Լրահոս

«Մենք կը նախաձեռնենք քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկի գործընթացը, եւ կը քննարկենք ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու հարցը» Կը Յայտնէ «Միասնութեան Թեւեր»-ի Ղեկավար Արման Թաթոյեանը

 

ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 7-ի ընտրական գործընթացը, ըստ «Միասնութեան Թեւեր» կուսակցութեան տարածած յայտարարութեան, ի սկզբանէ ուղեկցուած է իշխանութիւններու կողմէ վարչական միջոցներու աննախադէպ չարաշահումով։ Կուսակցութիւնը կը նշէ, թէ ընտրարշաւի ընթացքին արձանագրուած են բազմաթիւ խախտումներ, ճնշումներ եւ անհաւասար պայմաններ, որոնք ազդած են ընտրական գործընթացի բնական ընթացքին վրայ։

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ կուսակցութիւնը կը նախաձեռնէ քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկի գործընթացը եւ կը քննարկէ ընտրութիւններու արդիւնքները դատական ու իրաւական կարգով վիճարկելու հնարաւորութիւնները։

«Միասնութեան Թեւեր»-ը կը յայտարարէ, թէ պիտի օգտագործէ օրէնքով նախատեսուած բոլոր միջոցները՝ ընտրողներու կամքը պաշտպանելու եւ ընտրական գործընթացին առնչուող բոլոր կասկածները պարզաբանելու նպատակով։ Կուսակցութիւնը նաեւ կը կոչէ իր համակիրներուն եւ քաղաքացիներուն պահպանելու զգօնութիւնը եւ հետեւելու հետագայ զարգացումներուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button