ՄԵՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ԷՐՏՈՂԱՆԵԱՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄԸ ՄԵԾ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ԳԾԷ

0 0
Read Time:2 Minute, 17 Second

Ա.Ա.

Թուրքիոյ Բարեկեցութեան Հիմնադրամը վերածուեցաւ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի միահեծան իշխանութեան նորագոյն լծակին, երբ նախագահական հրամանագրով մը ան ինքզինք հիմնադրամին նախագահը հռչակեց, իսկ ելեւմուտքի նախարար Պերաթ Ալպայրաքն ալ իր փոխանորդը։ Ալպայրաք Էրտողանի փեսան է եւ կը համարուի ուժեղագոյն անձնաւորութիւնը Թուրքիոյ մէջ՝ Էրտողանէն ետք։
Թուրքեւամերիկեան տագնապին ենթահողին վրայ օրէ օր առաւել խորացող տնտեսական տագնապ դիմագրաւող Թուրքիոյ նախագահը Բարեկեցութեան Հիմնադրամը,որ շուրջ յիսուն միլիառ տոլարի կարողականութիւն ունի, այսպիսով ենթակայ կը դարձնէ իր հայեցողութեամբ կիրարկուելիք ծրագրերու Ֆինանսաւորում հայթայթելու հզօր միջոցի մը, որուն կարիքը զգացուեցաւ երկու տարի առաջ՝ զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք ստեղծուած քաոսին մէջ, երբ քաղաքական- ապահովական զարգացումները սակարանին մէջ վերիվայրումներ պատճառեցին եւ պետական պարտատոմսերուն արժէքը նուազեցուցին։
Օրին Էրտողանի հրահանգով Բարեկեցութեան Հիմնադրամին փոխանցուեցան եւ անոր տնօրինման վստահուեցաւ Թուրքիոյ մեծագոյն ընկերութիւններուն բաժնետոմսերը՝ երկրին ելեւմտական կարողականութիւններուն մէկ կարեւոր համեմատութեան վրայ ամբողջական հակակշիռ հաստատելու ճիգով մը։
Բարեկեցութեան Հիմնադրամին կը պատկանին Թուրքիոյ օդանաւային ընկերութիւնը, հեռաձայնի հաստատ գիծերը բանեցնող Թուրք Թելեքոմը, քարիւղի եւ բնական կազի մղման եւ խողովակաշարերու տնօրինման ընկերութիւնները, պետական երկաթուղին եւ մեծ այլ ընկերութիւններ, որոնց շարժուն եւ անշարժ գոյքերուն, դրամագլուխներուն եւ բաժնետոմսերուն վրայ ամբողջական հակակշիռը կը պատկանի Ռեճէպ Էրտողանի։
Խորքին մէջ մենատիրական ցայտուն այս քայլը կը կատարուի այնպիսի պահու մը, որ կրնայ շահարկուիլ Էրտողանի քլան ին կողմէ, ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ հաստատուած տնտեսական բաւական ծանր պատժամիջոցներուն դէմ պայքարելու քայլերու, որոնց ծածկին տակ ահա նման ինքնանշանակում մը կու գայ առաւել հաստատելու Արեւմուտքին տեղին մտավախութիւնները, թէ Էրտողան մենատիրութեան ձգտումներ ունի եւ կը ջանայ երկաթեայ բազուկով մը կառավարել Թուրքիան։
«Բարեկեցութեան հիմնադրամը այսուհետեւ պետական եկամուտներու հոսքի ուղղութիւն պիտի տայ եւ երկրին ու ժողովուրդին բարօրութեան նպաստող ծրագրերու գործադրութիւնը պիտի ղեկավարէ», կ՛ըսուի Էրտողանի միջավայրին մօտիկ ելեւմտագէտներու կողմէ, որոնք սակայն չեն թաքցներ իրենց որոշ մտահոգութիւնները, թէ տնտեսական ծանր պատժամիջոցներ դիմագրաւող,ինչպէս նաեւ տնտեսական սուր տագնապի մը բոլոր ազդեցութիւնները ապրող Թուրքիոյ տնտեսութեան վերաշխուժացման նպաստող քայլ մը չի համարուիր էրտողանի այս որոշումը, որ նաեւ պետական աղբիւրները կրնայ անուղակիօրէն շահագործել՝ ընտրական յաղթանակներ ապահովելու համար։Եթէ օրինակի համար ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան ամրոցներէն կարեւորագոյնին՝ Իզմիրի կամ Պուրսայի մէջ պետական ծրագրով կատարուելիք բարեզարդման աշխատանքներ կատարուին, անոնք կրնան ընտրողներուն վրայ անուղակի ճնշման միջոցներու վերածուիլ, որպէսզի ընտրութեան պատկերը փոխուի եւ ձայներու որոշ համեմատութիւն մը Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուներուն ուղղուի։ Ամէն ինչ այս իմաստով՝ կախեալ է Էրտողանի որոշումներէն։Ասիկա է, որ մտահոգութիւններու եւ դժգոհութիւններու առիթ կու տայ։
Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին դժուարութիւնները նկատի ունենալով՝ Էրտողանի իւրաքանչիւր քայլը,որ կ՛առնուի, հեղինակութիւնը, ուժն ու ազդեցութիւնը առաւել ամրապնդելու համար, մտածել կու տայ, որ անոր մենատիրութեան դէմ պայքարելու լծակները օրէ օր աւելի կը յափշտակուին ընդդիմութեան ձեռքերէն, որ այլեւս նախկին օրերու ուժեղ աշխարհիկ կարգերու պաշտպան շրջանակներու հաստատուն համակարգը չէ։ Թուրքիոյ մէջ յստակ է, որ իսլամական հանրապետութեան մը դրոյթներու ամրացման հոլովոյթ մը սկսած է եւ որ երկրին ներքին եւ արտաքին խնդիրներուն լուծման իրեն յատուկ հայեցողութիւնները ունի։ Մօտեցումներ, որոնցմէ մին Բարեկեցութեան Հիմնադրամին վրայ ամբողջական հակակշիռ հաստատելու Էրտողանի քայլն էր։ Յառաջիկային ասոր ուղղուած քննադատութիւններն ալ ոչինչ պիտի կարենան փոխել։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles