

ԳՐԻԳՈՐ ԳՐԱՃԵԱՆ
Այսպէս կ՛արտայատուին հիւսիսային Սուրիոյ հայկական գիւղերու` Քեսապի, Ղընէմիէի, Եագուպիէի բնակիչները ընդհանրապէս:
Ձմրան եղանակին այս գիւղերը գրեթէ կը պարպուին եւ տարիքաւորներ, պարտիզպաններ եւ մի քանի հողին ամուր փարած “խենթեր“ կը պահեն անոնց գոյութիւնը: Ամրան` Լաթաքիա, Հալէպ կամ Պէյրութ գործով մեկնողները, կը վերադառնան իրենց ընտանիքներով, վերակենդանացնելով գիւղերու կեանքը:
Օգոստոսին գիւղական տուները բնակուած են գրեթէ հարիւր տոկոսով: Քաղաքէն եկող մանուկներ եւ պատանիներ իրենց խանդավառութեան գագաթնակէտը կ՛ապրին, երբ կը պեղեն գիւղին հարստութիւնը` պտղատու ծառերը, ընկուզենիները, բանջարանոցները: Պարսատիկ կը պատրաստեն թռչուն որսալու համար, կրակ կը վառեն կորեկ խորովելու, ծառ եւ լեռ կը մագլցին եւ հոգ չէ թէ կարճ ժամանակի մը համար` կ՛ըմբոշխնեն գիւղի նահապետական կեանքը ազգականներով եւ հարազատներով:

Արեւածագին գիւղին աքլորները նոր օրը կ՛աւետեն եւ մնացեալ ժամերուն մեղուներուն վզզոցն անգամ լսելի կ՛ըլլայ հանդարտ եւ լուռ մթնոլորտին մէջ: Օրուան ընթացքին, մինչ մարդիկ կ՛երթան իրենց հողագործական աշխատանքներուն, տանտիկիններ տունը կարգի կը դնեն. գետին փռուած անկողինները արեւուն կը հանեն, տան մուտքին, տաշտին մէջ փոքրիկները կը լոգցնեն, պարտէզէն քաղուած թարմ բանջարեղէնով, մայրամուտին գործէն վերադարձող տղամարդոց համար ընթրիք կը պատրաստեն:
Այսպէս է գիւղական կեանքի առօրեան բացի գիւղի եկեղեցիի տօնի շաբաթավերջէն, երբ ընդհանուր անդորրը կը խախտի եւ ուխտաւորներ, ազգակիցներ, իրենց աղմկոտ ինքնաշարժներով կը հասնին հանդարտ գիւղին բերելով քաղաքի ժխորը:
Օգոստոս 28-29-ը, այս տեսակի շաբաթավերջ մըն էր Եագուպիէի համար:
Եագուպիէն, Հալէպէն Քեսապ տանող մայրուղիէն դէպի հիւսիս թեքող ճամբուն վրայ կանաչապատ, հայկական գիւղ մըն է: Գիւղի մուտքին ցուցատախտակը հայերէնով բարի գալուստ կը մաղթէ այցելուին, մինչ մայր ճամբան, իրարմէ բաժնելով հայ եւ լատին թաղամասերը, կ՛երկարի մինչեւ բարձունքին կառուցուած հայկական Ս. Աննա եկեղեցին:
Գիւղին երկու հատուածները` հայ եւ լատին, որոնք միեւնոյն արմատները ունեցած են, քսանական թուականներէն ի վեր բաժնուած են իրարմէ հսկայական տարակարծութեամբ մը, որուն իբրեւ հետեւանք` լատինները ամբողջութեամբ արաբացած են: Այցելուն թէեւ կը լսէ Վարդան, Ասպետ, Սուրէն, Մելքոն հայկական անունները, սակայն կ՛անդրադառնայ, թէ խօսակցական լեզուն արաբերէնն է:

Շաբաթ, կէսօրէ ետք, ուխտաւորներով գիւղ ժամանող ինքնաշարժները փոշիի ամպ մը կը բարձրացնեն արեւու ճառագայթներէն խանձած գիւղին վրայ: Պայթուցիկներու անընդհատ ձայնը, ինքնաշարժներու ճչակը եւ դուրսէն ժամանողներուն հայերէն բարձրաձայն խօսակցութիւնը, նշաններ են, թէ տօնը սկսած է արդէն: Երեկոյեան, դէպի Ս. Աննա եկեղեցին տանող բարձունքը եռուզեռի մէջ է: Երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, եղնիկներու նման ցատկռտելով կը բարձրանան եկեղեցիին զառիվերը եւ անկէ կ՛իջնեն վար: Անոնք խանդավառութեամբ իրենց գիշերային ծրագիրները կը մշակեն: Տարեցներ, որոնցմէ շատեր ոտաբոպիկ, շնչահատ կը հասնին եկեղեցւոյ գաւիթը. պահ մը կը հանգչին, ապա երկիւղածութեամբ մոմ կը վառեն եւ Ս. Աննայէն օգնութիւն կ՛աղերսեն:
Եկեղեցիին ժամկոչը մուրճի հարուածներ տալով պատէն կախուած տափակ, քառանկիւնաձեւ, իւրայատուկ մետաղէ զանգակին, հաւատացեալները աղօթքի կը հրաւիրէ: Զանգին զիլ ձայնը կ՛արձագանգէ ամբողջ գիւղին մէջ: Անդին, Եագուպիէի “Ազգային Վերածնունդ“ պարախումբի պատանի-պարմանուհիները տոհմիկ պարերով կը խանդավառեն խրախճանքին մասնակցող` եկեղեցիին գաւիթը հաւաքուած ներկաները: Բոլորն ալ անխտիր, իրենց մարմնի շարժումներով, իրենց հոգիով ու սրտով կը մասնակցին պարեղանակներուն: Բեմ կը հրաւիրուի երիտասարդ երգիչը, որ ներկաներուն կը խոստանայ առանց դադարի երգել երեկոյեան ժամը եօթէն մինչեւ առաւօտեան ժամը եօթը:
Եւ հայկական Եագուպիէն անքուն գիշեր մը կ՛անցընէ արթուն պահելով նաեւ լատիններն ալ, հաւանաբար այն յոյսով որ կրնան խղճահարութիւն մը ունենալ եւ վերադառնալ իրենց արմատներուն:
Կիրակի առաւօտ, Հալէպէն ժամանող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը եւ սկաուուտներ, սուրիական եւ հայկական դրօշակներով կը տողանցեն մայր ճամբէն դէպի եկեղեցի: Իրենց կը հետեւին Հալէպի հայոց առաջնորդը, ինչպէս նաեւ գիւղին երեւելիները եւ հիւրեր:
Եկեղեցիին մուտքը զարդարուած է հայկական եռագոյն փուչիկներով: Գաւիթի հնամենի ծառի ճիւղերէն վար կը սահին եռագոյն ժապաւէններ: Այս բոլորը ցոյց տալու արար աշխարհին, թէ Ս. Աննան հայ է, տասնչորրորդ դարէն մնացած եկեղեցին հայ առաքելական է. Եագուպիէն ի՛նքը հայկական գիւղ է:
Եկեղեցական արարողութենէն եւ օրհնուած մատաղի բաշխումէն ետք ուխտաւորները կը սկսին հեռանալ եւ գիւղին վրայ հետզհետէ կ՛իջնէ հանդարտութիւն եւ լռութիւն:
Շաբաթ մը առաջ, Ս. Աստուծածնայ տօնին առթիւ, միեւնոյն մթնոլորտը կը տիրէր Քեսապի ինչպէս նաեւ հայկական Ղընէմիէ գիւղին մէջ, իսկ նախորդող շաբաթը Արամօ-ի մէջ` Ս. Ստեփանոս եկեղեցիի տօնին առթիւ:
Հիւսիսային Սուրիոյ հայկական գիւղերը տասնեակ հարիւրաւոր տարուան անցեալ մը ունին: Անոնք ներկայիս, իրենց գոյութեան պայքարը կը մղեն արտագաղթին, արաբականացումին, օտար կրօնատեղիներուն‘ մզկիթներուն եւ վերջապէս պարտիզպանական անհատնում դժուարութիւններուն դէմ:
Ասատուր Ասատուրեանի Ղընէմիէի մտերմիկ տան մէջ մեր խօսակցութիւնը կ՛ընդհատուի երեկոյեան, մզկիթէն սփռուող “էզէն“-ի խլացուցիչ ձայնին պատճառաւ: Երեւոյթը ընդվզեցուցիչ եւ անընդունելի է բոլորիս համար: Մի քանի վայրկեան ետք, երբ հանդարտութիւնը կը վերադառնայ գիւղ, Ասատուր ցոյց կու տայ պարտէզին մէջ կրակին վրայ սմբուկ խորովող իր փոքրիկները` Սիրակը, Սուրէնը, Սիւզին եւ բարձրաձայն կը յայտարարէ.
– Իմ մեծ հայրս եւ հայրս հոս ապրած են. ես ալ հոս կ՛ապրիմ, իմ զաւակներս ալ, իրենց զաւակներն ալ հոս պիտի ապրին:
2010