
Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան Վիեննայէն Երեւան վերադառնալու ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն հետ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն նախաձեռնութեամբ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայկական զինուած ուժերուն, եւ հողային կորուստներուն մասին շրջան ընող տեղեկութիւններուն: Նախագահը շեշտած է, որ հայկական զինուած ուժերը իրենց առջեւ դրուած խնդիրները կը կատարեն:
«Յաղթանակը կամ պարտութիւնը կախեալ է անկէ, թէ դուն ի՛նչ նպատակ դրած ես եւ արդեօք կրցա՞ծ ես հասնիլ քու նպատակիդ: Այստեղ ես չեմ ուզեր, որ մենք յետին թիւով եզրակացութիւններ կատարենք, կուրծք ծեծենք եւ ըսենք` մենք յաղթած ենք: Կրնաք հարցնել պաշտպանութեան նախարարութեան ամբողջ սպայակազմին, անոնց որոնց հետ ես հանդիպած եմ, կրնաք հարցնել մեր անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն, թէ ես ինչպէ՛ս կը տեսնէի իրադարձութիւններու զարգացումը տակաւին տարիներ առաջ եւ ի՛նչ տեղի ունեցաւ: Ես յստակ հարց դրած եմ մեր զինուած ուժերուն, անվտանգութեան համակարգին առջեւ, թոյլ չտալ ճակատի ճեղքում ու քայքայում: Այսինքն` ձախողեցնել հակառակորդի ծրագիրները: Կը կարծեմ` բոլորդ ալ համոզուած էք, որ ծրագիրները ձախողեցան:… Մեզի յաւերժ պատերազմ պէտք չէ: Մեզի պէտք չեն զինուած ուժեր, որոնք կ՛երթան արկածախնդրութեան: Մեզի պէտք են զինուած ուժեր, որոնք վստահաբար կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած խնդիրները: Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն խնդիրներ, թերութիւններ գտնել, գործին չեն աջակցիր: Անոնց նպատակը իրենց կատարած անպատասխանատու յայտարարութիւնները իրականութեան մօտ բերելն է», ըսաւ Սարգսեան:
Տարածքներու կորուստին մասին մանրամասնօրէն անդևրադառնալով, Սարգսեան տեղեկացուց թէ.- «Գոյութիւն ունի քարտէս, գոյութիւն ունին պարզ հաշիւներ, բացի անկէ` գոյութիւն ունի գնահատական: Ինչ որ բան կորսնցուցած ես, բայց այդ բանը ի՛նչ նշանակութիւն ունի մարտավարական, ռազմավարական, հոգեբանական տեսանկիւնէն: Նախ եթէ զուտ մեթրով չափենք, ապա պէտք է ըսեմ հետեւեալը. հայկական ուժերը, իբրեւ անվտանգութեան գօտի, ունէին 800 հազար հեկտար, կորսնցուցած են 800 հեկտար: Մէկ հազարերրորդն ալ չկայ: Ռազմավարական կամ մարտավարական առումով այդ տարածքները որեւէ նշանակութիւն չունին, զուտ հոգեբանական առումով, այո՛, ատրպէյճանցիները կրնան իրենց ժողովուրդին համոզել, որ ինչ որ արդիւնքի մը հասած են: Բայց կ՛ուզեմ համեմատութիւն մը կատարել: 800 հեկտար, եւ իւրաքանչիւր հեկտարի համար` մէկ զոհ, երկու վիրաւոր, ենթադրենք, ճիշդ թիւերը իրենք գիտեն: Բայց նոյնիսկ, եթէ կէս զոհ, մէկ վիրաւոր, նորէն շատ է: Համեմատեցէք եւ տեսէք, այդ 800 հազար հեկտարը գրաւելու համար ինչքա՛ն զոհ պիտի տային: Երբ ես կ՛ըսեմ, որ մեր զինուած ուժերը իրենց խնդիրը կատարեցին, հաւատացէք` մեր զինուած ուժերը ի վիճակի էին սթաթիւս քոն վերականգնել, ընտրութեան խնդիր էր: Արդեօ՞ք կ՛արժէ այդ 800 հեկտարին համար զոհել եւս 35, 40 կամ 80 հայրենասէր տղաներ, որոնց կարիքը տակաւին շատ պիտի ունենանք: …Մենք պատրաստ ենք որեւէ ելքի, բայց մեր ցանկութիւնն է, որ այդ ելքը ըլլայ խաղաղ ճամբան: Մեր նպատակն է, որ մեր խնդիրները լուծենք խաղաղ ճամբով, բանակցութիւններով, բայց եթէ ազրպէյճանցիները դրժեն իրենց խոստումները, խախտեն զինադադարի պայմանները, մենք այլ ելք պիտի չունենանք, քան համարժէք պատասխանելը, իրականութիւնը այս է: Յոյսով ենք, որ խախտումները քիչ ըլլան: Ես չեմ կարծեր, որ վաղուընէ խախտումները կը բացառուին, բայց յոյս ունիմ, որ հանդարտ կ՛ըլլայ: Եթէ ազրպէյճանցիները դրժեն իրենց խոստումները, խախտեն զինադադարի պայմանները, մենք այլ ելք պիտի չունենանք, քան համարժէք պատասխանելը, իրականութիւնը այս է»: