Յօդուածներ

ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ


Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Տարի մը առաջ, Ապրիլի առաջին օրերուն, համայն հայութիւնը մեծ ցնցումի ենթարկուեցաւ, երբ Ատրպէյճան վերստին ոտնակոխեց միջազգային օրէնք ու բարենպատակ ճիգեր, լայնածիր յարձակում գործեց Արցախի սահմանային գօտիներու վրայ, եւ մեր իրաւատիրական պայքարի պատմութեան մէջ աւելցաւ «Քառօրեայ Պատերազմ» խորագիրով նորագոյն սխրանք մը։
Չորս օր շարունակ, մեր ձեռքերը սիրտերուն, շնչասպառ հետեւեցանք ռազմական գործողութիւններուն, որոնց լայնօրէն արձագանգեց Հայաստանի լրատու մեքենան։ Ականատես եղանք անակնկալին պատճառած ընկերկումին, յետոյ հպարտութեամբ լեցուեցանք ի տես մեր նորագոյն կորիւններուն հրաշքներուն. տուինք զոհեր, գիւղեր քար ու քանդ եղան, սակայն թշնամին ուժեղ հակահարուած ստացաւ ու ետ շպրտուեցաւ, մեր հողերը պաշտպանեցինք որոշ կորուստներով։
Սահմանապահները մեծ մասամբ մատղաշ տղաք էին, որոնք իրենց կողքին ունեցան նախկին զինուորականներ ու ֆետայիներ, իսկ անոնց թիկունքին էր Հայաստանն ու ամբողջ հայութիւնը։ Պատմութիւնը, իր լուսաւոր եւ տրտմեցնող երեսներով, ծանօթ է բոլորիս։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button