեան, որ «ի մի Քրիստոս՝ յերկուս բնութիւնս» բանաձեւով անոնք բնաւ չէին դաւանած Քրիստոսի մէջ երկու բաժնուած անձ կամ երկու իրարմէ անկախ գոյութիւն։ Ընդհակառակը, այդ ձեւակերպումով անոնք կը ձգտէին պահպանել եւ դաւանիլ Քրիստոսի մէջ աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն ամբողջականութիւնը՝ անխառն, անշփոթ, անփոփոխ եւ անբաժան։ Ժամանակակից միջեկեղեցական երկխօսութիւնները եւ աստուածաբանական ուսումնասիրութիւնները առաւել եւս կը հաստատեն, որ քրիստոսաբանական զոյգ աւանդութիւններուն միջեւ գոյացած հակասութիւնները մեծաւ մասամբ պայմանաւորուած էին տարբեր աստուածաբանական լեզուամտածողութեամբ եւ պատմական թիւրիմացութիւններով, մինչդեռ իրենց քրիստոսաբանական հաւատքի էական բովանդակութեան մէջ անոնք շատ աւելի մօտ էին իրարու, քան դարեր շարունակ կ’ենթադրուէր։
Այս խորապատկերին վրայ յատկապէս նշանակալից են մեր օրերու ուրախալի միջեկեղեցական հանդիպումները։ Ահաւասիկ այդպիսի պատմական ու հոգեւոր արժէք ունեցող իրադարձութիւն մըն էր Բարթողիմէոս Ա. Տիեզերական պատրիարքին եւ Թաուատրոս Բ. Ղպտի պապին պաշտօնական հանդիպումը 25 ապրիլ 2026-ին, Կ.Պոլսոյ Ֆանար թաղամասին մէջ։ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պապին եւ Տիեզերական պատրիարքին եղբայրական հանդիպումը պարզապէս դիւանագիտական ժեստ մը չէր, այլ դարերու բաժանումէն ետք փոխադարձ մերձեցման կենդանի վկայութիւն։ Համատեղ աղօթքներուն, եղբայրական խօսքերուն եւ առաքելական ընդհանուր ժառանգութեան շեշտադրումին մէջ յստակ կերպով պարզուեցաւ, որ այսօր ուղղափառ հաւատքի միացնող տարրերը աւելի զօրեղ են, քան բաժնող պարագայական երեւոյթները։ Դարերու հոլովոյթին մէջ Եկեղեցին հարստացած է հոգեւոր տարատեսակ աւանդոյթներով եւ հաւատքի վկայութիւններով, որոնք կը դրսեւորուին ի Յիսուս Քրիստոս մէկ հաւատքի բազմազանութեան մէջ։
Այս պատճառով մեր ժամանակներու միջեկեղեցկան երկխօսութիւնը կը ստանայ նաեւ բուժիչ եւ վերականգնող նշանակութիւն։ Մօտ տասնվեց դարերու բաժանումէ ետք այսօր նոր յոյս մը կը ծագի, որ Քրիստոսի հանդէպ ընդհանուր հաւատքը աւելի հզօր է, քան այն պատմական ձեւակերպումները, որոնք ժամանակին բաժանման պատճառ դարձած են։ Ֆանարի հանդիպումը այս իմաստով կը խորհրդանշէ քրիստոնէական փոխըմբռնման նոր փուլ մը՝ փոխադարձ յարգանքի, աստուածաբանական պարզաբանումի եւ հոգեւոր հաշտութեան ճանապարհ մը, ուր եկեղեցիները, առանց իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելու, Քրիստոսի հանդէպ իրենց ընդհանուր հաւատքին մէջ կը վերագտնեն աւելի կառուցողական եւ խոր միութիւն մը։
Հայց. առաք. մեր մայր եւ սուրբ եկեղեցին, որ Գրիգոր Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսի եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի օրերէն ի վեր հետեւողականօրէն բաց եւ ընդառաջող կեցուածք որդեգրած է միջեկեղեցական եւ աստուածաբանական երկխօսութիւններու հանդէպ, այսօր եւս կը շարունակէ մնալ ողջախոհութեան, հաւասարակշռութեան եւ եկեղեցական հանդուրժողութեան նոյն աւանդութեան մէջ։ Ան իր եկեղեցաբանական մտածողութիւնը կը մարմնաւորէ Ս. Ներսէս Շնորհալիէն աւանդուած «Միութիւն ի կարեւորս, ազատութիւն յերկբայականս եւ սէր յամենայնի» («Էականներու մէջ՝ միութիւն, ոչ էականներու մէջ՝ ազատութիւն, եւ ամէն ինչի մէջ՝ սէր») սկզբունքով, որ դարեր շարունակ եղած է Հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիմնարար սկզբունքներէն մէկը։
Այս իմաստով Հայ եկեղեցին, որպէս Արեւելեան հին ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ պատմական փորձառութիւն եւ աստուածաբանական հարուստ ժառանգութիւն ունեցող առաջամարտիկ եկեղեցի, կրնայ շարունակել իր նշանակալից եւ կառուցողական ներդրումը ունենալ եկեղեցիներու մերձեցման եւ քրիստոնէական միութեան իրագործման աստուածահաճոյ գործընթացին մէջ։
Ժընեւ, 31 Մայիս 2026
Ը. օր զկնի Հոգեգալստեան,
Սկիզբն յարութեան կիւրակէից,
Յիշատակ Եղիայի մարգարէին։
[1] Տե՛ս «Յովհաննու կաթողիկոսի Դրասխանակերտեցւոց Պատմութիւն Հայոց», հրտ. ԵՊՀ, Երեւան, 1996, էջ 65:
[2] «Գիրք Թղթոց, Մատեանագրութիւն նախնեաց», տպ. Տ. Ռօտինեանց եւ Մ. Շարաձէ, Թիֆլիս, 1901, էջ 74:

