
Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ օրացոյցին կէսը կը կազմեն պահոց օրեր: Այդ օրերուն կը հրաժարինք միսով կերակուրներ ուտելէ:
Սակայն պահքի օրերը միայն ատով չեն խորհրդանշուիր, այլ` մեզ հաճոյքներէ եւ վայելքներէ հեռու պահելու, ինչպէս նաեւ խոկումի, ինքնաքննութեան, բարեգործութեան, զղջումի եւ ապաշխարութեան, մեղքերէ ազատման եւ հոգիներու մաքրման օրեր են:
Պահքը կամ ծոմապահութիւնը ներանձնական վիճակ է, եւ զայն պէտք չէ կատարել որպէս ցուցադրութիւն` մեր շրջապատին, այլ ի փառս Աստծոյ: Պահքի նպատակն է մեր մարմինը վարժեցնել սակաւապետութեան, որպէսզի հարստացնենք մեր հոգեւոր կեանքը: Եթէ մէկը ինքնանպատակ ծոմ կը պահէ, օրինակ` փառասիրութեան, կեղծաւորութեան կամ նիհարնալու համար, ատիկա ընդունելի չէ Աստուծմէ, որովհետեւ ապաշխարութեան նպատակով չէ:
Մեր հոգեւորականները կ՛ըսեն, որ պահքը գեղեցիկ է, երբ հոգին իրեն զերծ կը պահէ մեղքերէն: Ի՞նչի կը ծառայէ մարմինը պահքով նիհարցնել, եթէ հոգին կը գիրցնենք մահացու մեղքերով: Մարդը հոգի է եւ մարմին, եւ ինչպէս որ ուտելիքը մարմնին հաճելի է, նոյնպէս` պահքն ալ` հոգիին: Պահքը հոգին սնուցանելու միջոց է. շարականներ, հոգեւոր մեղեդիներ, աւետարանական ընթերցումներ, աղօթքներ. ահա այն ամէնը, որոնցմով հաւատացեալ մարդու հոգին պէտք է սնուցանուի պահքի ընթացքին:
ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԿԻՐԱԿԻՆԵՐԸ
Մեծ պահքը կ՛ընդգրկէ վեց կիրակիներ, որոնք կ՛առընչուին աստուածաշնչեան վեց պատմութիւններու: Այս կարգը սահմանած են Յակոբոս Տեառնեղբայրը (Ա. դար) եւ Կիւրեղ Երուսաղէմացին (Դ. դար): Այդ կիրակիներն են` Բուն բարեկենդան, Արտաքսման, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի եւ Գալստեան:
Բուն Բարեկենդան
Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, այսինքն` աշխարհիկ իմաստով` ուրախութիւն, վայելք, իսկ հոգեւոր իմաստը մեզ կը յիշեցնէ դրախտային երանական այն կեանքը, բարի կենդանութիւնը, զորս կ՛ապրէին Ադամն ու Եւան, մինչեւ մեղանչումով դրախտէն անոնց վտարումը:
Մինչեւ մեղանչելը մարդը մարմնով անմահ էր: Անոր զգացողութիւնը անհամեմատ նուրբ էր, գործողութիւններու կարելիութիւնը` աւելի լայն ու ազատ: Ինչպէս մեր եկեղեցական հայրերը կը բացատրեն` նախամարդու հոգին ու մարմինը այնքան նրբօրէն միահիւսուած էին իրարու, որ մարդը, օժտուած ըլլալով այդպիսի աստուածատուր շնորհներով, առանց որեւէ արգելքի, շփման մէջ կը մտնէր ո՛չ միայն հրեշտակներու եւ երկնային զօրութիւններու, այլեւ` Աստուծոյ հետ:
Երբ մարդը արհամարհեց իր ունեցած ուրախութիւնն ու հետեւեցաւ փորձիչի` սատանայի խօսքին, ոչ միայն նոր ձեռքբերումներ չունեցաւ, այլեւ կորսնցուց ինչ որ ունէր: Այդ կորուստը անկում էր իրեն համար: Մարդը փոփոխութիւններ կրեց թէ՛ հոգեպէս, եւ թէ մարմնապէս: Այլեւս ան չունէր հոգեւոր այն նրբազգածութիւնը, որ իրեն թոյլ կու տար մասնակից ըլլալ երկնային յաւիտենական ուրախութեան: Ան սկսաւ ապրիլ մարմնական, կենդանական կեանքով: Իրականութեան մէջ անկումը միաժամանակ նաեւ մահ էր մարդու համար, քանի որ կորսնցուց այն բարի կենդանութիւնը, որ կը վայելէր դրախտին մէջ:
Ահա բարեկենդանը այս բարի կենդանութիւնն է, որ դրախտին մէջ կը վայելէին Ադամն ու Եւան:
Արտաքսման Կիրակի
Կը խորհրդանշէ Ադամի` դրախտէն արտաքսումը: Ադամը եւ Եւան դրախտի երանութեան մէջ երկար չմնացին. իրենց գործած մեղքերուն պատճառով անոնք դարձան մահկանացու եւ անհնազանդութեան պատճառով արտաքսուեցան ու դատապարտուեցան քրտնաջան աշխատանքով իրենց ամենօրեայ հացը վաստկելու: Սակայն Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ մարդոց առջեւ վերստին բացուեցաւ դրախտի ճամբան, եւ մարդիկ, զղջումով, ապաշխարութեամբ եւ առաքինի վարքով իրենց մեղքերէն մաքրուելով, վերստին արժանացան դրախտային երանութեան:
Անառակի Կիրակի
Աւետարանի օրուայ ընթերցուող առակը կը պատմէ անառակ որդիին մասին (Ղուկ. 15; 11-32): Այս առակը մարդկութեան կու տայ բարոյական մեծագոյն դաս: Մարդ արարածը իր կեանքի ընթացքին կամայ թէ ակամայ մեղքեր կը գործէ: Սակայն երանելի է այն մարդը, որ կ՛ունենայ քաջութիւնը, ինչպէս անառակ որդին, զղջալու եւ իր գործած մեղքերուն համար Աստուծմէ ներողութիւն խնդրելու` ըսելով. “հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ եւ Քո առաջ“ (Ղուկ. 15; 21): Հայրը պատրաստ է ներելու զղջացողին եւ զայն արժանի դարձնելու նախկին փառքին ու պատուին:
Տնտեսի Կիրակի
Աւետարանի օրուայ ընթերցուող առակը կը պատմէ, թէ ինչպէս մեծահարուստ մը գովասանքներու կ՛արժանացնէ իր անիրաւ տնտեսը, որ հնարամտութեամբ կ՛օգտագործէ իրեն վստահուած նիւթական կարելիութիւնները` կարգաւորելով իր կեանքի հետագայ ընթացքը (Ղուկ. 16; 1-8): Մենք այս աշխարհին վրայ Աստծոյ կողմէ նշանակուած ենք տնտես, ուստի անհրաժեշտ է, որ լաւագոյնս տնօրինենք մեր կարելիութիւնները` օգտագործենք զանոնք ո՛չ թէ ի շահ անձնական բարեկեցութեան, այլ` ի շահ անանձնական բարիքի, զանազանուելով‘ անիրաւ տնտեսէն:
Տնտեսի կիրակիէն յետոյ` Մեծ պահքի քսանչորրորդ օրը, կը կոչուի Միջինք: Միջինքը կ՛ազդարարէ, որ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին:
Անիրաւ Դատաւորի Կիրակի
Օրուայ խորհուրդը առնուած է Աւետարանէն (Ղուկ. 18; 1-8): Մարդ յաճախ կը յայտնուի Անիրաւ դատաւորի առակի դատաւորի դերին մէջ, կը պատահի նաեւ հակառակը, երբ նոյն մարդը հանդէս կու գայ այրի կնոջ փոխարէն: Յիսուս այս առակով ցոյց կու տայ, որ պէտք է նմանիլ այրի կնոջ, որ առանց ձանձրանալու աղօթք մատուցեց Աստծոյ, յարատեւօրէն հետապնդեց իր դատը` այն ակնկալութեամբ եւ վստահութեամբ, որ օր մը կարելի կը դառնայ վերագտնել իր կորսնցուցածը եւ անտեսուած իրաւունքը:
Գալստեան Կիրակի
Գալստեան կիրակիով կ՛եզրափակուի Մեծ պահքի “ոսկէ շղթան“: Անով քրիստոնէական Եկեղեցին իր հաւատացեալները կը հրաւիրէ ըմբռնելու Քրիստոսի Երկրորդ գալուստի խորհուրդը: Քրիստոս Իր առաջին գալուստով քանդեց դժոխքի կապանքները եւ բացաւ դրախտի դռները, իսկ Երկրորդ գալուստով պիտի դատէ մեղաւորները եւ արդարները արժանի դարձնէ երկնքի արքայութեան:
Մեծ պահքի ընթացքին հաւատացեալներուն առիթ կ՛ընծայուի մտածելու փրկագործութեան խորհուրդին մասին: Անհրաժեշտ է, որ մարդիկ գիտակցին իրենց ընծայուած այս պարգեւին արժէքին: Մեծ պահքը հոգեւոր իւրայատուկ ճամբորդութիւն մըն է, որ ամէն տարի մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի սուրբ Զատիկ եւ արժանի կը դարձնէ տօնելու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը:
Եւ այսպէս, Բուն Բարեկենդանին սկսած պահքը կը լուծենք սուրբ Զատիկէն մէկ օր առաջ` Շաբաթ երեկոյեան, Ճրագալոյցի պատարագէն յետոյ:
Մեծ Պահքի Խոհեր
Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը քարոզող երկու աոաքեալներէն մին` Սուրբ Թադէոսի մասին հիւսուած աւանդութիւնով մը կը խորհրդածենք Մեծ Պահքի մասին.-
Ս. Թադէոս, որուն անուան հիմնուած փառաւոր վանքը Վասպուրականի այսօրուան Պարսկաստանի սահմաններուն մէջ իր սպաննուած վայրը կը գտնուի, կը յիշուի սիրուն աւանդավէպով մը, որ մեր պապերէն ու մամերէն բերնէ բերան եկեր հասեր է մեզի: Երբ Յիսուս առօք–փառօք Երուսաղէմ կը մտնէր, կին մը տրտում–տխուր կ՛արտասուէր, վասնզի ամուլ էր եւ օրէնքը արգիլած էր ամուլներու մասնակցութիւնը այսօրինակ հանդէսներու: Տէր Յիսուս, որ աւանակի վրայ կը մտնէր Սուրբ Քաղաք, տեսաւ լացող կինը ու ակնարկեց Թադէի, որ հասկնայ թէ ինչո՞ւ կու լայ ան ու կը խանգարէ բոլորին ուրախութիւնը: Կինը ամօթահար կը հեկեկայ “Տէ՛ր իմ, ամո՛ւլ եմ եւ …“: Թադէոս կ՛ընդհատէ անոր խօսքը. “Կի՛ն, գիրկդ քար մը առ, լաթով փաթթէ իբր մանուկ եւ փութա՛ ընդաոաջ“:
Այդ կինը Առաքեալին խրատը կը յարգէ եւ ըսածները կ՛ընէ, բայց մեծ կ՛ըլլայ ներկաներուն զարմանքը, երբ այդ քարէ մանկիկը լեզու կ՛ելլէ եւ անդադար կը ճուայ. “Ովսաննա՜, ովսաննա՜“: Տէր Յիսուս կը նայի Թադէին ու կ՛ըսէ,- “Թադէ՛, այդ քարէ ծնուած երախան քարէ պիտի մեռնի, քարկոծ պիտի ըլլայ, եւ քո ժողովուրդը քարէ ծնուած ժողովուրդ թող ըլլայ, քարի պէս հաստատուն իր հաւատքին մէջ“:
Բոլոր հին աւանդութիւնները միաձայն են, թէ այդ երախայ-քարն էր Սուրբ Ստեփանոս, որուն կնքահայրն եղաւ Թադէոս առաքեալ:
Աւանդական Սովորութիւններ
Մեծ Պահքի առաջին օրը հոգեւոր մաքրութեան կ՛ուղեկցի նաեւ առարկայական մաքրութիւնը: Տանտիկիններ կանուխէն կ՛ելլեն, թոնիր կը վառեն, ու տան բոլոր աման-չաման, պղինձ-պղընձ-կալ, պտուկ-ճլոր եւ այլն օճառի փսորներով կը մաքրեն ու կը պոտին (ուժով շփեն), եւ եօթն անգամ ջինջ ջուրով կը լուան…:
Այդ օրը ձեղունէն կը կախուի պահքի եօթը շաբաթները խորհրդանշող եօթը հատ փետուր, որոնց ծայրերը մխուած են խնձորի կամ սոխի, կամ ալ խմորէ շինուած գնդակի մը մէջ, որ կը կոչուի “Ագտալիզ“: Փետուրներուն չորսը ճերմակ պէտք է ըլլան, երեքը` սեւ: Ամէն մէկ շաբթուան վերջաւորութեան փետուր մը կը փրցուի: Չորս ճերմակ փետուրները կը նշանակեն ձմրան սպիտակ ձիւնը, իսկ երեք սեւ փետուրները` գարնան այն օրերը երբ երկիրը հողով ու կանաչով կ՛երեւի:
Առաստաղէն կախուած Ագտալիզը տարբեր տեղեր տարբեր անուններ ու տարբեր ձեւեր կը ստանայ, օրինակ, Պայպուրթի կողմերը “Կոկորիճ“ կ՛անուանեն եւ անոր սոխէ գնդակին ալ կ՛ըսեն “խարա– խոնճոլոզ““, փետուրները մխուելէն վերջ միայն` “Կոկորիճ“:
Նախիջեւանի մէջ առաստաղէն կախուած խամաճիկին կ՛ըսեն Մրմռաս, զոր յատուկ ժապաւէններով կը զարդարեն, Զատկինը` կարմիր, Ծաղկազարդինը` կանաչ, Լուսաւորիչինը սպիտակ եւ միւսները` սեւ:
Միջինքի Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամուն ջուրով եւ ձէթով լի կոնք մը կը դրուի եւ կ՛ըսուի “լիճք“, ուր եղեգեայ խաչի մը մէջտեղ պատրոյգ մը կը վառի մինչեւ լոյս: Աոաւօտուան մաս մաս կը բաժնուի գիւղի տուներուն այդ ջուրը, որ խառնելով խմորի մէջ շինուի նոյն օրուան բաղարջը, որուն կ՛ըսուի “Միջունք“ կամ “Կլոճ“: Այս բաղարջին մէջ դրամ կամ ուլունք ալ կը դրուի իբր գուշակ բախտի, ինչպէս` Կաղանդին: