
Յ. Պալեան
Հայկական լրատուամիջոցները կը յորդին հոգեպարար տեղեկութիւններով, մեր ինքնութիւնը կը կարծենք հաստատել այսինչ երկրի այնինչ քաղաքին կողմէ «ցեղասպանութեան ճանաչում»ով, եթէ յայտնի կամ նուազ յայտնի անձնաւորութիւն մը այդ մասին խօսի, կ’երջանկանանք:
Գաղթականներու եւ հայրենահանուածներու ինքնահաստատման թափահարումներ:
Աշխարհի բոլոր ճանաչումներու գումարումով մեր «հայրենատիրութիւնը» (խօսքը յուզիչ հայենասիրութեան մասին չէ) որակական եւ տեսակարար յաւելեալ կշիռ կ’ունենա՞յ: Ունեցա՞ւ: Քամչաթքա կամ Հոնոլիւլիւ նստելով «հայրենատիրութիւն» խաղալ կը նմանի Ալասքա գտնուողի՝ որ փարսախներով հեռուէն պլպլացող մոմի լոյսով կը ջերմանայ: Կը կարծէ ջերմանալ:
Երբեմն գիտակցական ոստումով իրատես քաջութիւն պէտք է ունենալ կացութիւնները գնահատելու համար: Հայաստան եւ սփիւռքներ, հայ ժողովուրդի ո՞ր տոկոսը կը կազմէ լուռ, լռած եւ կամ լռեցուած մեծամասնութիւնը, սառցալերան ջուրին տակ մնացող մասը, որուն աճը պատմութեան ներկայ հանգրուանային պահուն, ազգին համար գոյութենական վտանգ է: Այդ վտանգը ամպագորգոռ ժողովներու օրակարգ չէ: Կը պատահի՞, որ ճշմարտութեան պահեր ստեղծենք:
Այս լուռ մեծամասնութիւնը հարկ է սահմանել որպէս համրանք, տոկոս, արտահանելով լռութեան-լռեցման պատճառները, առանց հաճոյակատարութեան ճշդելով պատասխանատուութիւնները: Ինչպէ՞ս ձգած ենք, որ աճի այդ լուռ մեծամասնութիւնը: Ազգ եւ համայնք հրապարակը աղմկող գիտակից բայց սահմանափակ բջիջներու գումար չեն, անոնք կրնան տոկալ, տեւել եւ վերականգնիլ լուռ մեծամասնութեան ներգրաւումով՝ համազգային առաջադրանքներու համար եւ շուրջ:
Այս լուռ մեծամասնութիւնը ոչ ոքի դրամագլուխն է, կամ պէտք է ըլլայ: Ան ինքնագլուխ ալ չէ: Պարզապէս բացակայ է: Թէեւ անոր կը վերաբերին որպէս սեփական կալուած: Ան կը գոյանայ եւ կ’աճի նաեւ յաջորդական անտեսումներով, որոնք իրեն հանդէպ արհամարհանք են: Անցեալին յաճախ խօսած եմ ընտրել-ընտրուելու մասին, որ շատ մը պարագաներու կը բեմադրուի զարտուղութիւններու մեքենայութիւններով, «քոմպինացիա»: Ֆրանսացիներու գործածած «փայտեայ լեզուն», langue de bois-ի բառացի թարգմանութիւնը, որ կ’արտայայտուի ոտքի քնացնող թափծու կրկնութիւններով. Բացատրութիւններ եւ արդարացումներ, չեղածի կամ կորսուածի:
Յիշեցնենք օրինակը: Կաթողիկոսական ընտրութեան համար կ’ըսուի, որ 25.000 ազգայինի համեմատութեամբ որոշուած է ունենալ ՄԷԿ պատգամաւոր: Բայց առկայ դրութեամբ 200.000 ազգայինի անունով կը քուէարկեն քանի մը հարիւր անձեր: Կը նշանակէ, որ անոնք «ազգընտիր» չեն, չէին նաեւ անցեալին, հետեւաբար կաթողիկոսի ընտրութիւնը կ’ըլլայ ձեւական, արդիւնքը որոշուած ըլլալով այլ տեղ, բաղձալի ժողովրդավարութիւնը եւ ազգայիններու հաւասարութիւնը կը կորսուին անանուն եւ անհասցէ ճահիճի մը պղտորութեան մէջ, «հեղինակութիւն» չի ստեղծուիր: Համակարգի տխրութիւնը ընտրեալի արժէքին չ’առընչուիր:
Օրինակ էր: Եթէ քակենք մեր աչքերու կապանքները, պիտի տեսնենք, որ նոյն զաւեշտը կը խաղցուի ամենուրեք, հոս եւ այլուր, ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, կ’աճի լուռ մեծամասնութիւնը, որ կը խրի անտարբերութեան մէջ, մանաւանդ երբ դիրքերը կ’ըլլան յաւերժական, յառաջացնելով նաեւ անսխալականութեան առասպել: Պէտք չէ զարմանալ, որ քուէարկելու իրաւունք ունեցող զանգուածներու կէսը կը դադրի իր իրաւունքը գործածելէ եւ արժեցնելէ, ընտրական բոլոր դաշտերու պարագային, պետական, կուսակցական, միութենական: Երեւոյթը յատուկ չէ մեր փոքրիկ ածուին: Ընտրական խաղ կը բեմադրուի յաջորդական տեսարաններով: Եւ կը խանդավառուինք «ճանաչումներով» կամ անոնց յաւերժացող ակնկալութիւններով, առանց երբեք որոշապէս գիտնալու, թէ ի՞նչ բան պիտի յաջորդէ «ճանաչումներուն:
Մեր ժողովուրդի պարագային ալ, մասնակցութեան իրաւունքը երբ չի գործադրուիր, երբ չեն գործադրեր, անկարելի կ’ըլլայ յառաջդիմութիւնը, իրաւ եւ հիմնական խնդիրներուն լուծումներ չեն գտնուիր: Ընտրական ճապկումները կը մոռցնեն հեռանկարները եւ ազգի հիմնահարցերը: Կը մնան «տօնախմբութիւնները», որոնք երազները երկինք բարձրացնող փուչիկներ են: Եւ կը խանդավառուինք «ճանաչումներով»: Ընտրական խաղ կը բեմադրուի յաջորդական տեսարաններով: Եւ կը խանդավառուինք «ճանաչումներով» կամ անոնց յաւերժացող ակնկալութիւններով, առանց երբեք որոշապէս գիտնալու, թէ ի՞նչ բան պիտի յաջորդէ «ճանաչումներուն:
Մէկ դար ճանաչում մուրացինք եւ կը շարունակենք սովորութիւնը, ինչպէս գինեմոլը՝ որ կը վերանորոգէ իր բաժակը:
Օրինակ, մտածումս կ’երթայ հայաբաբախ բնաստեղծուհիին, որ նոր օրերու արտագաղթին ակնարկելով, կ’ըսէր՝ թէ ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդի մեծագոյն աղէտն էր (Սիլվա Կապուտիկեան): Աղէտ՝ որ արտագին թշնամիին գործը չէր եւ չէ: Մեր հաւաքական անվերականգնելի ձախողանքն է արտագաղթը: Համազգային վերաբերում չունեցանք աղէտին նկատմամբ: Հայաստանի իշխանութիւնները եւ սփիւռքեան ղեկավարութիւնները համարատու չհամարուեցան, ըստ այնմ չդատուեցան: Այսինքն, ոչ միայն իշխանութիւնները անպատասխանատու են աղէտին, այլ նաեւ զանգուածները, որոնք ճակատագրապաշտի անտարբերութեամբ դիտեցին եւ կը դիտեն: Ղեկավարներ, մտաւորականութիւն, զանգուածային լրատուամիջոցներ, չես գիտեր որ պատեհապաշտութեամբ եւ վասն ինչի, աղէտի յառաջացուցած ճեղքերը կը ծեփեն ցած մակարդակով մարդորսութեամբ:
Արտագաղթի մետաղադրամին միւս երեսին մասին ալ պէտք է խօսիլ, նոյնքան աղէտալի:
Մտածումս կ’երթայ հայրենադարձութեան օրակարգ չդարձող աղէտին, որուն պատճառը, կրկին, արտաքին ուժերը չեն: Այսօր հայրենի պետութիւն, կուսակցութիւններ, լուսապսակ ունեցող կամ ինքնաշնորհուած լուսապսակ ունեցող կազմակերպութիւններ եւ «մեծանուններ» ի՞նչ ըրած եւ կ’ընեն հայրենադարձութեան օրակարգ չդարձող աղէտին իրա՛ւ ազգային լուծում բերելու համար: Խօսքը չի կրնար վերաբերիլ անհատական կամ մասնակի պարագաներու, միաւորներու եւ կարծեցեալ այրած սրտեր հովացնող զբօսշրջութեան: Ոչ ոք կ’ուզէ այս «Պանտորայի տուփին» կափարիչը վերցնել, քանի որ պիտի կանգնի անշպար յանձնառութեան դիմաց, որ երգիչի մը համար սրահ լեցնելով յուզուելէ տարբեր որակ է:
Ձախողանք է նաեւ հայերէնի լքումը, վասն գործնապաշտութեան: Օտարագրութիւնը եւ օտարախօսութիւնը ղեկավարման բացակայութեան հետեւանք են: Դեռ հայկական աւազանի մէջ սա կամ նա ձեւով քիչ տոկոս մնացողներուն բաղդատած, ինչ տոկոս կը կազմեն անոնք որոնք ոչ իսկ լուռ մեծամասնութեան մաս կը կազմեն: «Փայտեայ լեզու» գործածելով, պէտք չէ ընել այնպէս՝ որ «ծառը ծածկէ անտառը»:
Խօսիլ ձախողանքի մասին կրնայ վհատեցնող ըլլալ: Իսկ ո՞ւր կրնայ տանիլ հաւկուրութիւնը…
Ինչպէ՞ս վերականգնել զանգուածներու ազգային իրաւ ողջախոհութիւնը…
«Փլասեպօ» դատարկ դեղահատերը ծով պիտի թափե՞նք:
Դրուագ մը: Յառաջացեալ տարիքի ուսուցիչ մը ունէինք, որ անքնութենէ կը տառապէր: Օր մը ձեռքիս տուփ մը շաքար տեսաւ եւ հարցուց, թէ ինչ էր: Ըսի թէ քնաբեր դեղ էր եւ քանի մը հատ տուի: Շաբաթ մը վերջ երբ կրկին ացելութեան գացած էի, ըսաւ թէ շատ լաւ դեղ էր… Մեր «փլասեպօ»ները…