
Ծ.Խ.- Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հերթապահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի այս գրութիւնը, որ կարդացուեցաւվաստակաւոր ընկեր Վարդան Սէրայտարեանի յուղարկաւորութեան օրը:
Վարդան Սէրայտարեան կը պատկանէր նուիրեալներու այն փաղանգին, որոնց համար ազգին, եկեղեցւոյ, հայ երաժշտութեան եւ հայեցի կրթութեան ծառայելը սրբագոյն կոչում էր:
Պարոն Սէրայտարեանի պատանեկութիւնը թրծուած էր Հալէպի կրթական ու եկեղեցական հնոցին մէջ, իսկ իր երիտասարդական տարիներու հոգեւոր եւ կրթամշակութային կազմաւորումը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ, Գարեգին Ա. Յովսէփեան բազմավաստակ գիտնական կաթողիկոսի հոգածութեան ներքոյ: Մեծ էր նաեւ դերը հանրայայտ հայագէտ ու պատմագէտ պրն. Բիւզանդ Եղիայեանի, իր հոգեկան եւ ազգային նկարագրի կերտման մէջ:
Դպրեվանքի ուսումնական ծրագրին կողքին, հետեւած է նաեւ երաժշտական եւ խմբավարական յատուկ դասընթացքներու` կատարելագործելով նրբարուեստի իր գիտելիքները եւ յղկելով արուեստագէտի իր ձիրքերը: Ուսումնասիրած է հայկական ձայնանիշներու եւ խազերու գիտութիւնը: Իսկ երբ առիթը ընծայուած էր իրեն ծանօթանալու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մօտ պահ դրուած միջնադարեան հայ մատենագիտութեան գոհարներուն, մեծ հաճոյքով նուիրուած էր նաեւ մագաղաթներու ուսումնասիրութեան հոգեպարար գործին:
Իր ազգային, կուսակցական, եկեղեցական եւ կրթական պարտականութիւններու ընդմէջէն պրն. Սէրայտարեանը դաստիարակեց սերունդներ, որոնք իր օրինակով լծուեցան ժողովուրդին ծառայելու առաքելութեան` միշտ ի սպաս հայութեան ու հայրենիքին:
Առիթը չեմ ունեցած մօտէն ճանչնալու իր կուսակցական գործունէութիւնը: Գիտեմ, որ իր երիտասարդութեան օրերու մեծերուն շունչով դաստիարակուած էր եւ ամենայն բծախնդրութեամբ փարած` իր կուսակցական պարտականութիւններուն եւս: Սակայն բախտն ունեցած եմ պրն. Սէրայտարեանին աշակերտելու Պէյրութի Խանամիրեան քոլեճին մէջ: Այդ քոլեճը, ինչպէս ինք կ’ըսէր, կը գործէր Ս. Նշան եկեղեցւոյ շուքին ներքոյ եւ կը դարբնէր 60-ականներու եւ 70-ականներու իտէալապաշտ հոյլի հայատրոփ եւ յանձնառու աշակերտներ` որակաւոր եւ ձեռնհաս տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի հսկողութեամբ:
Պարոն Վարդանը իմ նախակրթարանի եւ միջնակարգի առաջին տարիներու հայերէնի, հայ երաժշտութեան եւ նկարչութեան ուսուցիչն էր. ղեկավարն էր նաեւ վարժարանի երգչախումբին եւ հանդէսներու գեղարուեստական բաժնին: Կը յիշեմ զինք որպէս խստապահանջ, բայց արդար, լուրջ պահուածքով, բայց հայրական գուրգուրանքով, հայագիտական պաշարով եւ արուեստագէտի հոգիով, բարի, ազնիւ եւ բծախնդիր ուսուցիչ. իրեն շնորհիւ մեր պատանեկան տարիքին մեր մէջ արմատաւորուեցան հայ լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայկական արժէքներու հանդէպ սէրն ու յարգանքը,
ինչպէս նաեւ` ազգային նուիրումի կարեւորութեան համոզումը:
Պարոն Վարդանը հանդիսացաւ նաեւ այն կարեւորագոյն դաստիարակներէն, որ աշակերտներուս մօտ ամրագրեց դերը, ընտանիքի կողքին, հայապահպանման եւ հայակերտման սփիւռքեան երեք սիւներուն` դպրոց-եկեղեցի-ակումբ, եւ մեր մատղաշ մտքերն ու հոգիները կոփեց անոնց էական նշանակութեամբ:
Այս բոլորին կողքին, իրեն ծանօթացանք նաեւ որպէս Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրապետ: Պաշտօն մը, որ շարունակեց նաեւ Պոսթընի մէջ` հոն ալ ստանձնելով Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ դպրապետութիւնը: Արեւելեան Ամերիկա տեղափոխուելէ ետք լրիւ նուիրուեցաւ հայ եկեղեցւոյ, դպրապետի պաշտօնի կողքին ստանձնելով նաեւ թեմի բոլոր եկեղեցիներու մէջ երգեցողութեան եւ արարողութեան միատեսակ եւ ճշգրիտ կատարման առաքելութիւնը:
Պրն. Սէրայտարեանի կորուստով աստղ մը եւս շիջեցաւ այն նուիրեալ սերունդէն, որ որպէս յետեղեռնեան «մնացորդաց»-ի ժառանգորդներ` սփիւռքի կազմակերպման եւ հայկական դիմագիծի անարատ պահպանման մէջ մեծ դեր ունեցան: Մեր հայրերու այդ սերունդին կը պարտինք մեր ազգային հպարտութեան զգացողութիւնը: Այդ
հայրերը մեզի սորվեցուցին իտէալ հայրենիք կերտել մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ եւ երբէք չվհատիլ, այլ` ընդհակառակը, յամառօրէն դիմել առաջ` հայոց սրբազան Դատին մեր լուման բերելու վճռակամութեամբ:
Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ պրն. Սէրայտարեան: Դուն հոգեկան գոհունակութեամբ մեկնեցար այս աշխարհէն` քաջ գիտնալով, որ եղած ես կատարեալ հայր քու ընտանիքիդ, հարազատներուդ եւ աշակերտներուդ համար. ահաւասիկ անոնցմէ շա՜տ շատեր հայ կեանքի մէջ այսօր ստանձնած են քաղաքական, եկեղեցական,
գրական, երաժշտական եւ մշակութային ղեկավարներու պաշտօններ եւ քեզի միշտ երախտապարտ պիտի մնան:
Հողը թեթեւ գայ վրադ եւ լոյսերու մէջ ննջէ հոգիդ:
Յարգա՛նք իր մեծ վաստակին ու պայծառ յիշատակին:
Վշտակցաբար`
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ապրիլ 2, 2022