
Read Time:22 Second
Ուրբաթ, Յուլիս 21-էն սկսեալ որոշ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին հրատարակութեան եւ առաքման գործընթացէն ներս: Արդարեւ թէ՛ «Հայրենիք» եւ թէ՛ «Արմինիըն Ուիքլի» պիտի հրատարակուին 16-ական էջերով, սակայն միասնաբար պիտի առաքուին բոլոր բաժանորդներուն:
Այսպէս, տարեկան միեւնոյն գումարը ($ 75.00) վճառելով, ընթերցողը պիտի ստանայ երկու թերթերը:
Նաեւ, տպարանի փոփոխութեան պատճառաւ, կարելի պիտի ըլլայ համեմատաբար աւելի որակաւոր թուղթի գործածութեամբ, փոխան չորսի՝ ութ գունաւոր էջեր (1,2,7,8,9,10,15 եւ 16) լոյս ընծայել: