ՄԵՍՐՈՊԱԲՈՅՐ… ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second

Շտապ ու արագօրէն ընթացող այս ճեպընթաց դարուն, լեզուներն ալ կþենթարկուին ամէն տեսակի եղափոխութիւններու, փոփոխութիւններու, սղումներու, որոնց կարգին մեր շատ սիրելի Մաշտոցեան լեզուն:
Յատկապէս, վերջերս օտար լեզուով դպրոցներու օրինագիծ մը երկար քննարկումի եւ բուռն բանավէճի դուռ բացաւ Ազգային Ժողովէն ներս, խլելով ժամեր:
Ինքնին իր բարդ եւ այլազան ենթաբաժանումները ունի հայ լեզուն, գրաբարի, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի զանազան ճիւղաւորումներով, դեռ անշուշտ մէկդի դրած զանազան բարբառները: Սակայն մէկ բան յստակ է թէ հայ լեզուն հայորդիին համար միշտ ունի կենսական նշանակութիւն: Անուղղակիօրէն հայ ազգի մղած պայքարն ու հայ լեզուի գոյատեւումը…չորս հազար տարիէ ի վեր, ունին իրենց խոր ու ամրակուռ կապը:
Ազգային Ժողովի յառաջիկայ օրերու կամ ժամերու քննարկելիք օրինագիծէն առաջ, 2007 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա., մտահոգուած հայ լեզուի նահանջէն, այդ տարին հռչակած էր «Հայ Լեզուի Տարի»: Հետաքրքրականօրէն եւ ամէնայն զուգադիպութեամբ, Հայաստանի մէջ, լեզուի պետական տեսչութիւնը միեւնոյն տարին՝ 2007ը , յայտարարեց «Հայ լեզուի անաղարտութեան տարի»:
Կառչած հայ լեզուին, շատ են այն գրագէտները, որոնք արձակ գրութիւններով թէ բանաստեղծութիւններով նշած են իրենց կապուածութիւնն ու յարգանքը այս լեզուին:
Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպն իսկ հայ ազգային արժէքներուն եւ հայերէն լեզուին ներկայացումն ու պանծացումն է: Դանիէլ Վարուժան, իր իւրայատուկ «Վարուժանեան» ժայթաքումներով փառաբանած է իր մայրենի լեզուն: Շաւարշ Նարդունի, իր «Կարօտ Հայ Լեզուի»ով, տողեր շարադրած է:
Վահագն Դաւթեան սիրահարուած հայ լեզուին, իր «Ներբող Հայ Լեզուին» բանաստեղծութեան մէջ. «Դու սէր առաջին, առաջին մորմոք, առաջին աղօթք» կը նկարագրէ զայն:
Վահան Թէքէեան իր «Տաղ Հայ Լեզուին» գործին մէջ անծայրածիր մրգաստան փոխադրուած է. «Քեզ հայ լեզու կը սիրեմ, մրգաստանի մը նման…»:
Պարոյր Սեւակի համար «Դու մեր մեծ երթի գաւազանակիր» («Մայրենի լեզու») հայ լեզուն իւրայատուկ բան կը բուրէ Պոլսահայ Զահրատին համար, որ «Մեսրոպաբոյր»ը կը սկսի բուրումնաւէտ . «Խունկ կը բուրեն…որդան կարմիր ու մագաղաթ կը բուրեն» տողով: Վերջապէս Մուշեղ Իշխանի համար ցամաքամասային լայնատարած իմաստ ունի…«Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն…»:
Հուսկ Բանք, ժամանակն է այլեւս վերարժեւորելու բարոյական ե յաւիտենական արժէքները եւ վերականգնելու ազգային կուռքերն ու կերպարները:

«Հայրենիք»
Յունիս 25, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles