Մեկնարկ` Հ.Յ.Դ. 35-րդ Ընդհանուր ժողովի
ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 26-ին, Հ․Յ․Դաշնակցութեան Բիւրոյի հրաւէրով՝ պիտի սկսի Հ․Յ․Դ․ 35-րդ ընդհանուր ժողովը։
Հ․Յ․Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովն է ընդհանուր ժողովը, որ կը քննարկէ նախընթաց ժամանակաշրջանին կուսակցութեան գործունէութիւնը, կազմակերպական ընդհանուր հարցերը, կը նախանշէ յառաջիկայ գործունէութեան համար ռազմավարական նշանակութեան ուղենիշները եւ կ՛ընտրէ Հ․Յ․Դ․ Բիւրօն, որ կուսակցութեան բարձրագոյն գործադիր մարմինն է։
Հ․Յ․Դ․ կազմակերպական կառոյցի բոլոր շրջաններու եւ միաւորներու ներկայացուցիչները կը մասնակցին այս ժողովին, որուն քննարկման առանցքային հարցերը, ի շառս այլոց, կը վերաբերին Հայաստանի անվտանգային միջավայրին, ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն, համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն, հայութեան առջեւ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրներուն եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան։

