
Մայիս 9-10ին, Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Պատգամաւորական Ժողովը, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան:
Քուէներու մեծամասնութեամբ՝Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուած է Մեղրիկ Եպիսկ. Բարիքեան: “Ուրախ Լեռ“ շարականի երգեցողութեամբ, ընտրեալ Սրբազան Հայրը առաջնորդուեցաւ Ս. Յակոբ Առաջնորդարանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Կանոնական Աղօթքը։ Ապա “Հրաշափառ“ եւ “Թագաւոր Երկնաւոր“ շարականներու երգեցողութենէն ետք, յանուն ներկայ ժողովականութեան խօսք առաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան, որ շնորհաւորեց ընտրեալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: