ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ Հ.Օ.Մ.-Ի ԵՐՐՈՐԴ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 6 Second

 

Հայ Օգնութեան Միութեան միջազգային Երրորդ Նաւապտոյտը տեղի ունեցաւ Յունիս 30-էն Յուլիս 14-ի միջեւ, մասնակցութեամբ աւելի քան 210 Հ.Օ.Մ.-ականներու եւ հայ թէ օտար համակիրներու:

Հ.Օ.Մ.-ի այս Երրորդ Նաւապտոյտը եւրոպական զանազան ոստաններ այցելեց: Անոր մասնակիցները հաւաքուեցան Մեծն Բրիտանիա, ուր Հ.Օ.Մ.-ի մասնաճիւղը թէ՛ գեղատեսիլ վայրերու շրջագայութիւններ կազմակեպած էր, թէ՛ յատուկ ընդունելութիւն մը որուն ընթացքին Նաւապտոյտի մասնակիցներն ու լոնտոնահայութիւնը հանդիպեցան իրարու:

Նախատեսուած ծրագրին համաձայն, Նաւապտոյտը ճամբայ ելաւ Մեծն Բրիտանիոյ Սաութհէմփթընի նաւահանգիստէն, այցելեց Ֆրանսայի Փրովանսի շրջանը, ապա Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքը, մայրաքաղաք Հռոմը, Քորսիքա կղզիի Աժաքսիոյ քաղաքը, ապա Սպանիոյ Սեւիա քաղաքը:  Նաւապտոյտը իր գագաթնակէտին հասաւ Փորթուգալի մայրաքաղաք` Լիզպոնի մէջ, ուր նախապէս կատարուած կարգադրութեան համաձայն հանրաշարժներ Նաւապտոյտի մասնակիցները նախ տարին շրջագայութեան մը դէպի Լիզպոնի պատմական ու տեսարժան վայրեր, ապա ուղղուեցան դէպի Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան թանգարանը: Այնտեղ Նաւապտոյտի մասնակիցները ընդունեց »Կիւլպէնկեան« Հիմնարկութեան հայկական ծրագիրներու փոխ-տնօրէնը, տեղի ունեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործին մասին կարճ ժապաւէնի մը ցուցադրութիւն, ապա մասնակիցները շրջագայեցան թանգարանէն ներս, անոր տնօրէնին ընկերակցութեամբ, որ ո՛չ միայն սպառիչ պատասխաններ տուաւ հարցումներուն այլ բարձր գնահատեց հայկական խումբով «Կիւլպէնկեան« թանգարանը այցելելու Հ.Օ.Մ.-ի նախաձեռնութիւնը: 

Լիզպոնէն ետք Սպանիոյ Վիկօ քաղաքին տրուած այցելութենէ մը ետք, զբօսանաւը վերադարձաւ Մեծն Բրիտանիոյ Սաութհէմփթընի նաւահանգիստը, ուրկէ նաւապտոյտին մասնակիցները իրենց երկիրները վերադարձան տանելով իրենց հետ ուրախ օրերու անմոռանալի յիշատակներ:

Նաւապտոյտին ընթացքին, նաւուն վրայ տեղի ունեցան չորս հայկական երեկոներ ու խնջոյքներ, զորս խանդավառեցին Արթուր Աբգարեանն ու իր նուագախումբը: Հ.Օ.Մ.-ի Օրուայ նշումի կողքին, որպէս մշակութային ձեռնարկ, մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցաւ Պարետ Մարոնեանի Ցեղասպանութեան Որբերը (Orphans of the Genocide) ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:

Նաւապտոյտի մասին գնահատանքի խօսքերն ու ելեկտրոնային նամակները կը շարունակեն հասնիլ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան: «Հրաշալի ժամանակ անցուցինք Նաւապտոյտի ընթացքին եւ հաստատ պիտի մասնակցինք յաջորդին»,- կ’ըսէ մասնակիցներէն մէկը: «Յատուկ շնորհակալութիւն Կիւլպէնկեան թանգարանի այցելութիւնը կազմակերպելու համար, որ Նաւապտոյտը հասցուց իր գագաթնակէտին»,- կը գրէ երկրորդ մը: «Ամէն ինչ սքանչելի կազմակերպուած էր. այս իմ առաջին մասնակցութիւնս էր Հ.Օ.Մ.-ի Նաւապտոյտին բայց հաստա՛տ վերջինը պիտի չըլլայ»,- կը գրէ երրորդ մը: «Յաջորդ Նաւապտոյտը ե՞րբ է. կը խնդրեմ անմիջապէս որ որոշէք` տեղեակ պահէք մեզ»,- կը գրէ ուրիշ մը: 

«Շնորհակալ ենք Նաւապտոյտի բոլո՛ր մասնակիցներուն, որոնք իրենց հաճելիին միացուցին օգտակարը Հ.Օ.Մ.-ի այս նախաձեռնութեան մասնակելով, իմանալով որ անոր հասոյթը պիտի յատկացուի միութեան բարեսիրական ծրագիրնեուն: Մեր գաղութներու ապրած այսօրուան տագնապալի իրականութեան մէջ Հ.Օ.Մ.-ը կարիք ունի ամէն մէկ լումայի կարենալ ծառայելու համար աշխարհի տարբեր անկիւններու կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն»,- յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ Հ.Օ.Մ.-ի Նաւապտոյտի պատասխանատու Շաքէ Պասմաճեանը:

Յառաջիկայ ամիսներուն Հ.Օ.Մ.-ը պիտի յայտարարէ իր կազմակերպելիք յաջորդ նաւապտոյտի մանրամասնութիւնները:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles