
Մեծագոյն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Պատուելի Շանթ Պարսումեանի, նոյն եկեղեցւոյ ներկայիս պատուակալ հոգեւոր հովիւ, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի, հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Շաբաթ, Նոյեմբեր 18-ին, Pine Lake Country Club-ի սրահին մէջ համազգային շուքով, ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը տօնուեցաւ հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը:
Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ բացառիկ հոգեւո-րականներէն է: Իր հոգեւոր կոչումին եւ նուիրեալ ծառայութեան առընթեր, ան լայնախոհ մտաւորական մըն է: Եղած է դասախօս «Lawrence Tech» Արուեստագիտութեան համալսարանի մէջ, 1975- էն 2005, ինչպէս նաեւ «Michigan University» համալսարանի մէջ 1980-էն 1985:
Հեղինակ՝ քառասուն երկլեզու հատորներու, որոնք կը բովանդակեն այժմէական, հոգեւոր, հայրենասիրական, ընկերային ու դաստիարակչական յօդուածներ: Վեր. Թութիկեան նաեւ քանի մը շրջաններ տարբեր առիթներով, տաս տարիներ վարած է նախագահութիւնը Հիւսի-սային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան: Իսկ ներկայիս կը վարէ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը: Իր հոգեւոր ծառայութեան առընթեր, ան օժտուած է ընկերային եւ տնտեսական մարզերէն ներս կազմակերպչական ու վարչական ձիրքերով:
Ընթացիկ տարուան Յունուարէն սկսեալ եկեղեցին շարք մը գործունէութիւններով կը տօնէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Յոբելինական 16 անդամ-անդամուհիներէ կազմուած յանձնախումբ մը կը ծրագրէ եւ ի գործ կը դնէ 100-ամեայ տարեդարձի հանդիսութիւնները:
Յանձնախումբի նպատակներէն մէկն է հանգանակութեան արշաւ մը կազմակերպել 100 հազար տոլար գումար մը ապահովելու՝ եկեղեցւոյ ապագայ ծրագիրներուն համար: Այդ գումարը գրեթէ ապահովուած է շնորհիւ իր անդամներու եւ համակիրներու առատաձեռնութեան: Այս առթիւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, եկեղեցւոյ պատուակալ հոգեւոր հովիւ, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի հետ, կատարուած ՝՝Հայրենիք՝՝ի երկարամեայ թղթակից Անդրանիկ Գարատօլեանի հետ:
Հ.- Ինչ պայմաններու տակ մեծագոյն Տիթրոյթի մէջ հիմնուած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եւ ո՞վ էր այս եկեղեցւոյ առաջին հոգեւոր հովիւը:
Պ.- Մեծագոյն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հիմնուած է 1917-ին, թէեւ 1913-էն ի վեր Հայ Աւետարանականներու խմբակ մը եկեղեցական պաշտամունքներ ունեցած են տուներու մէջ, եւ մերթ ընդ մերթ հոգեւոր հովիւներ այցելած են Տիթրոյթի հայ գաղութին՝ հոգեւոր առաջնորդութիւն հայթայթելով:
Տիթրոյթ ճարտարարուեստական կեդրոն մը ըլլալով մեծ թիւով գաղթականներուն գործ հայթայթած է: Ինքնաշարժի «Ford» ընկերութեան կեդրոնատեղին Տիթրոյթի մէջ հաստատուած ըլլալով՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ջարդերէն մազապուրծ ազատուած հայեր բնակութիւն հաստատած են Տիթրոյթ եւ անոր արուարձաններուն մէջ:
Եկեղեցւոյ առաջին հիմնադիր հովիւը եղած է Հաճնցի Վեր. Միսակ Այճեան, որ ըն-տանեօք հաստատուած է Տիթրոյթ 1916-ի եւ 1917.ի սկիզբները: Կազմակերպած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցին տասնեակ մը հայ աւետարանական ընտանիքներով: 1917 թուականէն մինչեւ ներկայ օրերուն եկեղեցին ունեցած է 9 մնայուն հոգեւոր հովիւներ եւ 8 այցելու առժամեայ հովիւներ, որոնք հովուած են Տիթրոյթի հայ գաղութի եկեղեցին:
Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք անցնող 100 տարիներուն քրիստոնէական հաւատքի դաստիարակչութեան գծով Մեծագոյն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայութիւնը:
Պ.- Մեծագոյն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ունեցած է ականաւոր հոգեւոր առաջնորդներ, որոնք ոչ միայն սքանչելի ծառայութիւն մատուցած են Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական եկեղեցիին, այլ նաեւ Ամերիկահայ համայնքին եւ սփիւռքահայութեան: Այս հովիւներու կարգին յիշարժան են հետեւեալները.-
Վեր. Եղիազար Ռշտունի, 1923-1931 կազմակերպած է Տիթրոյթի առաջին Հայ Երիտասարդաց եւ Կանանց կազմակերպութիւնները: 1923-ին ծախու առած է Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական առաջին Եկեղեցաշէնքը: Ան եղած է բնիկ Վանեցի եւ իր ազգատոհմէն ոմանք կարեւոր դեր խաղցած են Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչակազմին մէջ 1918-1920 թուականներուն: Վեր. Ռշտունի գրական տաղանդներով օժտուած մէկն էր, որ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ յօդուածներ գրեց, որոնք նիւթ հայթայթեցին «Viscount Bryce»ի «The Treatment of Armenians in The Ottoman Empire» նշանաւոր գիրքին: Վեր. Ռշտունիի անդրանիկ որդին, Ռուսաս Ռշտունի, դարձաւ հռչակաւոր Աստուածաբան մը համաշխարհային չափանիշով, եւ հիմնադիրը դարձաւ «Christian Reconstructionism» կրօնական շարժումին:
Եկեղեցւոյ երրորդ մնայուն հովիւը եղաւ Վեր. Յարութիւն Գարթօզեան, որ ծառայեց 1931-1944: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի դժուարին օրերուն ոչ միայն կրցաւ եկեղեցին կանգուն պահել, այլ եկեղեցւոյ պարտքերը գոցելէ ետք, յաջողեցաւ եկեղեցին ինքնաբաւ դար-ձնել եւ եկեղեցւոյ անդամներուն թիւը աւելցնել: Անոր դուստրերէն մին, Անի Գարթօզեան (1906- 1989), առաջին հայ Միսիոնարուհին հանդիսացաւ հեռաւոր Արեւելքի մէջ: 1934 թուա-կանին, ան Չինաստան գնաց որպէս աւետարանիչ: Նոյնիսկ Չինաստանի համայնավարա-ցումէն ետք, շարունակեց իր առաքելութիւնը: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին գերի ինկաւ Ճաբոնցիներուն ձեռքը, եւ քանիցս մազապուրծ ազատեցաւ, եւ իր աւետարանչական գործը շարունակեց: Անին աւետարանչութեան ոգին մարմնացնող Հայ Քրիստոնէական եկե-ղեցւոյ ընտիր ներկայացուցիչներէն մէկը հանդիսացաւ:
Չորրորդ հովիւը եղաւ Վեր. Եդուարդ Թովմասեան, որուն հովուական շրջանը եղած է 1946-1959: Օժտուած կազմակերպչական ձիրքերով, ան, ոչ միայն կազմակերպած է Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց եւ Պատանեաց խումբեր, այլ նաեւ եղաւ հիմնադիրն ու հայերէն լեզուի եւ գրականութեան առաջին ուսուցիչը «Wayne State» համալսարանի մէջ: Ապա, եղած է գործադիր տնօրէն Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան:
Հինգերորդ հոգեւոր հովիւը եղած է, Վեր. Բիւզանդ Ռուպեան, (1960-1968), որուն հովուական պաշտօնավարութեան շրջանին կառուցուած է իր արդի Եկեղեցաշէնքը 1967-ին, Տիթրոյթի արուարձան «Southfield» քաղաքին մէջ: Վեցերորդ հոգեւոր հովիւը եղած է Վեր. Ժիրայր Սողոմոնեան, (1970-1975) որու հովուական շրջանին վճարուած է եկեղեցւոյ 90 հազար տոլարի պարտքը: Հետագային, ան եղած է Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնը:
Եօթերորդ հոգեւոր հովիւի պաշտօնավարութիւնը վիճակուեցաւ իմ անձիս 1975-2005 թուականներուն: 2005 թուականին հանգստեան կոչուէլէս իվեր կը շարունակեմ ծառայել որպէս պատուակալ հոգեւոր հովիւ: Իմ հովուական պաշտօնավարութեան ընթացքին կառուցուեցաւ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Համալիրը: Կազմակերպուեցան 11 զանազան նիւթական արշաւներ եկեղեցւոյ եւ Ամերիկահայ Աւետարանական համայնքի զանազան ծրագիրներուն համար: Նոյնպէս նախաձեռնեցի «Հայկական Ժառանգութեան Յաձնախումբ» մը կազմակերպել որու միջոցաւ կրցանք հաստատել «Հայկական նիւթերու յատուկ գրադարանը», շաբաթօրեայ դպրոցը, մշակութային զանազան ձեռնարկներ, անձեռնմխելի գումար (ֆոնտ) մը եւ հրատարակել 40 գիրքեր: Չորս տարբեր առիթներով, աւելի քան 10 տարիներ ծառայած եմ որպէս Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ 2000 թուականէն ի վեր, գործադիր տնօրէն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին:
Եկեղեցւոյ ութերորդ հովիւը՝ վեր. Մաքարիոս Տարաուի (2005-2012) աշխատեցաւ սերտ կապեր հաստատել տեղական օտար եկեղեցիներու հետ: Իր պաշտօնավարութեան շրջանին տեղի ունեցան շինարարական որոշ բարեբոխումներ:
Ներկայիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է Վեր. Շանթ Պարսումեան, որուն հովուական պաշտօնավարութիւնը սկսաւ Ապրիլ 2013 թուականին: Հայ Աւետարանական Եկեղեցին Միշիկըն նահանգի հայ գաղութի չորս եկեղեցիներէն մէկն է: Ներկայիս ունի շուրջ 200 անդամ: Ունի իր կազմակերպութիւնները, ինչպէս երգչախումբ, կիրակնօրեայ դպրոց, պատանեաց խումբ, կանանց կազմակերպութիւնը, արանց եւ կանանց Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն: Եկեղեցին գործօն է իր Աւետարանչական եւ Քրիստոնէական առաքելութեամբ: Ամէն տարի բարոյապէս եւ նիւթապէս կ’օժանդակէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան: 1993 թուականէն ի վեր քոյր եկեղեցի է Հայաստանի Դիլիջան քաղաքի միակ հայ եկեղեցւոյ, որուն հովիւն է Վեր. Գառնիկ Թութիկեան:
Մեծագոյն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին համբաւաւոր եղած է նաեւ իր աշխարհական ղեկավարներով, յատկապէս իր կրթական մշակներով, որոնց կարգին յիշա-տակութեան արժանի են իր հմնադիրներէն փրոֆէսօրներ՝ Յարութիւն Մանիսաճեան, Երուանդ Պասմաճեան, հետագային Դոկտ Ռիչըրտ Մարպըրկըր «Lawrence Tech» համալսարանի երկարամեայ նախագահը, ինչպէս նաեւ նոյն համալսարանի գիտութեանց եւ արուեստից բաժինի վերատեսուչ փրոֆ. Զաւէն Մարկոսեան: Աւելի ետք, Եսթեր Մխիթարեան-Լայընզ, Հէրի Աւեսեան եւ Դոկտ. Րապըրթ Խաչատուրեան եւ ուրիշներ:
Արհեստավարժ փաղանքին պատկանող նշանաւոր բժիշկներ, Դոկտ. Եսայեան, Քէշիշեան, Հերի Գասապաքեան, Եդուարդ Պէյլերեան, Հէրըլտ Մարտիրոսեան եւ ուրիշներ: Ինչպէս նաեւ օժտուած է շարք մը իրաւաբաններով, ինչպէս Հաուըրտ Մարտիրոսեան, Մարք եւ Արի Զարդարեաններ, Սիւզըն Գասպարեան, Մարճըրի Նանեան, Մարք Քետեան, Քրիստափոր Պանիրեան, Հաուըրտ Գալուկեան, Սթիվըն Պօլըրճէք եւ ուրիշներ: Քաղաքական մարզէն ներս Հաուըրտ Գալուկեան վերջին քսան տարիներուն ընթացքին ծառայեց Քալիֆորնիա Նահանգի Ներկայացուցիչներու Տան մէջ: Ապա, նաեւ թեկնածու դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակուտական Տան:
Հ.- Ի՞նչ մակարդակի վրայ եղած են Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ փոխ յարաբերութիւնները գաղութիս մէջ գործող միւս յարանուանութիւններու հոգեւոր հովիւներու հետ:
Պ.- Մեծագոյն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանականն եկեղեցին, մօտէն կը գործակցի տեղւոյս միւս երեք եկեղեցիններուն հետ՝ կը մասնակցինք Վարդանանց, Ապրիլ 24-ի, եւ Մշակոյթի Ամսուայ միացեալ տօնակատարութեանց:
Հ.- Ինպէ՞ս կը փորձէք համալսարանական երիտասարդութիւնը ներգրաւել եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ զանիկա մասնակից դարձնել ձեր ծրագիրներու իրագործման:
Պ.- Մեր Եկեղեցին կ’աշխատի իր երիտասարդները մասնակից դարձնել Սարկաւագներու եւ Հոգաբարձութեան ժողովներուն, եւ պատրաստել զանոնք ապագայ ղեկավարութեան: Բաց աստի, կ’աշխատինք ուրիշ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու հետ երիտասարդական համագումարներ կազմակերպել ջամբելու անոնց հոգեւոր դաստիարակութիւն: Ի դէպ, յիշեմ որ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր յանձնախումբը իր տարեկան վերջին ժողովի օրակարգին վրայ սոյն հարցը խորհրդակցութեան նիւթ դարձուց: Ժողովը որոշեց որ յառաջիկայ տարի, Օգոստոս 2018-ին, Հայաստանի մէջ գումարել Համահայկական Աւետարանական Երիտասարդաց համագումար մը, եւ զանոնք մասնակից դարձնել Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութեանց: