«Մեծ Ուրախութեամբ Կը Յայտարարենք Հ.Օ.Մ.-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Նորակառոյց Շէնքին Բացումը Սեպտեմբեր 6-ին»ՙ Կը Յայտնէ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեան
Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, մեր թերթի էջերը գրաւած են Հայ Օգնութեան Միութեան զանազան շրջաններու եւ մասնաճիւղերու կողմէ Հ.Օ.Մ. ի Արցախի Ստեփանակերտ քաղաքի «Սօսէ» Մանկապարտէզի վերակառուցման համար հանգանակային ձեռնարկները։ Իրօք, Համահայկական առումով կատարուած այս աշխատանքը կը հովանաւորէ Հ.Օ.Մ. ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որուն ատենապետուհին է Գարոլին Շմաւոնեանը։ Ընկերուհին այս պաշտօնը ստանձնած էր Հ.Օ.Մ.-ի 71րդ Համահայկական Ժողովի աւարտէն անմիջապէս վերջ՝ Հոկտեմբեր 2015 ին՝ նախապէս 4-տարուան շրջան մը Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահի պաշտօնը վարելէն ետք։ Շմաւոնեան Հ.Օ.Մ.-ի իր պարտականութիւններուն կողքին, կը պաշտօնավարէ տնտեսական ծառայութիւններու հաստատութեան մը մէջ։ Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը կատարուած Հ.Օ.Մ. ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեանի հետ:
Հարցում.- Ինչպէ՞ս սկսան Սօսէ Մանկապարտէզները։
Պատասխան.- Արցախի ազատագրական պայքարին հետեւանքով, Ստեփանակերտի մէջ կային շատ մը փոքրիկներ որոնց հայրերը զոհուած ազատամարտիկներ էին։ Մանկամսուրի կամ մանկապարտէզի տարիք ունեցող մանուկներուն մայրերը պէտք ունէին որ իրենց զաւակները ապահով տեղ մը ունենան բաւարար սնունդ ստանալու եւ դաստիարակուելու, մինչ իրենք կը փորձէին տունէն դուրս աշխատավարձ ապահովել։
Այս իրողութիւններուն վրայ հիմնուած, 1998-ի գարնան, Արցախի մէջ հիմը դրուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի մանկապարտէզներուն՝ որոնցմէ առաջինը Ստեփանակերտինն էր։ Մանկապարտէզները «Սօսէ» անուանուեցան որովհետեւ այս մանուկներուն մայրերը մէյ-մէկ «Սօսէ»-մայրիկներ էին։ Իւրաքանչիւր մանկապարտէզ անկիւն մը կ՚ունենար զոհուած ազատամարտիկներու նկարներով։ Պզտիկներու հայրենասիրական ոգին ինքնաբերաբար կ՚արթննար, մանաւանդ ի տես իրենց ուսուցիչներուն ու վերակացուներուն հայրենասիրական ազգանուէր նուիրումին։
Ստեփանակերտի մանկապարտէզի առաջին — եւ ներկա՛յ — տնօրէնուհին, ընկերուհի Նելլի Ղուլեանը, նահատակ հերոս Աշոտի (Բեկոր) այրին է։ Այդ օրերուն, շէնքերը կը տրամադրուէին Արցախի Պետութեան կողմէ, իսկ Հ.Օ.Մ.-ի կատարած անհրաժեշտ վերանորոգումներէն ետք՝ մանկապարտէզները իրենց դռները կը բանային։

