
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Հ.Յ.Դ. 125-ամեակի բացառիկ
Խմբագրական
Տարբեր է մեր Տունը:
Տո՞ւն, տնա՞կ, հիւղա՞կ թէ շէնք, համալիր…դղեակ:
Ահաւասիկ, 125 տարիներ կամ աւելի ճիշտը գարուններ կը բոլորէ մեր Տունը: Այսպէս գլխագիր պէտք է գրել ու բնութագրել այդ Տունը, որովhետեւ իւրայատուկ ու եզակի է, Աշխարհի չորս ծագերուն վրայ գոյութիւն ունեցող անհամար տուներու կողքին:
Հաստատ հիմերու վրայ շինուած է այս Տունը, որուն հիմնադրման առաջին քարի զետեղումը՝ մեծ շուքով եւ հանդիսութեամբ չէ կատարուած, ո՛չ ալ ճոխ սեղաններ սարքուած ու լոզուամարզանքային բնոյթ ունեցող ճառեր արտասանուած են:
Տունը՝ հայ ժողովուրդին Տունը բաց եղած է բոլորին:
Յատկապէս անոնք, որոնք հլու կամակատարն են ժողովրդավարութեան, արդարութեան, հաւասարութեան եւ համեստութեան:
Շատե՜ր շաղախը խառնած են այդ Տունին աղիւսներուն եւ իրենց ներդրումը կատարած:
Ո՛չ վարձակալ, ո՛չ ալ վարձատու գոյութիւն ունի այդ Տան երդիքին տակ:
Բնականաբար վարձագիր ալ չկայ հոն, այդ Տունին մէջ, որուն բնակիչը «լաճ տնաւէր», պարսատիկով զինուած պատանին է, կամ հաստափոր դասագիրքի մը էջերուն մէջ թաղուած ու կլանուած երիտասարդ ուսանողը, ալեհեր ծերունին, նաեւ մշակը, բանուորը, եւ դեռ արհեստաւորն ու մտաւորականը:
Անոնք բոլորն ալ այդ Տան երդիքին տակ, շարունակ կը պայքարին յաչս հայրենիքի ծառայութեան, խաղաղութեան, արդարութեան, դէմ դնելով օգտագործման, շահագործման, զեղծարարման եւ փտածութեան գրոհին:
Զեղխութեամբ չյորդիր մեր Տունը: Պարզ կառոյց, պարզ ենթակառոյց, սակայն հաստատ, ամուր, անշարժ ու անդրդուելի…կաղնիի բունին նման:
Երկնասլաց շէնք չէ մեր Տունը, ո՛չ ալ կայսերական ու արքայական երկնաքեր մը, սակայն շատ բան կարելի է դիտել, նկատել, ընբոշխնել ու յառել:
Մեր Տունը Հ այաստանի մէջ է…աւերակները չեն քանդուիր, նաեւ պատմական Հայաստանի մէջ, Կարին-Էրզրում (տեսնել կողքի փակցանկարչական գործը՝ 1912-ին եւ այս օրերուն…տեղւոյն «Յառաջ»ի շէնքը), Մուշ, Տիգրանակերտ, եւ անշուշտ Սփիւռքի բազմաթիւ գաղթօճախներէ ներս:
Ահաւասիկ, բնակութիւն հաստատողը կը վայելէ այս Տունը, իր տարբեր ենթաբաժանումներով: Բնակիչը կը մեկնի, սակայն այդ վիթխարի կառոյցը՝ Տունը կը մնայ, տարբեր պայմաններու տակ, միշտ ալ քայլ պահելով կեանք կոչեցեալ բնագաւառի պարդատրած փոփոխութիւններուն:
Մեր Տունը, մեր հնոցն է, կեդրոնն ու ժողովրդային Տունը:
Այդ Տան մէջ բնակութիւն հաստատած են Քրիստափորներ, Ռոստոմներ եւ Զաւարեաններ եւ անշուշտ անծանօթ եւ անշուք՝ Երկաթներ, Կայծակներ կամ Սողոներ:
125-ամեակը կը տօնենք մեր Տան, մեր բոլորին Տան՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան: