
Յ. Պալեան
Էականը հզօր կամքի տէր ըլլալ է եւ յարատեւութիւնը:
Վոլֆկանկ Կէօթէ, 1749-1832, գերմանացի գրող
Մեր ժողովուրդի կացութիւնը թնճուկ է, նոր չէ որ այդպէս է, անբարեացակամ շրջապատի մէջ ան վատթարացած է դարերու ընթացքին: Արտաքին թշնամութիւններու եւ ազդակներու ճնշումը անուրանալի է, բայց պատմութեան մէջ միակ ժողովուրդը չենք, որ գտնուած ըլլայ արտաքին ուժերու աքցանին մէջ:
Միշտ կարելի է իրաւացիօրէն խօսիլ արտաքին ուժերու մասին եւ արդարացում փնտռել. Հռոմ եւ Բիւզանդիոն, Պարսկաստան, արաբական արշաւանքներ, օսմանցիներ, Ռուսիա, եթէ դեռ ճիգ ընենք կրնանք ցանկը երկարել: Այս արդէն պատմաբաններու գործ է: Հոն ուր կը գտնուինք այսօր, պէտք է որ քաջութիւն ունենանք, պատմագիտական-փաստագրական աշխատանքներու կողքին, լուսարձակները բանալու մեր վրայ եւ հարց տալ, թէ ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք, չենք ըրած եւ չենք ըներ: Այսինքն մեր կացութեան պատասխանատուութիւնը նախ փնտռել մեր մէջ:
Վերականգնումի, տոկալու եւ տեւելու հնարը չփնտռել այլ հորիզոնականներու եւ միջօրէականներու տակ, այլ՝ մեր մէջ, մեր հայրենիքին մէջ, որ շարունակութիւն ըլլալու հիմնական պատուանդան է: Այս մասին ո՛չ ռազմավարութիւն եւ ո՛չ մարտավարութիւն ունինք: Հայրենատիրութիւնը փոխարինած ենք հայրենասիրութեամբ, գործելով այնպէս, որ հոն ուր զարկած ենք մեր վրանը, կարծած ենք որ հոն հայրենիք է եւ հոն կրնանք տոկալ եւ տեւել որպէս ինքնուրոյն ազգ: Ընթացք՝ որ չէ կասած, չենք սրբագրեր, չենք սրբագրուած:
Չունինք, չենք ունեցած, չենք ուզած ունենալ, ազգային-քաղաքական ինքնութեան եւ գոյատեւման անխախտ գաղափարական հասարակաց կոճղ, որ կրնայ ճիւղեր ունենալ մնալով մէկ եւ նոյն: Կոտորուելէ ետք կոտորակուելով,- առաջին պարագային՝ թշնամիներու կողմէ, երկրորդ պարագային՝ մեր մեղանչումով,- կորսնցուցած ենք հասարակաց կոճղ ըլլալու, այդպէս մնալու գիտակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը:
Այսօր հայկական անուանումով ներկայացող եւ որպէս այդպիսին ընդունուած հաւաքականութիւնները, համագումար, ունին հասարակաց կոճղ ըլլալու-ունենալու կարողականութիւնը (պոթենցիալ), մարդկային, իմացական եւ նիւթական, բայց չունին միացնող-համադրող կամքը, որուն բացակայութիւնը մեր ազգային-քաղաքական տկարացման գլխաւոր ախտն է: Այդ կամքը հիմնական եւ բոլորին կողմէ ընդունուած գաղափարական կոճղն է, որ չի սահմանուիր եսերով, շաբաթավերջի աւուր պատշաճի եսեր հովահարող դատարկ հռետորաբանութիւններով:
Այսօր, մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը յայտնուած են անհետանալու հանգուցային պահու մէջ: Թերեւս յոռետեսութիւն է այս, բայց աւելի մօտ է իրատեսութեան, քան միամտացածի լաւատեսութիւնը: Ժամանակի կորուստ է «իմաստուն» վերլուծումներ ընել, յիշել մեծ դէմքեր եւ կարեւոր իրադարձութիւններ, կենսագրութիւնները քաղաքական ուղի համարել, խանդավառուելով եւ խանդավառելով արեւուն տակ տեղ փնտռել: Պիտի կարենա՞նք մեր ազգի, ներսի եւ դուրսի, կարողականութիւնները ճանչնալ, գնահատել, իմատութեամբ միացնել, համադրել եւ գոյութենական իրա՛ւ պայքար մղել, եսեր, շահեր, անվաղորդայն ըլլալու դատապարտուած ախտ դարձած սնափառութիւններ աղբաման դնելէ ետք:
Անիմաստ է թաքցնել, որ պարտութիւններու եւ անոնց հետեւած հոգեկան ընկճուածութեան պայմաններու մէջ, անկարող ըլլալով յաղթահարել արտաքին ճնշումները, պարտադրուող չարիքները, հոգեկան բաւարարութիւն կը կարծենք գտնել պառակտումներու մէջ, որ կը նշանակէ թշնամանալ իրարու եւ վազել ներքին պիւռոսեան յաղթանակներու ետեւէ: Այս արդէն նախաշեմն է վերջնական աղէտին, զոր չտեսնելու համար իրականութիւնները կը դիտենք մատներու արանքէն եւ կ’ապաւինինք ինքնախաբէական ինքնագոհութեան, պռռչտալով՝ որ մեծ ենք, յաղթական ենք, զօրաւոր ենք, այս ունինք, այն ունինք, յիշելով հռչակներ եւ անուններ:
Հարցում. ի՞նչ ունինք փակուղիէն դուրս գալու եւ ազգի պայծառ ապագայ կերտելու համար: Ինչպէ՞ս օգտագործենք մեր քիչ կամ շատ ունեցածը, փակուղիէն դուրս գալու համար: Այս ընելու համար կը խօսի՞նք ժողովուրդին հետ, մասնակից կը դարձնենք զայն նաեւ զինք լսելով:
Հարցումը կ’ուղղուի բոլոր հայերուն, Հայաստան եւ բազմադէմ սփիւռք(ներ), իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, Երկնաւորի կամքով տեւող էսթէպլիշմընթներ:
Անցեալին, բուրգին գագաթը գտնուողի, կամ հոն ըլլալ կարծողի մը ըսի, որ վերէն դիտողը կը կարծէ, որ վարը գտնուողները մրջիւն են, օր մըն ալ ըսի, որ մեծ ծառերուն շուքին խոտ չի բուսնիր: Հետեւանքը զիրար չլսել է եւ անսխալական ըլլալու մեծամոլական բարդոյթը:
Եթէ ողջախոհական-իրատեսական հրաշք պահու մը ընդունինք, որ հաւաքաբար սխալած եւ պարտուած ենք, հաւաքաբար պատասխանատու ենք, եւ հիմա ունինք վերականգնումի կամք, այն ատեն թերեւս կը գտնենք the right man in the right place-ի կազմակերպական-քաղաքական իմաստութիւնը: Եթէ այս իմաստութեամբ առաջնորդուինք, կը հեռանանք ընտանեպաշտական, եւ խնամի-ծանօթ-բարեկամի հակազգային ընթացքէն, կը յառաջացնենք ճշմարիտ եւ հաւաքական հեռանկար ունեցող կամքի ենթահող:
Յաջողութիւնը, ինչպէս ամբոխավարական ճառով կ’ըսուի՝ վաղուան յաղթանակը, արդիւնքը պիտի ըլլայ մեր բոլոր կարողականութիւններու իմաստուն օգտագործման, իմաստութիւն՝ որ մեզ պէտք է հեռու պահէ դատարկ ճառային խոստումներէ:
Վերականգնումի աշխատանքը ոչինչէն չի սկսիր, կազմակերպութիւնը երբեք զրոյականէ չի մեկնիր, ex nihilo չէ, հաստ իրականութիւններ կան, զորս պէտք է քննադատել, սրբագրել, յղկել եւ օգտագործել: Այսօր կայ Հայաստան մը, իր կառոյցներով եւ կազմակերպութեամբ, որ եղած է եւ այսպէս թէ այնպէս խորհրդային շարունակութիւն է: Քաղաքական իմաստութիւնը սրբագրել եւ շարունակել է, օգտուելով նաեւ ուրիշներու փորձէն:
Ապագան պիտի դիմաւորենք մենք, մեզմով, մեր ունեցածով, որուն արժեւորումը պէտք է ընել, առանց տեսական մարզանքներու անձնատուր ըլլալու:
Կացութեան ճիշդ գնահատումը ընել, գիտնալու համար թէ ի՞նչ ունինք, ի՞նչ կրնանք ընել անով:
Ի հարկէ կայ հայաբնակ ներկայի Հայաստանը: Հնարաւոր պիտի ըլլա՞յ օր մը ճշդել անոր բնակչութեան թիւը:
Կայ բռնագրաւուած Հայաստանը, ուր կայ հոն ապրող հայկական մնացորդաց, որուն համրանքի գնահատումը չունինք: Օր մը ինչպէ՞ս պիտի կարենանք գիտնալ այդ մնացորդացի թիւը: Կը յուզուինք երբեմն անձերու հանդիպելով, յետոյ՝ ոչինչ: Ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, այս աշխատանքը պէտք է կատարեն, կատարած ըլլային:
Ի հարկէ կայ լայն առումով Սփիւռքը, այսօր՝ ռուսական եւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու, երէկ կ’ըսէին ներքին, որ միայն ռուսական չէ, ապա միջին-արեւելեան, եւրոպական, հիւսիսային եւ հարաւ-ամերիկեան, աւստրալիական եւ նորզելանտական, Հնդկաստանի, Չինաստանի, Ճափոնի: Ենթակայական տուեալներու վրայ հիմնուելով ո՛չ ծրագիր կարելի է մշակել եւ ո՛չ ալ ծրագրի իրականացում հետապնդել:
Ի՞նչ է, իրապաշտ տուեալներու վրայ հիմնուած սփիւռքի հայոց թիւը: Պետութիւն եւ ներսի ու դուրսի կուսակցութիւններ առարկայական գնահատում ունի՞ն այս սփռուած հայկական համրանքի մասին: Եթէ չկայ ճիշդ տեղեկութիւնը, կը գործենք մէկուն կամ միւսին խելապատիկէն ելած նախաձեռնութիւններով: Այս ընդարձակ աշխատանքային դաշտ է, որուն համար պէտք է ունենալ նիւթական եւ մարդկային միջոցներ:
Այս գնահատումը, եթէ կարիլի ըլլայ, թոյլ կու տայ թէեւ տարտղնուած, բայց ազգային ուժի գնահատումը ընել, զայն օգտագործելու համար հայ ժողովուրի ազգային-քաղաքական վերականգնումին համար, միաժամանակ կազմակերպուած աշխատանք տանելով, որ այդ ուժը մնայ հայկական աւազանի մէջ, չլուծուի այլազան միջավայրերու մէջ:
Առանց այս ամբողջի ծանօթութեան,- որ համայնն իսկ է,- գնահատումին, արժեւորման, պաշտպանութեան եւ անով գործելու հնարին, ղեկավարութիւնները, անոնք ըլլան պետութիւն, եկեղեցի, կուսակցութիւններ, միշտ բանտարկուած պիտի մնան մասնակիի մէջ:
Համահայկական գործակցութեամբ,- պետութիւն, եկեղեցի, կուսակցութիւններ,- պէտք է կարենան ինքնուրոյն գիտական-ուսումնասիրական կառոյցի մը ծնունդ տալ, ճանչնալու եւ կարենալ գնահատելու համար մեր կարողականութիւնները, համրանքի, նիւթական, ուսումնական, ազդեցութիւններու կարելիութեան, որպէսզի մեր տարտղնուած եւ չօգտագործուած,- կամ մասնակիօրէն օգտագործուած,- ներուժը ծառայէ հայ ազգային-քաղաքական նպատակներու իրականացման: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ այդ նպատակներուն մէջ ինքնութիւն կերտող եւ պահող է մշակոյթը:
Այլապէս Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործել որպէս քաղաքապետութիւն եւ սփիւռքի բազմաբղէտ ղեկավարութիւնները պիտի շարունակեն թափահարել մասնակիի մէջ:
Պարզ հարցումը հետեւալն է. ինչպէ՞ս ճանչնալ ՀԱՄԱՅՆը եւ ինչպէ՞ս ընել, որ ան դառնայ գործօն ազդակ հայ ազգային իրաւունքի ձեռքբերման եւ վերականգնումին:
Այս միութենական-սիրողական աշխատանք չէ: Կը պահանջէ անսեթեւեթ ըմբռնում եւ գործակցութիւն, յաղթահարելով կարծրացած տարբերութիւնները եւ աւանդական բան չնշանակող ինքնաշնորհուած յաւելեալ ղեկավարական տիրոյթ ունեալու ախտային հոգեբանութիւնը:
Այլապէս պիտի շարունակենք երթալ ասոր կամ անոր դուռը, որպէսզի մեզ փրկեն:
Ուրեմն նախ մեր կարողականութիւնները առարկայականօրէն պէտք է գիտնանք, ճանչնանք, զանոնք իմաստութեամբ օգտագործենք եւ սնափառութիւններու համար զանոնք չմսխենք:
Այս լրացման եւ լուծման սպասող կենսական գիտական լրացման սպասող բաց թղթածրար է:
Եթէ տասը ժողով պակաս գումարենք, տասը անգամ պակաս օդանաւ նստինք եւ այս հարցով զբաղինք, ճշմարիտ ազգային-քաղաքական-պետական գործ կատարած կ’ըլլանք:
Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը: