Կիզակէտ

ՄԵՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆ՝ ԱԶԳԻ ՈՐԱԿԻ, ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ

 

Յ. Պալեան

Քաղաքակրթութիւն մը բարձրակէտն է համախմբման եւ բարձրագոյն մակարդակը մշակութային ինքնութեան, որոնց պէտք ունին մարդկային արարածները տարբերուելու համար միւս ապրող արարածներէն: Ան ինքզինք կը սահմանէ առարկայական սուեալներով, ինչպէս լեզուն, պատմութիւնը, կրօնը, սովորութիւնները, հաստատութիւնները, եւ ենթակայական ինքնաճանաչման տուեալները:

Սամուէլ Հանթինկթըն (1927-2008)

 

Advertisement Donate Today

            Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ, քանի որ չունէր քաղաքակրթական սնուցիչ ենթահող եւ սոսկ տնտեսական հաւասարութեամբ անհոգի եւ անանցեալ քաղաքակրթութիւն ուզեց ստեղծել:

            Ժողովուրդներու ինքնութիւնը կը պահուի, կ’աճի եւ կը զարգանայ  շարունակութիւն-ենթահողի վրայ: Պարտադրանքով եւ հրաժարումներու խզումներով անոնց ինքնութիւնը կը փոխուի, կ’այլանայ:

            Եւրոպական երկիրները մէկ կողմէ կը ձգտին Միութիւն ստեղծել, միւս կողմէ կ’ուզեն կառչիլ իրենց քաղաքակրթական եւ մշակութային ինքնուրոյնութիւններուն: Ինչպիսի՞ միութիւն ստեղծել, առանց հրաժարելու դարերու ընթացքին ստեղծուած քաղաքակրթական-մշակութային ենթահողէն, որ ծնունդ տուած է մարդկութիւնը հարստացնող տարբերութիւններու, զորս կը կոչենք ինքնութիւն, որ կ’այլասերի երբ գերադասի եւ ստորադասի սահմաններ կը ճշդուին:

            Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկաներ, Ափրիկէ, Ովկիանիա տարբեր ինքնութիւններ կան: Ոչ մէկ պատճառ կրնայ հաւաքականութեան մը ինքնութիւնը գերադաս կամ ստորադաս համարել միւսէն, ան ըլլայ հեռու թէ մօտ: Օրինակ, Աւստրալիա գաղթած եւ հոն հասած անկլօ-սաքսոն ինքնութիւնը եւ զայն կրող մշակոյթը ոչ մէկ ձեւով գերադաս են տեղւոյն ապորիժէն ժողովուրդի բազմադարեան ինքնութենէն եւ մշակոյթէն: Անոնք այդպէս ապրած են եւ խօսած բնութեան հետ, հետեւելով իրենց երջանկութեան ուղիին:

            Մարդկային իրաւունքի դէմ է անուղղակի կամ ուղղակի ճնշումներով ձգտիլ միւսին անհետացման: Ժողովուրդներ իրենց բազմադարեան հոլովոյթի ընթացքին զարգացուցած են ինքնատիպ աշխարհընկալումներ:

            Եթէ տեսական պատճառաբանութիւններով չտարուինք, պիտի հասկնանք եւ ընդունինք, որ կրօնական ազդակը տուեալ հաւաքականութեան մը անշրջանցելի յատկանիշներէն մէկն է, նկարագիր կերտած է: Այդ յատկանիշի կորուստը կը փոխէ այդ հաւաքականութեան նկարագիրը, ան կը դադրի շարունակութիւն ըլլալէ, նախկինը կ’անհետանայ, կ’ըլլայ տարբեր անհարազատ նորի սկիզբ:

            Կրօնական պատկանելիութիւնը դրոշմ է, որ տիեզերքի մեր փոքրիկ մոլորակին վրայ մեծ խորհուրդին հետ եւ մէջ ըլլալու եղանակ մըն է, որ բիւրեղացած կ’ըլլայ հաւաքականութեան անցած ուղիի ընթացքին: Յոռեգոյնը կը պատահի երբ այդ պատկանելիութիւնը կը ծանծաղի ծէսի մէջ: Մեր ժողովուրդի պարագային, կրօնական պատկանելիութեան եւ ժառանգութեան հետ պէտք է հաղորդուիլ, զանոնք պահել մեր առօրեային մէջ, այսինքն՝ հաղորդուիլ ազգի տասըեօթը դարերու ընթացքին կուտակած ինքնաճանաչման փորձին հետ, մտնել բնութեան եւ մեծ խորհուրդներու փորձին մէջ: Այս թութակաբանութիւն չէ: Օրինակ, մեր ժողովուրդի զաւակները ինչպէ՞ս կը հաղորդուին Գրիգոր Նարեկացիի ապրումով, միսթիքով: Բացի եկեղեցականներէ եւ սահմանափակ թիւով գրականագէտներէ, մեր ժողովուրդի զաւակները իրենք զիրենք կը զգա՞ն եւ կը տեսնե՞ն Նարեկացիի մէջ, անոր հետ կը բաժնե՞ն հայ քրիստոնեայի տեսիլքը:

            Երբ հայու իւրայատուկ կրօնական ապրումները կը բացակային, այդ կ’ըլլայ հրաժարում: Այդ ապրումները նոյնքան կարեւոր են որքան հայրենիքի տիրութիւնը, լեզուի տիրութիւնը: Հայը այսօր կորսնցուցած է հայ քրիստոնեայի հարազատութեան եւ մասնակցութեան ապրումը, միաժամանակ կորսնցնելով իր ինքնութեան կերտման եւ պահպանման նշանակալից ազդակներէն մին: Այսօր հայ մայրերու ո՞ր տոկոսը «Հայր Մեր»ը սորվեցնէ իր զաւակներուն, կը հսկէ որ քնանալէ առաջ այդ կրկնեն նաեւ գրաբարով, քանի որ գրաբար Հայր Մերը ինքնութեան դրոշմ եղած է տանըեօթը դարերու ընթացքին: Դեռ ոչ շատ հեռաւոր անցեալին, հայկական վարժարաններու մէջ, առաւօտուն, դասարան մտնելէ առաջ, աշակերտները «Առաւօտ Լուսոյ» կը խմբերգէին, անցեալին եւ նախնիներու հետ կամուրջ հաստատել կը սորվէին:

            Մեզ արդիականութեան վարժեցնող մշակոյթներու ժողովուրդները, այսօր իրենց ինքնութեան-պատկանելիութեան համար վերստին կը կառչին կրօնքին, քանի որ անով ստեղծուած քաղաքակրթութիւնը իրենց ինքնութիւնն է:

            Տնտեսական հիմերու կազմուած Եւրոմիութեան երկիրները այսօր այդ Միութեան քաղաքակրթական արմատները կը փնտռեն, իրենց ներկան եւ գալիքը իմաստաւորելու համար: Բազմաթիւ հրատարկութիւններ կան Եւրոպայի քրիստոնէական արմատներու մասին, մասնաւորաբար՝ Իտալիոյ մէջ:

            Այսօր առաջադրանք է Եւրոպայի Միութեան եւ միացման առանցքին տեսնել քրիստոնէութիւնը: Ինչպէս անցեալին, զայն տեսնել որպէս հասարակ յայտարար: Կը խօսուի «քրիստոնէական քաղաքակրթութեան» մասին, որ ազգերը կը զօդէ: Արդարեւ, միայն տնտեսական ազդակի շուրջ միանալ անհոգի է, տեսիլք չունի: Վաղը աւելի շեշտուած ձեւով, մարդիկ աւելի պիտի փնտռեն քաղաքակրթութեան մը մէջ ըլլալու պահանջը, որպէսզի իմաստաւորեն իրենց կեանքը, որ իրենք սոսկ մարսողական գործարան չեն:

            Անցեալ դարու քաղաքական մտածող Սամուէլ Հանթինկթըն արդարօրէն դիտել տուած է, որ «կրօնական զգացումի վերայայտնութիւնը աշխարհի մէջ հակազդեցութիւն մըն է աշխարհիկացման, բարոյականի յարաբերականացման եւ անհատական հանդուրժողութեան, նաեւ վերահաստատման կարգի, կարգապահութեան, աշխատանքի, փոխօգնութեան եւ  մարդկային զօրակցութեան»:

            Ինչ կը վերաբերի կրօնքի եւ քաղաքակրթութեան սերտ առնչութեան, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան վիճարկումներուն ընթացքին երեւան եկաւ, քանի որ երկուքին միջեւ արժէքներու ըմբռնման խոր տարբերութիւնները մեծ էին, որոնք կը դրսեւորուէին նաեւ ընկերային կազմակերպութեան եւ կենցաղային հարցերու մէջ: Բնական է քաղաքակրթութիւններու տարբերութիւնը, անոնց գոյակցութիւնը մաղթելի է, բայց գէթ առայժմ անոնց միաձուլումը հնարաւոր չէ, մեծ տարբերութիւններու պատճառով: Եւրոմիութեան իմացական խմորումներու շրջանակին մէջ, փաստ է, որ քրիստոնէութիւնը տեսանելի միացնող առաջին ազդակն է: Եւրոպայի պատմութիւնը քրիստոնէական է, այդ հունով ստեղծուած են մարդկային եւ բարոյական արժէքները:

            Պարզ է, որ ժողովուրդ մը կը դառնայ արտադրող-սպառող ամբոխ, եթէ հեռանայ իր ազգային անցեալէն: Մեր ժողովուրդի պարագային քրիստոնէութիւնը ընդելուզուած եղած է մեր քաղաքական կեանքին, պայքարներուն, դժբախտութիւններուն: Հայոց կրօնապետը անցեալ բոլոր դարերուն եղած է բարոյական հեղինակութիւն, նաեւ՝ քաղաքական կեանքի մէջ: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ հայոց քաղաքական իշխանութեան կեդրոնը կը փոխուէր, թագաւորը կ’երթար նոր մայրաքաղաք, կաթողիկոսական նստավայրը կը փոխուէր: Այսինքն եկեղեցին, կրօնը, կրօնապետը, հաւատքը ազգէն դուրս չէին, ազգին մէջ էին: Հայը ինքզինք միշտ սահմանած է որպէս «հայ քրիստոնեայ», որ եղած է մէկութեան կրող:

            Մեր պատմութեան ներկայի դժուարութիւններուն մէջ, քաղաքակրթական-մշակութային հասարակաց յայտարարի մը շուրջ խմբուիլ, միանալ, գործել, օգտակար կ’ըլլայ, եթէ իմաստուն ձեւով «հայ քրիստոնեայ» ըմբռնումը զօդուի «քաղաքացի»ի ըմբռնումին: Թիւրիմացութիւն պէտք չէ ըլլայ. կղերապատետական իշխանութիւն հաստատելու ցանկութիւն թող չվերագրուի այս միտքերուն, այլ՝ հայու հարազատութեան շուրջ համախմբումի, այս կամ այն ուժի հունով ընթանալով պառակտուելու դէմ: Այսինքն՝ ըլլալու համար հայամէտ, եւ ոչ այս կամ այն քաղաքական ուժի կամ երկրի հետեւող անդիմագիծ ամբոխ:

            Այս ընելով, կ’իրականացնենք նաեւ այլ հիմնական միտք մը. Հայաստան-սփիւռքներ ոչ-արուեստական մէկութիւնը, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքներու, այլ՝ հաղորդութեան համար:

            Այս կրօնական-իմաստասիրական-քաղաքակրթական ըմբռնումը հայ քաղաքական միտքին մէջ իր ուրոյն տեղը պէտք է ունենայ, իրաւ եւ բնական համագործակցութիւններ եւ համակեցութիւններ ստեղծելու համար:

            Հայկական մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնը, հետեւաբար ինքնութիւնը կարելի չէ ապրիլ եւ պահել զիրենք սնուցանող արժէքներէն եւ ենթահողէն անջատուելով: Այս ըմբռնումով՝ «հայ քրիստոնեայ» ըմբռնումը անշրջանցելի է:

            Խորհրդային կարգերը, միջազգային նիւթապաշտութիւնը, մրցակցութիւնը, վարարող սպառողական տենդը, ճզմած են հոգեւոր-բարոյական-քաղաքակրթական արժէքները: Այսօր, Հայաստան եւ սփիւռք, կը գտնուինք խորքային վերականգնումի հրամայականին առջեւ, որուն կարելի չէ պատասխանել մանրացած եւ մանրացնող եսերու դրսեւորումներով:

            Կարենալ տոկալու եւ տեւելու համար, վերականգնումի հիմնական առաջադրանքներու շուրջ պէտք է խմբուիլ, չգոհանալ մասնակիով եւ շպարայինով: Ղեկավարութիւնները եւ բազմութիւնները պիտի ըմբռնեն, կ’ըմբռն՞ն, որ արագ թաւալող եւ տեւաբար գաղափարական, քաղաքական եւ տնտեսական վերադասաւորումներու համաշխարհային հեւքին մէջ, մեր ինքնուրոյն ինքնութեան եւ ապագայի հարազատ տեսիլքը պէտք է ունենանք:

            Հայ քրիստոնեայ ըմբռնումով եւ անոր քաղաքակրթութեան ենթահողով կազմակերպութիւն յառաջացնելու եւ քաղաքականութիւն վարելու պարտականութիւն ունինք, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ոչ թէ յաւելեալ դիրքի եւ իրաւունքի համար, այլ հայ ազգին եւ անոր ապագային համար:

            Փաստ է, որ այսպէս կոչուած հայկական նոր էսթէպլիշմընթը չյաջողեցաւ ազգը միացնել, հայրենիքը միացնել, մշակոյթը եւ լեզուն պաշտպանել:

            Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի նախաձեռնէ, յաղթահարելով մեր կեանքը յուզող թոհուբոհը:

            Ինչո՞ւ Հայաստանի եւ սփիւռքի լուսանցքային ըլլալու եւ մնալու վիճակին դատապարտուած հայ հարազատ մտաւորականութիւնը հրապարակ պիտի չգայ, ինչո՞ւ անսալով իր բնական ողջախոհութեան, ժողովուրդը պիտի չհեռացնէ ամուլ եւ ամլացնող էսթէպլիշմընթը եւ կոչ ընէ նոյն այդ հարազատ մտաւորականութեան, Հայաստանէն Ռուսիա, Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ այլուր: Կացութիւնը այսօրուընէ աւելի գէշ պիտի չըլլայ:

            Այս պէտք է ընել չերթալու համար դէպի վերջնական փլուզում:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button