ԳլխաւորԼրահոս

Մեկնարկ՝ Հայ Դատի Ամառնային Վարժողական Ծրագիրներուն


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարեշրջանի «Լէօ Սարգիսեան», «Մարալ Մելքոնեան – Աւետիսեան» եւ «Յովիկ Սաղտըճեան» վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները արդէն իսկ ժամանած են եւ լծուած աշխատանքի։ Անոնք Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն ընկերանալով քոնկրէսականներու հետ հանդիպումներ ունեցան եւ արծարծեցին բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին Արցախի եւ Հայաստանի ապահովութիւն, ամերիկեան դպրոցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը իրականացում եւ միաժամանակ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանում։
Այս տարուան ծրագիրին մասնակցողներն են՝ Արամ Գէորգեան, Քրիսչըն Երելեքեան, Թարա Թազեան, Լար Թապաքեան, Վիքթորիա Թոփալեան, Անի Ժամկոչեան, Ալեքս Կիւլճեան, Զապէլ Համբարեան, Սիւնէ Համբարեան, Արամ Հէս, Նաթալիա Մաթոսեան, Սթեֆըն Փիտէճեան, Կրեկըրի Քոտիլեան եւ Մելոտի Սէրայտարեան։
Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ ժամանած, այս երիտասարդները պիտի շարունակեն գործնական դերակատարութիւն ունենալ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային յարաբերութիւնները սերտացնելով եւ զանազան փորձառութիւններ ձեռք ձգելով։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button