
Յ.ՊԱԼԵԱՆ
Բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կան էական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններ, նուաճումներ: Անոնք անպակաս են նաեւ մեր պատմութեան մէջ, եւ երաշխաւորած են մեր երթը, ըրած են այնպէս՝ որ տեւենք մեր ինքնութեամբ, չըլլանք պատմութեան մէջ յիշուող անցեալի ժողովուրդ եւ երկիր: Անոնց մասին յաճախ կը խօսինք, Գիրերու Գիւտէն մինչեւ Հայաստանի անդրանիկ եւ ներկայ անկախ հանրապետութիւններու ամեակները, կարծէք կլոր թուականները յաւելեալ իրաւունք կը բերեն կամ կ’առաջնորդեն յանձնառութեան:
Կայ քաղաքական եւ բարոյական մեծ նշանակութիւն ունեցող իրականացում մը, որուն տեղական եւ զգացական վերաբերումները մասնակիի շապիկ պէտք չէ հագցնեն: Այդ իրականացման մասին պէտք է խօսիլ, յաճախ խօսիլ մեր ժողովուրդին, համոզելու եւ համոզուելու համար, որ պատմութեան օղակնները չեն փակուած, հակառակ ուժի անարդարութեան վրայ հիմնուած միջազգային համաձայնութիւններու, որդեգրուած օրէնքներու, նենգութիւններու, որոնց յաճախ կը պակսի բարոյականութեան եւ իրաւունքի կնիքը:
Այդ ազգային-քաղաքական մեծ իրականացումը մեր ժողովուրդին ձեռք բերած ԱՐՑԱԽի ազատագրական պայքարի յաջողութիւնն է, որուն մասին երբ կը խօսինք պէտք է արձանագրենք հիմնական նշանակութիւն ունեցող հետեւեալ հաստատումը. ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԿՈՒ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿԷ Ի ՎԵՐ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀՈՂ ՉԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԵՒ ԿՈՐՍՈՒԱԾԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ԴԱՐՁՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Այս իրադարձութիւնը մամուլին նիւթ հայթայթող եւ համայնքներու հանրային կարծիքը զբաղեցնող զանազան ձեւերով ցեղասպանութեան ճանաչումներու բարոյական մխիթարութիւններէն տարբեր որակ է:
Օրին, Վազգէն Ա ամենայն հայոց կաթողիկոսը քաջաբար խօսած էր «էնտիի հողեր»ու մասին: Այդ հողերը այսօրուան ազատագրուած Արցախն են:
Արամ Ա կաթողիկոս, հակառակ վերապահութիւններու, աշխարհին յիշեցուց, որ «էնտիի հողեր» կան սահմանին միւս կողմը, որ դատ ունինք:
ֆրանսացիները, 1870ի Գերմանիոյ դէմ պարտութենէ ետք, տեւաբար իրենց աչքերը յառած կը պահէին Վոժ լեռներու հեռուի կապոյտ գիծին, այդպէս ալ հայոց աչքերը յառած կը մնան, պէտք է որ մնան Արարատին եւ անկէ անդին տարածուող հայաշխարհին, մինչեւ կապուտակ Վանայ Ծովակ, մինչեւ հացառատ Մշոյ դաշտ, մինչեւ Սասուն… Կարեւոր է մնալ պատնէշի վրայ եւ յոյսը պահել պատնէշի վրայ:
Ազատագրուած Արցախը քանդած է տեղատուութեան եւ պարտուողականութեան թապուն: Ան բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան օրինաչափ praxisն է: Այս ըմբռնումը տիրապետող կ’ըլլա՞յ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ոչ միայն որպէս թերթ մրոտելու եւ բարձրախօսներով սրահներ զուարճացնելու համար: Արցախ պատրաստ եղաւ պատմութեան հանգուցային պահուն, եղաւ յանձնառու: Հայաթափուած Հայաստանէն հայրենահանուած ազգը, անոր ժառանգները, զոր կը կոչենք սփիւռք-(ներ), որ յաւերժական պիտի չըլլայ համաշխարհայնացման հալոցին մէջ, melting potին մէջ, ինչպէ՞ս պատրաստ պիտի ըլլան այն պահուն, երբ պատմութիւնը օղակ պիտի փոխէ եւ յանձնառութեամբ ներկա՛յ պիտի ըսեն պատմութեան ձայնին, սոսկ հանդիսատես պիտի չըլլան:
Այնպէս է պատմութեան ընթացքը, որ բռնագրաւողը ուշ կամ կանուխ պիտի առերեսուի իր կողմէ անիրաւուած ժողովուրդներուն հետ:
Այնպէս է պատմութեան ընթացքը, որ ժողովուրդները կ’ընթանան ինքնորոշման ուղիով, կը սրբագրուին բիրտ ուժի չարիքները, անոնք ըլլան գաղութարարական թէ այլ:
Այսօր, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք(ներ) միջազգային հրապարակի վրայ հեռանկարային որակով քաղաքական աշխատանք կրնան տանիլ, պէտք է տանին:
Ունինք այդ մարդկային, իմացական եւ տնտեսական ուժը:
Ի՞նչ կ’ըսէ ամէն օր գրուող պատմութիւնը եւ ինչպէ՞ս մենք պիտի գրենք մե՛ր պատմութիւնը:
Քանի մը օր առաջ սերպ զօրավար Ռադքօ Մլատիչ Միջազգային Արդարադատութեան ատեանին կողմէ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, ցեղասպանական ոճիր գործած ըլլալու մեղադրանքով, ընդդէմ Սրեպրենիքայի հազարաւոր իսլամներուն: Դատավճիռը բաղկացած է 1808 էջերէ: Դատաւոր Ալֆոնս Օրիէ եզրակացուցած է, որ «ամբաստանեալին կողմէ գործուած ոճիրները կը դասուին մարդկութեան ծանօթ ամենէն ատելավառներու շարքին»:
Պատմութիւնը կրնա՞յ մոռացման քար դնել մէկուկէս միլիոն քրիստոնեայ հայերու դէմ գործուած ցեղասպանական ոճիրին վրայ:
Ինչո՞ւ ազրպէյճանական նոյնատեսակ ոճիրները չհասան Միջազգային Արդարատութեան Ատեան, ինչո՞ւ չկարողացանք հոն հասցնել:
Քանի ըսուած է որ այդ ոճիրները անժամանցելի են, ինչո՞ւ այդ ճիգը այսօր չընել:
Փաստերը բազմաթիւ են: Սամուէլ Շահմուրատեան թղթածրար կազմած էր: Վկայութիւններ հաւաքած էր: Այդ թղթածրարը այսօր կարծէք մոռցուած է հայ քաղաքական գործիչներուն կողմէ, բացակայ է բանակցողներու թղթապանակէն: Ինչո՞ւ չենք այժմէականացներ այդ տուեալները եւ չենք դներ բանակցութիւններու սեղանին վրայ: Ինչո՞ւ չենք տանիր Միջազգային Արդարադատութեան Ատեան:
Այդ փաստերու մասին կը խօսի նաեւ պելոռուս Սվետլանա Ալեքսիեւիչ, գրականութեան նոպելեան դափնեկիր: Անոր գիրքին մէջ արձանագրուած վկայութիւնները աւելի քան բաւարար են, անկախ մեր կողմէ հրապարակուածներէն, որոնց գումարով կրնանք դիմել Ռադքօ Մլատիչը դատապարտած Միջազգային Արդարատութեան Ատեան:
Սվետլանա Ալեքսիեւիչի գրականութեան մասին գրած եմ: Ինչ որ ըսած է, աւելի լայն տարածում կու տայ Արցախի մէջ ազրպէյճանցիներու կողմէ գործուած մարդկութեան դէմ ոճիրներուն, քան ներքին սպառման համար մեր սեւցուցած էջերը:
Գրած էի.
Սվետլանա Ալեքսիեւիչի գիրքի քանի մը էջը համաշխարհային տարածում կու տայ ազրպէյճանական չարագործութեան, պետականէ աւելի ցեղային-ծինային տարազում մը տալով ժողովուրդի մը ոճրամիտ վերաբերումին ուրիշ ժողովուրդի մը դէմ:
«Պաքուի մէջ կ’ապրէինք ութ յարկանի շէնքի մը մէջ: Առաւօտ մը, հայ ընտանիքները խմբեցին բակը… Անոնց շուրջ հաւաքուեցան մարդիկ, եւ բոլորը, մէկ առ մէկ, իրենց ձեռքին ինչ որ կար, անով հարուածեցին զանոնք: Հինգ տարեկան մանչուկ մը, զարկաւ իր ձեռքի պզտիկ բահով: Եւ ազրպէյճանցի պառաւ կին մը անոր գլուխը շոյեց…
«…Մեր բարեկամները ազրպէյճանցի էին, նաեւ անոնք, բայց մեզ թաքցուցին իրենց մառանը: Մեզ ծածկած էին խառնիխուռն ամէն բանով, խաւաքարտերով… Մեզի ուտելիք կը բերէին գիշերով…
«Առաւօտուն երբ աշխատանքի կ’երթայի, դիակներ կային փողոցներուն մէջ, երկարած գետինը կամ նստած պատի մը կռթնած, կարծէք ողջ ըլլային: Ոմանք ծածկուած էին սաւանով մը, ուրիշներ ոչ: Ժամանակ չէին ունեցած այդ ընելու: Շատեր մերկացուած էին: Այրերը ինչպէս նաեւ կիները… Անոնք որոնք նստած էին, չէին մերկացուած, ժամանակ չէին ունեցած զանոնք շտկելու…»
«Առաջ կը խորհէի, որ տաճիկները մանուկի պէս էին, ոչ ոքի չարիք կրնային ընել: Վեց ամիս ետք, նոյնիսկ աւելի շուտ, ոչ Տուշամպէն կը ճանչնայինք ոչ ալ մարդիկը: Դիարանները կը յորդէին: Առաւօտուն, լերդացած եւ չորցած արեան դոնդողներ կային կուպրի վրայ, հոն կը մնային մինչեւ որ կոխկրտուէին… կարծէք սառած հիւթի դոնդող ըլլային…
«Օրեր շարունակ մեր տան առջեւէն ցուցանակներով տողանցեցին. «Մա՛հ Հայերուն»: Այրեր եւ կիներ: Ծերեր եւ երիտասարդներ: Սանձազերծուած ամբոխ մը, ոչ իսկ մէկ մարդակային դիմագիծ կար: Թերթերը լեցուն էին պզտիկ ծանուցումներով. «Կը փոխանակեմ երեքսենեականոց բնակարան մը Պաքուի մէջ, որեւէ բանով ռուսական քաղաքի մը մէջ:» Մեր բնակարանը վաճառեցինք երեք հարիւր տոլարի: Սառնարանի մը գինը: Եթէ այդ գինով չծախէինք, կը սպանուէինք…»
«…Մենք մեր բնակարանի դրամով ինծի համար չինական տուտուն մը (վերարկու) մը գնեցինք եւ բուրդով մոյկեր ամուսինիս համար: Կահոյքը, գորգերը, ամանեղէնները… Ամէն բան ձգեցինք:
«…Ոչ լոյս կար ոչ կազ… ոչ ջուր… Շուկան գիները բանդագուշանք էին: Մեր տան մօտ կրպակ մը բացուեցաւ: Հոն կը ծախէին միայն մեռելներու համար ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ…
«…Գիշերուան ընթացքին, դրացի շէնքի մը պատին վրայ գրած էին. «Դողացէ՛ք, աղբ Ռուսեր: Զրահապատներու ձեր զինուորները ոչինչ կրնան ընել ձեզի համար»: Ռուսերը, որոնք պատասխանատու պաշտօններ ունէին, գործէ արձակուած էին: Փողոցներու ամէն անկիւնի վրայ կը կրակէին… Շատ արագ քաղաքը նոյնքան կեղտոտ դարձաւ որքան քիշլաք մը (կովկասեան գիւղ մը): Այս այլեւս օտար քաղաք մըն էր: Խորհրդային քաղաք մը չէր…»
Ծաւալուն հատոր կարելի է կազմել ազրպէյճանական ցեղասպանական-ոճրային վերաբերումներու մասին, նոյնիսկ Արցախի ազատագրական շարժումէն առաջ: Պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, որ ուսուցիչը իր հայ աշակերտը մորթած էր եւ բացատրած, որ ինք չարագործ չէր, հայ կը մորթէր: Պէտք է յիշել, Ազրպէճյանի համայնավար կուսակցութեան երկորդ քարտուղար Պոլեանէչքոն, որ կը սպառնար գնացքներով երկրէն դուրս դնել հայերը, ազրպէյճանցի զինուորը հայ սպայ սպաննած էր, երբ երկուքն ալ կը գտնուէին Հունգարիա նոյն աշխատանքային ծրագրին մասնակցելու համար, ոճրագործը կրցած էր Ազրպէյճան վերադառնալ եւ որպէս հերոս ընդունուիլ, փաստելով, որ հայութեան դէմ ոճրային վերաբերումը պետական բնոյթ ունէր, այսինքն պետութիւնը մեղսակից էր: Դեռ կարելի է յիշել Սումկայիթի ոճիրները, հայ վարորդներու սպանութիւնները: Նաեւ այսօր, հակառակ հաստատուած զինադադարին, դիպուկահարներ, միջազգային դէտերու աչքին առջեւ, հայ զինուոր կը սպաննեն:
Մինսքի խումբի համանախագահներուն պէտք է տրուի այս ամբողջական թղթածրարը, եթէ արդէն չեն գիտեր: Այն ատեն ո՞վ եւ ինչպէ՞ս ինքնիրեն թոյլ կրնայ տալ ըսելու, որ Արցախ պէտք է վերադառնայ «Ազրպէյճանի կազմի մէջ»…
Ազրպէյճան պետութիւնը պէտք է ներկայանայ Միջազգային Արդարատութեան Ատեան, ինչպէս Ռադքօ Մլատիչը: Հաւանօրէն դատավճիռը 1008 էջ չ’ըլլար, այլ քան մը անգամ 1008 … Արցախի հարցի քաղաքական լուծումը կրնայ անցնիլ նման վճիռէ մը, եւ ոչ տուրիզմի վերածուած շատախօսական երթեւեկէ…
Այս կրակի բովէն անցած ազատագրուած Արցախի պետութեան երեսնամեակն է: Նոր ժամանակներու հայու ինքնութեան եւ հպարտութեան վերականգնումի պատուանդանը: Ապագայի տեսութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու հիմքին պէտք է միշտ առաջնորդուիլ Արցախով եկած քաղաքական հիմնական գաղափարով, որ երկու հազարամեակ տեւաբար հող կորսնցնելէ ետք ԱԶԳԸ ՀՈՂ ԱԶԱՏԱԳՐԵՑ: Այս է երէկ դեռ երազ համարուած ազգային վերականգնումի գաղափարական բերդը:
Բայց յուզումէ եւ հոգեպարարէ ետք հարկ է խօսիլ ազգային-քաղաքական պարտականութեան եւ պարտքի մասին: Վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը (100ամեակ) եւ Ազատագրուած Արցախը (30ամեակ) չեն կրնար ապրիլ միայն Փոթոմաքի ափի քաղաքական տեսակցութիւններով, Պեվըրլի Հիլզի նախանձ շարժող հայերու բարեսիրական հայրենասիրութեամբ, ոչ Էյֆէլի շուրջ ճաշկերոյթներու եւ երգահանդէսներու ընթացքին ձեռք բերուած հայասիրական յայտարարութիւններով, ոչ ալ ամառնային տուրիստական իրարանցումներով:
Կը յիշեմ մեր յառաջացած տարիքի ուսուցիչը, 1918էն առաջ քիմիագիտական դոկտոր Գեղամ Երամեանը, որ իր վկայականը շալկած գացած էր Հայաստան, հասկցած ըլլալով, որ հոն էր իր տեղը եւ հոն օգտակար պիտի ըլլար ինք: Օրինակելի: Հայաստան չէր գացած որպէս հետաքրքիր եւ լուսանկարուելու խենթ զբօսաշրջիկ:
Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ ազգային-քաղաքական պարտականութիւն եւ պարտք ունի հայը, Գեղամ Երամեանի օրինակով, որ հայրենատիրութեան միս եւ ոսկոր տուող հայրենադարձութիւնն է: Ինչո՞ւ հայկական կազմակերպութիւնները եւ քաղաքական ղեկավարութիւնները չեն կազմակերպեր հայրենատիրական եւ հայրենադարձութեան քաղաքականութիւնը, որուն գնահատումը կ’ըլլայ թիւ-թուանշանով: Համաժողովներու մասնակցողները օր մը պիտի ըսե՞ն, թէ քանի հազար անձերու բնակութիւնը ապահովեցին Արցախ եւ Հայաստան, միշտ գիտնալով՝ որ երկիր մը հայրենիք է իր ժողովուրդով:
Ամեակներու հռետորական հանդիսութիւններու ընթացքին առարկայական տուեալներով պէտք է ըսել, առանց ոտքի քնացնող ճապկումներու, թէ ի՞նչ կ’ընենք վաղուան համար: Նախագահ Սերժ Սարգսեան խոստացած է Հայաստտանի բնակչութեան թիւը հասցնել չորս միլիոնի, պէտք է ըսէ՝ ոչ միայն Երեւանի: Սփիռքի հայկական կազմակերպութիւնները, իրենց կարգին, պիտի ըսե՞ն, թէ յառաջիկայ տարի, տարիներուն, քանի հազար հայերու Հայաստան եւ Արցախ վերադարձը պիտի իրականացնեն, անոնք ըլլան աշխատաւորներ, վկայեալներ, ձեռներէցներ, դրամատէրեր եւ արուեստագէտներ:
Այս վերադարձն է Հայաստաններու վերականգնումի եւ վերամիացման անկեղծիք եւ ճշմարիտ ուղին:
Ազգային ղեկավարումը շորորալու երգ ու պարէն պէտք է ազատել եւ ոտքի կանգնեցնել յաջորդ հազարամեակներու տեսիլքով:
Միջազգային Արդարադատութեան Ատեանը համամարդկային դեր ունի եւ ըստ այնմ պէտք է վերաբերիլ:
Հայրենատիրութիւնը օտարներու որբահաւաքով եւ դեղի ու սնունդի մատակարարումով չ’իրականանար:
Ազգային ղեկավարումը հայ գիրերու Մեսրոպեան յեղափոխութենէն ետք ազգին պէտք է ընծայէ ուրիշներէ չակնկալուած մեր նոր օրերու եւ վաղուան հեռանկարային յեղափոխութիւնը, որ Նոր Զելանտա նստողները Արարատի գագաթին տնկուած մոմի լոյսով չի ջերմացներ:
Լաւ պիտի ըլլայ ամեակները հրավառութեան չվերածել:
Տեսիլք ունեալ եւ զայն գործի վերածել:
Եթէ յաջողեցանք պատմութեան ծուռ անիւը շրջել Արցախ Հայաստանի մէջ, ոչ մէկ պատճառ կայ, որ ան իր ճիշդ հունը չգտնէ Արեւմտահայաստան հայաշխարհի մէջ: