ԳլխաւորԼրահոս

Մեծ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային 35-րդ Բանակումը

Տարեկան դրութեամբ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա․Մ.Ն.-ի սկաուտները կը հաւաքուին իրենց շրջանային բանակումին համար: Այս տարուայ «ռելի» բանակումը իւրայատուկ էր, որովհետեւ մէկ շաբթուան ընթացքին մօտ 120 սկաուտներ ընկերական մրցակցութեան մասնակցեցան՝ գիտնալու համար, թէ ո՞ր մասնաճիւղը յաղթական դուրս պիտի գայ: Բանակումը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 11-էն 18, Միլթընի (Մասաչուսէց) «Նիւ Ինկլընտ Պէյզ Քէմփ»-ին մէջ, հիւրընկալութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պոսթըն մասնաճիւղին: Բանակումին ներկայ էին Շիքակոյի, Տիթրոյթի, Նիւ Ճըրզիի, Փրաւիտենսի, Ուաշինկթընի եւ հիւրընկալ Պոսթընի մասնաճիւղերը:
Կիրակի երեկոյեան, բոլոր արիներն ու արենուշները հասած էին բանակավայր, պատրաստ՝ իրենց վրանները լարելու եւ մեկնարկը տալու բանակումին: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղի տրամադրուած էր յատուկ բաժին մը յարդարելու իրենց բանակավայրերը, վրանները լարելու եւ շաբթուայ իրենց բնակարանը պատրաստելու: Բանակումը պաշտօնապէս սկսաւ Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 7:00-ին: Իւրաքանչիւր սկաուտ պատասխանատու էր ժամը 8:00-ին պատրաստ ըլլալու վրանի քննութեան համար։ Տարբեր մասնաճիւղի խմբապետ մը կու գար իրենց բանակավայրը եւ վրանը կը ստուգէր: Իւրաքանչիւր վրան պէտք էր պատրաստ կանչ մը ունենար, երբ քոյրը կամ եղբայրը իրենց վրանը կը ստուգէր, ինչպէս նաեւ անոնք պէտք էր պատասխանէին խմբապետին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վերաբերեալ երկու հարցումներուն։ Այս հանգրուանը «ռելի» բանակումին պզտիկ բայց կարեւոր բաժինն էր: Որքան բարձր նիշ ստանար վրանը՝ քննութեան ժամանակ, այնքան շատ կէտ կը հաւաքէր այդ մասնաճիւղը։
Վրանի ստուգումէն ետք, բոլորը կը հաւաքուէին դաշտը՝ բացման արարողութիւնը կատարելու։ Այս ժամանակ է որ բոլորը կը զգային միասնական, հակառակ գոյութիւն ունեցող մրցակցութեան։ Հիւրընկալ մասնաճիւղին կողմէն պատրաստուած համեղ նախաճաշէն ետք, սկաուտները պատրաստ էին սկսելու իրենց օրը։ Առաջին օրը, բանակողները մեծամասնութեամբ կեդրոնացած էին իրենց բանակավայրի աշտարակը կազմելու, ձեռային աշխատանքի եւ խարոյկահանդէսի պատրաստութեան վրայ: Պոսթընի եւ Շիքակոյի մասնաճիւղերը կրցան նաեւ այս օրը օգտագործել «BB» հրացան եւ աղեղնաձգութիւն: Օրուան ընթացքին շրջանային Խմպապետուհի Թինա Պարսումեանը եւ շրջանային Խմպապետ Կարէն Կարապետեանը կը հարցնէին «ռելի»-ի անպատրաստից հարցումներ (Rally Pop Quiz): Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ունէր ներկայացուցիչ մը՝ հարցումներուն պատասխանելու կամ աշխատանք մը կատարելու: Երեկոյեան, բոլորը հաւաքուեցան խարոյկի շուրջ, երգելու, հին ընկերներու հետ տեսնուելու եւ նոր ընկերներ ծանօթանալու:
Երեքշաբթի օրը սկսաւ նոյն ձեւով, որովհետեւ բոլորին քով յաղթելու կամքը բարձր էր: Բոլորը սկսան աւելի եռանդուն աշխատիլ իրենց բանակավայրը ամբողջացնելու համար, որովհետեւ շրջանային սկաուտական Խորհուրդը շուտով պիտի գար եւ գնահատէր իւրաքանչիւր մասնաճիւղի տարածքը: Փրաւիտենսի եւ Տիթրոյթի մասնաճիւղերը կրցան նաեւ այս օրը օգտագործել «BB» հրացան եւ աղեղնաձգութիւն: Պոսթընի մասնաճիւղէն, Սոնիա Ուրֆալեան «Թիփի Բորան» երգը սորվեցուց բոլոր սկաուտներուն: Գիշերուան խարոյկահանդէսը պատրաստած էր Ուաշինկթընի մասնաճիւղը։ Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ստացաւ ցանկ մը, որ պէտք էր ամբողջացներ իրենց խաթոյկահանդէսի ընթացքին եւ նիշը նկատի պիտի առնուէր «ռելի»-ին համար։
Սկաուտները բանակումի առաջին երկու օրերը իրենց մասնաճիւղերու բանակավայրերը ամբողջացնելէ ետք, միասնաբար հաւաքուեցան։ Բանակողները բաժնուեցան խումբերու եւ մասնակցեցան տարբեր գործունէութիւններու, ինչպէս պարան պատրաստել, կրակ վառել, ժայռ մագլցիլ, «BB» հրացան գործածել եւ աղեղնաձգութիւն կատարել: Օրուան ընթացքին շրջանային վարչութենէն եւ շրջանային սկաուտական խորհուրդէն անդամները շրջեցան ամէն բանակավայրերը՝ ստուգելու անոնց շինած աշտարակները, մասնաճիւղերու դրօշներն ու ընդհանուր բանակավայրի տարածքը եւ գնահատականներ ներկայացուցին իւրաքանչիւր մասնաճիւղին՝ իրենց աշխատանքը ամբողջացնելէ ետք։ Ընթրիքի ժամանակ բանակավայր ժամանեցին գայլիկներն ու արծուիկերը։ Անոնց ներկայութիւնը հաճելի մթնոլորտ ստեղծեց սենեակին մէջ, որովհետեւ անոնք ալ նոյնպէս անհամբեր կը սպասէին սկսելու իրենց շաբթուայ գործունէութիւնը։ Բանակումի ամբողջ ժամանակը, այս սկաուտներն ու իրենց առաջնորդները միասին մնացին։ Դրօշակի արարողութենէն կարճ ժամանակ ետք, բոլորը հաւաքուեցան՝ դիտելու Տիթրոյթ մասնաճիւղի աշխոյժ խարոյկահանդէսը։
Հինգշաբթի օր, բոլորը ոգեւորուած էին եւ պատրաստ՝ ցուցադրելու իրենց տեղական նահանգները՝ տեղադրելով իրենց տաղաւարի օրուայ սեղանները։ Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ցուցադրեց այն իրերը, որոնցմով հանրածանօթ է իրենց քաղաքը, ինչպէս նաեւ նկարներ, խաղեր եւ մրցանակներ ներկայացուցին։ Այս կէսօրէ ետքը անցաւ երաժշտութեամբ եւ զուարճանքով, մանաւանդ որ բանակողներր առիթ ունեցան այցելելու իւրաքանչիւր մասնաճիւղի տաղաւարը եւ տեսնելու, թէ ի՞նչ պիտի հրամցնեն։ Շատ ընելիքներ կային, ինչպէս Ուաշինկթընի դաջուածք (tattoo) կատարել,ը Փրաւիտենսի ֆութպոլի կոլ նշանակելու մրցումը, Պոսթընի «Տանքին» սուրճ համտեսելը, Տիթրոյթի «փոփ» համտեսել, կամ Նիւ Ճըրզիի «Լիթըլ Իթըլի»-ն այցելելը։ Բոլոր մասնաճիւղերը երկար ժամանակ անցուցին իրենց սեղանները պատրաստելու, բանակումէն առաջ եւ ընթացքին։ Ճաշէն ետք շրջանային վարչութենէն եւ շրջանային սկաուտական խորհուրդէն անդամներ եկան այցելելու իւրաքանչիւր սեղան, հարցումներ հարցուցին եւ գնահատեցին մասնաճիւղին աշխատանքը։
Երեկոյեան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը զրոյց մը ունեցաւ երէց սկաուտներու հետ, Հայաստանի ներկայ վիճակին եւ տարբեր կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Դ․-ի, հայոց եկեղեցւոյ եւ սփիւռքի տեսակէտներուն մասին: Գայլիկներն ու արծուիկները կրցան հանգստանալ, «Մոկլի» ժապաւէնը դիտել եւ զանազան խաղերու միջոցով իրար աւելի մօտէն ճանչնալ:
Գիշերուայ փոթորիկն ու անձրեւը երբեք արգելք չեղաւ, որ բանակողները շարունակեն իրենց ծրագիրը: Վկայեալ կարգը ստացան հետեւեալ հինգ սկաուտները, որոնք անցեալ տարի յաջողութեամբ ամբողջացուցած էին վկայեալ կարգի լայնածաւալ ծրագիրը՝ Նինա Ոսպիկեան (Պոսթըն), Անի Ուրֆալեան (Պոսթըն), Նարեկ Պասմաճեան (Տիթրոյթ), Շանթ Միհրանեան (Ուաշինկթըն) եւ Արամիկ Ալահվերտեան (Ուաշինկթըն)։
Այս կարգը ամենաբարձրն է, որ սկաուտ մը կրնայ ստանալ շրջանէն եւ երկրորդ ամենաբարձր մրցանակն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ծրագրին մէջ։
Արդէն Ուրբաթ էր։ Շաբաթը կը վերջանար եւ բոլոր մասնաճիւղերուն համար ժամանակն էր փորձել յաւելեալ կէտեր հաւաքել։ Անոր համար մասնաճիւղերը իրար դէմ կը մրցէին տարբեր խաղերով, ինչպէս պարանի քաշքշուկ, կացինի եւ սղոցի գործածութիւն, կարգ մը կապեր, եւայլն։ Բոլորը կը խրախուսէին իրենց մասնաճիւղերը, քանի որ ժամանակն ու հմտութիւնը կարեւոր գործօններն էին յաղթանակի համար։ Գայլիկներն ու արծուիկները կրցան ստեղծել իրենց սեփական բանակավայրերը եւ վայելել ու զովանալ ջրային սահնակներով։ «Համազգային»-ի շրջանային վարչութեան անդամ եւ նախկին շրջանային Խմպապետուհի՝ բժիշկուհի Ալին Պաղտասարեան կլոր սեղանի շուրջ դասախօսութիւն մը տուաւ՝ նուիրուած հայ մշակոյթի պահպանման կարեւորութեան եւ լեզուի, թէ անոնք ինչ դեր կը խաղան մեր ապագային համար։ Խարոյկահանդէսը կատարեցին Պոսթընի, Շիքակոյի, Փրաւիտենսի եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղերը։
Շաբաթ օրը հասած էր շարդէն իսկ։ Բանակողները կեդրոնացած կը պատրաստէին իրենց բանակավայրերն ու գիշերուայ խարոյկահանդէսը, ինչպէս նաեւ կը պատրաստուէին փակման արարողութեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոլոր անդամները, ծնողները, ընտանիքներն ու բարեկամները հրաւիրուած էին բանակավայր՝ փակման արարողութիւնն ու խարոյկահանդէսը դիտելու։ Բոլորը առիթ ունեցան բանակավայրը պտտելու արարողութիւնը սկսելէն առաջ։
Արարողութեան ընթացքին խօսք առին շրջանային խմբապետուհի Թինա Պարսումեան եւ շրջանայի վարչութեան ատենապետ Վիգէն Խաչատուրեան։ Մրցանակներ յանձնուեցան շրջանային խմբապետ Կարէն Կարապետեանի եւ շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամ Ատամ Աքչեանի, իսկ շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետուհի Լոռի Փիլիպոսեանը շնորհաւորական խօսքը տուաւ։ Վերջին խօսք առնողն էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Թանաշեանը։
Փակման արարողութենէն ետք հիւրերը հրաւիրուեցան ընթրիքի։ Խարոյկահանդէսի ծրագիրը լեցուն էր նախորդ գիշերներու յայտագրերով եւ կանչերով, ինչպէս նաեւ նոր ծրագիրներով։ Բոլոր մասնաճիւղերը միասնաբար մէկ խումբ կազմած էին:
Շնորհակալութիւն բոլոր սկաուտներուն, որոնք բարձր պահեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Բարձրաձի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը։ Շնորհակալութիւն՝ խմբապետական Կազմին, յատկապէս շրջանային խմբապետներ՝ Թինա Պարսումեանին եւ Կարէն Կարապետեանին, շրջանային երէց Շանթ Միհրանեանին եւ գոյքապահ/պահակապետ՝ Արթուր Արսլանեանին։ Շնորհակալութիւն՝ շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամներուն, որոնք անխոնջ աշխատեցան այս բանակումը կազմակերպելու համար։ Շնորհակալութիւն՝ բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ-ի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Շաբաթ երեկոյեան խարոյկահանդէսին։ Յատուկ շնորհակալութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ-ի Պոսթըն մասնաճիւղին, իր կատարած անխնայ աշխատանքին եւ հիւրընկալութեան, պատրաստելով հարիւրէ աւելի բանակողներու օրական ուտեստեղէնը եւ ապահովելու անոնց բոլոր կարիքները: Պոսթընի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի ատենապետ՝ Ժիրօ Իսկէնտէրեանը եւ մասնաճիւղի վարչութեան սկաուտական կապ՝ Շանթ Ոսպիկեանը, հմտօրէն կատարեցին իրենց պարտականութիւնը՝ փոխադրութիւն դէպի բանակավայր, ճաշերու պատրաստութիւն եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներ: Բոլորին աշխատանքը գնահատանքի արժանի է, որուն պատճառով յաջողեցաւ այս իւրայատուկ բանակումը:
2025-ի «ռելի» բանակումի յաղթական մասնաճիւղ – Տիթրոյթ
Այլ մրցանակներ՝
Լաւագոյն աշտարակ – Տիթրոյթ
Լաւագոյն տաղաւար – Պոսթըն
Լաւագոյն խարոյկահանդէս – Շիքակօ
Սկաուտական Ոգի – Ուաշինկթըն
Բանակավայրի մաքրութիւն եւ տեսք – Տիթրոյթ
Խանդավառ մասնաճիւղ – Նիւ Ճըրզի
Անհատական մրցանակներ՝
Տիպար բանակող – Մէրի Մարգարեան – Ուաշինկթըն
Կամաւոր բանակող – Միւրոն Տօնիկեան – Տիթրոյթ
Խանդավառ բանակող – Ռաֆֆի Աւագեան – Փրաւիտենս
Ստորեւ, կարգ մը բանակողներու կարծիքները․-
Դրօ Համագործեան – Տիթրոյթ
«Բանակումին իմ սիրած բաժիններէն մէկը այն էր, որ չնայած թէ «ռելի» բանակում մըն էր եւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ կը մրցէր միւս մասնաճիւղերուն դէմ, կը զգայի որ ես իմ տունս եմ: Ամբողջ փորձառութիւնը իւրայատուկ էր, որովհետեւ շրջապատուած էինք հայերով, որոնք կրնային նոյն լեզուով խօսիլ եւ նոյն սկաուտական ոգին ունէին։ Ես նաեւ իսկապէս զարմացայ, թէ որքան մեր մասնաճիւղը լաւ համախմբուած էր: Մենք աշխատեցանք իմ ակնկալութենէն շատ աւելի, աջակցեցանք եւ աւարտին յաղթական դուրս գալ։ Հիանալի զգացում մըն էր։ Միաժամանակ կային մրցակցութիւն, միասնութիւն եւ հպարտութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին մաս կազմելու»:
*
Քաթիա Միրաշեան – Տիթրոյթ
«Այս տարուայ բանակումին ամենէն աւելի տպաւորիչ մասը մեր մասնաճիւղի աճն էր, որպէս մէկ ընտանիք, բայց աւելի կարեւորը՝ մեր կապերը, որոնք ստեղծեցինք միւս մասնաճիւղերուն հետ։ Արեւելեան շրջանի տարբեր նահանգներէն եկած սկաուտներուն հետ եօթը օր անցնելը անհաւատալի իւրայատուկ կապ մը ստեղծեց, որ երբեք պիտի չմոռցուի: Թէեւ դժուար էր տունէն հեռու ըլլալ, սակայն հաճելի էր տեսնել, թէ ինչպէ՞ս համայնքները միաւորուելով՝ իրենց սէրը ցոյց կու տային Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանդէպ։ Չնայած որ «ռելի» բանակում էր, այս փորձառութիւնը օգնեց որ կատարելագործեմ իմ սկաուտական հմտութիւններս, ինչպէս հանգոյցներ կապել, գործիքները ճիշտ ձեւով գործածել եւ այլ գիտելիքներ, ան յոյսով, որ կրնամ օգտագործել «ճամպորի»-ի ընթացքին»։ 
*
Թիֆանի Արուեստեան – Պոսթըն
«Իմ կարծիքս աներեւակայելիօրէն հաճելի եւ հետաքրքրական էր։ Միանալով միւս մասնաճիւղերէն եկած բոլոր ընկերներուս հետ, շաբաթը անցուցինք ձեռնարկներով լեցուն։ Ամէն օր զբաղած էինք տարբեր տեսակի գործունէութիւններով, ինչպէս աղեղնաձգութիւն, «BB» հրացան գործածել սորվելով, աշտարակ շինելով եւ շատ աւելին։ Մասնաճիւղերը կը մրցէին իրար դէմ։ Լաւագոյն բաժիններէն մէկը գիշերային խարոյկահանդէսներն էին, ուր իւրաքանչիւր մասնաճիւղ «սքէչ»-ներ կը ներկայացնէր, բանակողները իրար կը խրախուսէին եւ առիթ չէին փախցնէր մրցելու, թէ ո՞ր մասնաճիւղը՝ կանչերով եւ երգերով ամէնաբարձրաձայնն է: Շաբթուան վերջը հիանալի է տեսնել բոլոր աշտարակները եւ բանակավայրերը։ Ընդհանուր առմամբ, բանակումի շաբաթը իսկապէս լաւագոյն շաբաթս էր»։
*
Լիանա Իսկէնտէրեան – Պոսթըն
«Շրջանային բանակումէն տպաւորութիւններս եւ փորձառութիւնս հիանալի են։ Մասնակիցներուն մրցակցութիւնը, անոնց տարած ծանր աշխատանքը, եւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղի ցուցաբերած հայկական ոգին, անգամ մը եւս զիս յիշեցուցին, թէ ինչքա՛ն կարեւոր է մաս կազմել Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մեծ ընտանիքին եւ ստեղծել մտերմիկ յարաբերութիւններ։ Ինծի համար շատ հաճելի էին այն պահերը, երբ մեր մասնաճիւղին աշտարակը կը շինէինք եւ անհամբեր կը սպասէինք տեսնել մնացեալ մասնաճիւղերուն ստեղծագործութիւնները։ Երախտապարտ եմ այս կազմակերպութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարզի մէջ մեր բերած մասնակցութիւնը՝ ըլլայ սկաուտական թէ մարզական, մեզի օգնեց, որպէսզի աւելի եւս զարգացնենք եւ զօրացնենք մեր արմատները»։
*
Ռապըրթ Քանապի Ճունիըր – Նիւ Ճըրզի
«Պոսթընի շրջանային բանակումը երկարատեւ յիշողութիւններ ստեղծեց ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ իմ ընկերներուս համար։  Միայն փայտերով եւ հանգոյցներով շինուած, 15 ոտնաչափ բարձրութեամբ պահակադիտանոցի (watch-tower) նման աշտարակ կազմելը, այս իւրայատուկ փորձառութեան իմ սիրած մասն էր: Արի և արենոյշ ընկերներուս հետ այս աշտարակը շինելը ցոյց կու տայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կարգախօսը՝ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր», որովհետեւ առանց մեր գիտելիքներուն եւ օգնութեան չէինք կրնար ամբողջացնել։ Ես անհամբեր կը սպասեմ ապագային, կրկին միասին աշխատելու իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ»։
*
Աննա Տօնապետեան – Նիւ Ճըրզի
«Բանակումին նախընտրած մասս, տարբեր մասնաճիւղերու անդամ՝ իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս տեսնելն էր։ Ես ժամանակ անցուցի այն բանակողներուն հետ, որոնց յաճախ չեմ տեսներ, ինչ որ այս բանակումը շատ հաճելի դարձուց։ Ես սորվեցայ նաեւ նոր գիտելիքներ, օրինակ՝ աշտարակ շինել եւ վստահ ըլլալ, որ ան կանգուն է։ Իմ առաջնորդներս լաւ հոգ տարին բոլոր բանակողներուն եւ ուզեցին, որ մենք հիանալի ժամանակ անցնենք։ Ես 100%-ով կը վերադառնամ բանակում։ Ես արդէն կարօտցած եմ»։
*
Անի Փափազեան – Շիքակօ
«Այս տարուայ շրջանային բանակումը ինծի համար տարբեր փորձառութիւն էր, բայց անկասկած՝ լաւ փորձառութիւն։ Մեր մասնաճիւղէն միայն երեք սկաուտ ներկայ էինք բանակումին, սակայն միանալով ուրիշ մասնաճիւղի մենք մեզ զգացինք մեր երկրորդ տան մէջ: Պոսթընի մասնաճիւղը գրկաբաց մեզ ընդունեց եւ ես երախտապարտ եմ միւս քոյրերուս, իմ իրական քոյրերը անուանելու համար։ Նաեւ, ես շատ լաւ ժամանակ անցուցի միւս մասնաճիւղերէն եկած իմ մտերիմ ընկերները տեսնելով եւ միասին պատրաստուելով յաջորդ տարուայ բանակումին»։
*
Ալեքսանտր Խոճա-Էյնատեան – Շիքակօ
«Շրջանային Բանակումը իսկապէս յիշարժան փորձառութիւն էր։ Ես հնարաւորութիւն ունեցայ մտերմանալու Արեւելեան շրջանի իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ, միասին ստեղծելով իմաստալից նոր փորձառութիւններ։ Ինծի համար ամենէն շատ տպաւորեց երբ տաղաւարի օրը, երբ բոլոր մասնաճիւղերը հպարտօրէն կը ներկայացնէին իրենց քաղաքները։ Ես նաեւ կը կարծեմ որ այս տարուայ «ռելի» բանակումի ձեւը շատ լաւ էր՝ բացայայտելով իւրաքանչիւր սկաուտի լաւագոյն կողմերը եւ ընդգծելով անոնց մասնաճիւղերուն ուժեղ կողմերը։ Ես անհամբեր կը սպասեմ տեսնել, իմ բոլոր քոյրերն ու եղբայրները «ճամպորի» 2026-ին»։
*
Արամիկ Ալահվերտեան – Ուաշինկթըն
«Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին անդամակցած եմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմին։ Տարիներու ընթացքին, ես մասնակցած եմ բազմաթիւ բանակումներու, բայց այս տարուան բանակումը վրաս երկարատեւ եւ դրական տպաւորութիւն ձգեց։ Որպէս Ուաշինկթընի մասնաճիւղի խմբապետ, այս շրջանային բանակումին իմ սիրած մասն այն էր, որ տեսայ, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր մասնաճիւղ կը ձգտի կառուցել լաւագոյն աշտարակը։ Բանակումի առաջին երեք օրերը յատկացուած էին իւրաքանչիւր մասնաճիւղի՝ իրենց բանակավայրերը պատրաստելու եւ աշտարակ կառուցելու համար։ Առաջին երկու օրերէն ետք,  նկատելի էր ամէն մէկ մասնաճիւղի զօրաւոր կողմերը եւ ես կրնայի տեսնել, թէ ինչպէ՞ս իւրաքանչիւր մասնաճիւղ պատրաստ էր հիանալի աշտարակ բարձրացնելու։ Ընդհանուր առմամբ մենք ունէինք վեց մեծ աշտարակ՝ մէկը իւրաքանչիւր մասնաճիւղի համար, իսկ միւս գլխաւոր աշտարակը՝ կառուցուած էր իւրաքանչիւր մասնաճիւղի քանի մը սկաուտներու օգնութեամբ։ Երբ գլխաւոր աշտարակը կառուցելու ժամկէտը եկաւ, անոնք ամբողջովին պատրաստ չէին։ Ես այս առիթը օգտագործեցի, որպէսզի Ուաշինկթընի սկաուտները օգնեն շրջանային խմբապետներուն եւ միւս պատասխանատու սկաուտներուն: Մենք պատրաստ էինք օգնելու, պարաններ կապեցինք, հանգոյցներ կազմեցինք եւ ի վերջոյ  ամբողջացուցինք: Բոլորս միատեղ աշտարակ շինելու աշխատանքը ցոյց կու տար, թէ որքան միասնական ենք որպէս Արեւելեան շրջան: Ես հպարտ եմ մեր աշխատանքով եւ պիտի շարունակենք գալ տարուայ «ճամպորի»-ի ընթացքին: Վստահօրէն կրնամ ըսել, որ Արեւելեան շրջանը պատրաստ է անգամ մը եւս յաղթական աշտարակ մը կառուցելու, ինչպէս 2023-ի «Ճամպորի»-ին մեր աշտարակը յաղթական դուրս եկաւ»։
*
Մէրի Մարգարեան – Ուաշինկթըն
«Բանակումը լեցուն էր անմոռանալի փորձառութիւններով։ Չնայած որ կային բազմաթիւ կարեւոր իրադարձութիւններ, ինչպէս տաղաւարի օր եւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղի իւրայատուկ խարոյկահանդէս, իմ նախասիրածս մասնաճիւղիս խարոյկահանդէսն էր։ Մենք բոլորս միակամօրէն աշխատեցանք կազմակերպելու համար եւ նոյնիսկ փորձերու ժամանակ, մեր սխալները սրբագրելով, աւելի լաւ գաղափարներ ստեղծեցինք, նոր կանչերու եւ հետաքրքրական «սքէչ»-ներու միջոցով։ Ուրախ էի նաեւ, որ կրցայ կազմակերպել սահուն ներկայացում մը։ Վերջաւորութեան մեր ներկայացումը ինծի յիշեցուց, որ խարոյկը պարզապէս զուարճալի ներկայացում մը չէ, այլ խմբային աշխատանքի, հպարտութեան եւ որպէս մասնաճիւղի միասնաբար աշխատելու արտացոլումն է»։
*
Նատիա Քէշիշեան եւ Սարին Խաչատուրեան – Փրաւիտենս
«Շրջանային բանակումիմ մեր սիրած մասը տաղաւարն էր։ Մենք սիրեցինք տեսնել բոլոր այն եզակի ցուցադրութիւնները, որոնք կը ներկայացուէին մասնաճիւղերուն կողմէ։ Մենք սորվեցանք նոր եւ հետաքրքիր տեղեկութիւններ իւրաքանչիւր նահանգի մասին։ Հիանալի էր այցելել իւրաքանչիւր տաղաւար եւ փորձել նոր ուտելիքներ, որոնք իւրաքանչիւր նահանգի ամենայայտնին էին։ Ընդհանուր առմամբ, տաղաւարը հիանալի նոր միջոց էր իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մասին տեղեկանալու։ Տաղաւարը պէտք է ներառուի ապագայի ամէն բանակումներուն»։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ.-
կայքէջ – www.homenetmen.com
Instagram – homenetmen.east
Facebook – Homenetmen Eastern Region USA

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button