
ՊԷՅՐՈՒԹ (Լիբանան).- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը, կատարուեցաւ Անթիլիասի (Լիբանան) մայրավանքէն ներս, Յունիս 12-էն 14:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ ժողովին, Մայրավանքի Վեհարանի Դահլիճին մէջ: Բացման նիստին, յետ դիւանի ընտրութեան եւ օրակարգի ու ժամանակացոյցի որդեգրման, փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը:
Ժողովի երկրորդ նիստը յատկացուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի ատենագրութեան ներկայացման` խտատեսիլի ճամբով, որ ամփոփ գիծերու մէջ տեսալսողական միջոցով պատկերացում տուաւ կատարուած աշխատանքներու մասին անցնող քառամեակին, որ քաղուած էր աւելի քան 150 էջերէ բաղկացած ընդարձակ տեղեկագիրէն: Ապա, յաջորդական երկու նիստերով տեղի ունեցաւ քննարկումը սոյն տեղեկագիրին: Արտայայտուած գաղափարներն ու արծարծուած մտածումները կը միտէին կրօնական դաստիարակութեան զարկ տալ, նախանձախնդրութեամբ մօտենալով մեր եկեղեցւոյ արժէքներուն, յատկապէս որոնելու համար միջոցներ` երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտեցնելու: Ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ ու բացատրութիւններ տրուեցան, սկզբունքով յառաջիկայ Սեպտեմբերին Ս. Էջմիածինի մէջ, երկու Գահակալներու` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի նախագահութեամբ գումարուելիք Եպիսկոպոսական Ժողովին մասին:
Ժողովը դրականօրէն արտայայտուեցաւ այն բոլոր աշխատանքներուն մասին, որոնք մեր եկեղեցին կը բանան օտարներուն, ծանօթացնելով հայոց արժէքները, յատկապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց կալուածէն ներս:
Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան, Էջմիածին-ԱՆթիլիաս փոխ-յարաբերութեան, Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ երիտասարդութեան նկատմամբ հոգածութեան, Հայ յարանուանութեանց հետ յարաբերութեանց եւ իւրաքանչիւր տարին Կաթողիկոսութեան կողմէ յատուկ լուսարձակի տակ բերելու աշխատանքները դրական որակուեցան, հակառակ սահմանափակ մարդոյժին ու նիւթական համեստ պայմաններուն:
Ապա կատարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի ատենագրութեան ներկայացում` խտատեսիլի ճամբով, որ ամփոփ գիծերու մէջ տեսալսողական միջոցով պատկերացում տուաւ կատարուած աշխատանքներու մասին անցնող քառամեակին, որ քաղուած էր մօտ 140 էջերէ բաղկացած ընդարձակ տեղեկագիրէն:
Յաջորդ օրը, Տէրունական Աղօթքով ու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները, գլխաւորաբար կեդրոնանալով Կեդրոնական Վարչութեան քաղաքական ժողովի տեղեկագիրին վրայ:
Իրերայաջորդ նիստերով նաեւ քննարկումը կատարուեցաւ տպագրուած լայնածաւալ տեղեկագիրին, որ կ՛ընդգրկէր Քաղաքական Ժողովին իրագործած ծրագիրները, սկսելով ազգային, տեղական մակարդակէն, մինչեւ համասփիւռքեան, համահայկական ու միջազգային մակարդակը: Ժողովականները իրենց հարցումներկ ուղղեցին Քաղաքական Ժողովի անդամներուն եւ իրենց հարցումներուն պատասխանները ստացան:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեամբ Քաղաքական Ժողովին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն գծով, ամբողջական արժեւորումը տեղի ունեցաւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցներուն կողմէ, յատկապէս գնահատելով սահմանափակ մարդոյժով ու նիւթական նուազագոյն կարելիութիւններով իրագործուած հսկայական ծրագիրները:
Ապա, յատուկ կերպով խօսուեցաւ հետեւեալ կէտերու մասին.-
1) Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան Յանձնախումբի մասին, թէ ինչ հեռանկարներ կան իրագործելիք: Ինչպէս նաեւ ազգային վարժարաններէն ներս կրօնի դասաւանդման մասին խօսուեցաւ:
2) Մնայուն հիմնադրամ յառաջացնելու գաղափարը կը մնայ անհրաժեշտ ու այժմէական: Նորին Սրբութիւնը այս ուղղութեամբ լայն բացատրութիւն տուաւ եւ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը մնայուն հիմնադրամ ունենալու, որպէսզի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը տնտեսական դժուարութիւններ պէտք չէ ունենայ:
3) Հայկական պահանջատիրութեան գծով, Վեհափառ Հայրապետին միջազգային տարողութեամբ կատարած աշխատանքը, եւ Կաթողիկոսարանէն ներս թէ դուրս տեղի ունեցած միջազգային գիտաժողովները լուսարձակի տակ բերին Կիլիկեան Ս. Աթոռին հետեւողականութիւնը այս առնչութեամբ: Ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղաւ ներկայ տարւոյս Ապրիլ 24-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս` Գարեգին Բ.ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Արամ Ա.ի միատեղ ստորագրած պահանջագիրի մասին: Տակաւին, խօսուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին իրագործուելիք ծրագիրներու ու նպատակներու մասին: Այս ծիրէն ներս նաեւ խօսուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Ղարաբաղի մէջ կառուցուած “Նոր Կիլիկիա“ գիւղի մասին:
4) Սուրիահայ Գաղութի մասին յատուկ կերպով խօսուեցաւ եւ բացատրութիւններ տրուեցան, Սուրիոյ ներկայ կացութեան պատճառով, սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու պատկան Թեմերու միջոցաւ կատարուած օժանդակութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով եւ մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ սուրիահայութեան օժանդակութեան համար հաւաքուած նիւթական գումարներուն եւ անոնց գործուղման մասին: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. “Ամբողջական նուիրումով պիտի շարունակենք աջակցիլ ու օժանդակել սուրիահայութեան“:
5) Յունաստանի տնտեսական վիճակի տագնապի մասին ալ խօսուեցաւ: յատկապէս յունահայ Թեմին կրած ազդեցութիւնը այդ տագնապէն: Յունաստանի պատգամաւորներէն մին, մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ այդ ուղղութեամբ եւ խօսեցաւ Թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին:
6) Անթիլիաս-Էջմիածին փոխ-յարաբերութեանց հարցը եւս մասնաւոր կերպով օրակարգի նիւթ դարձաւ յընթացս ժողովի: Այս գծով կրկին անգամ վերահաստատուեցաւ մեր Ս. Աթոռին յանձնառութիւնը` եղբայրական ոգիով շարունակել գործակցութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ, ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ներքին միասնականութեան պահպանման:
7) Հայաստանի պետութեան հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութիւնը եղաւ սիրալիր: Մեր Ս. Աթոռին ազգային թէ միջազգային գործունէութիւնը ու արժէքը ծանօթ է Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ գնահատուած անոնց կողմէ:
8) Խօսուեցաւ նաեւ Ս. Աթոռին կողմէ իրագործուած շինարարական ծրագիրներուն, թէ՛ Կաթողիկոսութեան պատկանող կալուածներուն վրայ կատարուածներուն եւ թէ Ղարաբաղի մէջ “Նոր Կիլիկիա“ գիւղի շինութեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ արդէն իսկ կատարուած շարք մը շինարարական աշխատանքներուն, որոնք կ’իրագործուին մեր Թեմերուն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերարներու գործակցութեամբ ու աջակցութեամբ: Շինարարական գլխաւոր աշխատանքներէն են, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կանգնած Ապրիլեան Նահատակներու Յուշարձանի վերանորոգումը. Պիքֆայայի մէջ Միաբանական շէնքի կառուցում, Ապրիլեան Նահատակներու Խորանի կառուցում, Ապրիլեան Յուշարձանի շրջապատի վերադասաւորում, ինչպէս նաեւ Ճպէյլի մէջ` Թռչնոց Բոյնի ամէնէն հին շինութիւնը Ցեղասպանութեան Թանգարանի վերածելու ծրագիրը:
Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր արժեւորում կատարելով կատարուած քննարկումներուն, իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ մտածումներով.-
“Առաջին հերթին մեր կատարած գործը առաքելութիւն է: Մենք գնահատականի կարիք չունինք, արժեւորումի կարիքն ունինք, որպէսզի մեր կատարած գործը ըլլայ աւելի կատարեալ ու արդիւնաւէտ: Երկրորդ` մեր կատարած գործը չի՛ սահմանափակուիր որոշ շրջագիծի կամ որոշ թեմերու նեղ սահմաններուն մէջ, այլ` համահայկական տարողութիւն ունի մեր կատարած գործը“:
Նաեւ երկու նիստեր յատկացուած էին.-
– Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդում եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:
– Սուրիահայութեան ներկայ կացութեան մասին Բերիոյ Հայոց Թեմէն ղրկուած զեկոյցին, եւ սուրիահայութեան մասին պատրաստուած բանաձեւի ընթերցումին:
– Քրիստոնէական Դաստիարակութեան գրասենեակին կատարարծ աշխատանքներուն:
Իւրաքանչիւր զեկոյցի աւարտին, կատարուեցան քննարկումներ եւ լուսաբանութիւններ կատարուեցան:
Վերջին օրուան անդրանիկ նիստը յատկացուած էր երիտասարդութեան: Լայնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ այն մասին, թէ ներկայիս ինչպէ՛ս կարելի է երիտասարդութիւնը մասնակից դարձնել մեր կեանքին, հայկական իրականութենէն հեռացած երիտասարդները ի՛նչ կերպով կարելի է կրկին մօտեցնել մեր իրականութեան, երիտասարդական հաւաքներ յառաջացնել, համալսարանական ուսում ունեցող երիտասարդները ինչպէ՛ս կարելի է ներառել մեր եկեղեցիին հովանիին տակ ու օգտուիլ անոնց ուսումէն ու փորձառութենէն: Այս առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց. “Պէտք է, որ երիտասարդութիւնը ներկայութիւն դարձնենք մեր կեանքին մէջ: Պէտք է ճիշդ ձեւերը գտնենք, որ երիտասարդութեան հետ երկխօսութեան մէջ մտնենք: Անցած է հրահանգելու ժամանակը: Պէտք է երկխօսութեան ճամբով խօսինք երիտասարդութեան հետ եւ հարցնենք, թէ ի՞նչ կ՛ուզէ ան: Այս ուղղութեամբ գլխաւոր երեք կէտերու մասին պէտք է խօսինք.- Ի՞նչ է հայ երիտասարդին ինքնութեան հասկացողութիւնը: Ինքնութիւնը ինքնանպատակ ու ինքնավախճան չէ: Հայ ըլլալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր կեանքին: Երիտասարդութեան դիմաց մեր կեանքին բոլոր դռները պէտք է բացուին: Մեր կեանքին մասնակցիլ կը նշանակէ ղեկավարութեան մաս կազմել: Մեր երիտասարդները այսօր իրենց քննարկումներով, մասնագիտական մօտեցումներով, հարցադրումներով ու առաջարկներով պիտի վերանորոգեն մեր կեանքը: Պէտք չէ բացասական դառնանք: Մեր հաւաքական կեանքին մասնակից է երիտասարդութիւնը: Սակայն անոր ներկայութիւնը պէտք է աւելի գործօն ու ամբողջական դարձնենք: Երկար տարիներ մեր կառոյցներուն առնչուած իտէալներու, սկզբունքներու ու աւանդութիւններու շուրջ կազմաւորեցինք մեր երիտասարդները: Համահայկական արժէքներու համակարգին շուրջ պէտք է համախմբենք զանոնք: Սակայն, մեր համահայկական արժէքներու համակարգը պէտք է սերտ երկխօսութեան մէջ ըլլայ համամարդկային արժէքներու համակարգին հետ: Նեղ օղակներու մէջ չեն կրնար մնալ երիտասարդները. փակ դռներու առջեւ չենք կրնար սպասել երիտասարդները, անոնք մասնակից են համաշխարհայնացած աշխարհի մշակոյթին: Հետեւաբար, հայ երիտասարդութեան կազմաւորման ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն պէտք է միանայ, ինչ որ անմիջականօրէն կապ պիտի ունենայ ու գիտակ ըլլայ համամարդկային արժէքներու համակարգին“:
Հայեցի դաստիարակութեան գծով եւս ներկայացուեցան երկու զեկոյցներ, որոնց մէջ յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ հայապահպանման կարեւորութեան` հայ դպրոցին եւ հայերէնաւանդ հայ ուսուցիչին առանցքային դերակատարութիւնը շեշտելով, եւ յատուկ անդրադարձ կատարելով վերջերս Արամ Ա. վեհափառին ջանքերով յառաջացած Արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման յանձնախումբին: Ժողովականները իրենց հարցումներով, քննարկումներով ու առաջարկներով հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտեցին: Նիստի աւարտին Արամ Ա.` ընդհանուր բացատրութիւններ տալով, իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. “Ներքին բախում կայ մեր աւանդական մտայնութեան եւ ներկայ երիտասարդութեան մօտեցումներուն միջեւ: Մենք պէտք է հասկնանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ: Ո՞վ է հայը: Ի՞նչ արժէքներու շուրջ ձեւաւորենք հայ երիտասարդը: Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը որոշումի հարց է: Մենք սփիւռքին մէջ որոշեցի՛նք հայ ըլլալ ու հայ մնալ, եւ այդ ուղղութեամբ կառոյցներ ու հաստատութիւններ հիմնեցինք, եւ ամբողջական նուիրումով պայքարեցանք, որպէսզի պահենք մեր ինքնութիւնը: Այսօր հայ ըլլալը ամէնօրեայ տագնապ է: Պէտք է պատկանելիութեան զգացումը ամրապնդենք մեր երիտասարդութեան մօտ: Պատկանելիութիւնը տեսական յղացք չէ: Պատկանելիութիւնը մասնակցութեամբ պէտք է թարգմանուի, եւ պէտք է գործնապէս արտայայտենք մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Հետեւաբար, մեր կրթական կառոյցներուն մէջ պէտք է մեր հին մեթոտները լուրջ վերափոխութեան ենթարկենք“:
Նիստէն ետք ընթերցուեցաւ սուրիահայութեան ի նպաստ յայտարարութիւն մը` “Սուրիահայութեան օժանդակութիւնը համազգային պարտականութիւն է“ խորագիրով: Յայտարարութեան ընթերցումէն ետք կատարուեցան քննարկումներ յայտարարութեան գծով:
Յաջորդ նիստը յատկացուած էր միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց: Ներկայացուեցան երկու զեկոյցներ, ուր մանրամասնօրէն նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխուժ դերակատարութիւնը միջեկեղեցական ու միջկրօնական գործունէութեան մէջ` յանձինս Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Կիլիկեան միաբանութեան: Ներկայացուած զեկոյցներէն ետք քննարկումներ կատարուեցան, եւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական գործունէութեան ծիրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխարհագրական դիրքէն մեկնած յատկապէս, կարեւոր նկատուեցաւ, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան իմաստով. այս վերջին կէտին մասին Արամ Ա. մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ ժողովականներուն` յստակացնելով, թէ ի՛նչ բանի վրայ կը կայանայ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը. ան ըսաւ. “Այս երկխօսութիւնները չեն միտիր աստուածաբանական հարցերու մասին քննարկումներ կատարելու, այլ` կը միտին փոխադարձ հասկացողութիւն եւ տեղեկութիւններու ու փորձառութեանց փոխանակման` կարենալ հաշտ ապրելու համար նոյն ընկերութեան մէջ“:
Ապա ընթերցուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի վերաբերող յայտարարութիւնը, եղան քննարկումներ ու առաջարկներ, որոնցմէ ետք յայտարարութիւնը ժողովականներուն կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ:
Ազգային Ընդհանուր ժողովի օրակարգի վերջին նիստի ընթացքին ընթերցուեցաւ Բանաձեւի յանձնախումբին զեկոյցը, որմէ ետք քննարկումներ կատարուեցան: Ապա թեմերէն առաջարկներ կատարուեցան: Աւարտին Ազգային Ընդհանուր ժողովը կատարեց ընտրութիւնը յաջորդ քառամեակին համար` Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն: Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան` Կորիւն Արք. Պապեան, Օշական Արք. Չօլոյեան, Վարուժան Արք. Հերկելեան, Խաժակ Արք. Յակոբեան, Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գեղամ Արք. Խաչերեան, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Շահան Եպս. Սարգիսեան, Շահէ Եպս. Փանոսեան, Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեան: Իսկ Քաղաքական ժողովի անդամ ընտրուեցան` Պետրոս Գարաճրճեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Սուրէն Սարգիսեան, Արթիւր Նազարեան, Վիգէն Գասապեան, Արա Տէմիրճեան, Ճորճ Շահինեան, Վարդան Վարդանեան, Խաժակ Տիքիճեան, Վահէ Եագուպեան, Տրդատ Մանկիկեան, Յակոբ Եափուճեան եւ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, որոնք կը ներկայացնեն զանազան թեմերը:
Եզրափակելով Ազգային Ընդհանուր ժողովը` Արամ Ա. կաթողիկոս հայրական իր խօսքը ուղղեց բոլորին` գնահատելով այն կապուածութիւնը եւ նուիրումը, զորս ցուցաբերեցին պատգամաւորները` հանդէպ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Կաթողիկոսը ըսաւ. “Կաթողիկոսարանին մէջ կատարուող աշխատանքը չորս պատերու մէջ չի սահմանափակուիր, ոչ ալ միայն Լիբանանի, այլ` մեր բոլոր թեմերուն համար է, որ կը կատարենք մեր առաքելութիւնը: Հետեւաբար թեմերուն մասնակցութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ ու հրամայական: Թեմերը պէտք է կաթողիկոսարանին հետ գործակցին: Անթիլիասը իր ծառայութեամբ մնայուն ու կենդանի ներկայութիւն պէտք է դառնայ մեր թեմերուն մէջ“:
Սուրիահայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն անդրադառնալով` վեհափառը ըսաւ. “Սուրիահայ մեր գաղութին տագնապը համահայկական խնդիր է: Պէտք է այս գիտակցութեամբ շարունակենք մեր աջակցութիւնը: Մենք այդ տեսլականով պիտի գործենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ համահայկական մտածողութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ընդհանրական շահերուն առանցքը կը կազմէ“:
Խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով շեշտեց, թէ` “համահայկական մտածողութիւնը, տեսիլքը, հայեցակէտը մեր սուրբ աթոռին ծառայութեան հիմքն է ու նպատակը: Մեր ժողովուրդը այս սուրբ աթոռէն սպասում ունի, եւ մենք այդ գիտակցութեամբ է, որ կը ծառայենք: Մենք սպասաւորներն ենք մեր ժողովուրդին, եւ ինչ որ կ՛ընենք մեր պարտաւորութիւնն է: Մենք գնահատանքի կարիքը չունինք: Մեր գործը, ծառայութիւնը կը կատարենք պատասխանատուութեան ոգիով եւ համարատուութեան գիտակցութեամբ: Մեր աթոռը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը: Մեր Աթոռին մեծութիւնն ու հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջն է“: Հայրապետական եզրափակիչ իր պատգամի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց բոլոր պատգամաւորները: Յատուկ գնահատանք արտայայտեց շրջանաւարտ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան զոյգ ժողովներուն: Շնորհաւորեց նոր ընտրուած զոյգ ժողովները եւ բարի ու արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց անոնց: Ապա կաթողիկոսին “Պահպանիչ“ աղօթքով ու իր օրհնութեամբ փակուեցաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որմէ ետք միաբաններն ու ժողովականները միասնաբար երգեցին “Կիլիկիա“-ն ու “Ի վեհ բարձանց“ մաղթերգը:
Երեկոյեան ժողովականները` Արամ Ա. վեհափառին գլխաւորութեամբ, մասնակցեցան ճաշկերոյթի, որուն ընթացքին գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուեցաւ: Իսկ, Շաբաթ, Յունիս 15-ին, Ազգային Ժողովէն պատուիրակութիւն մը, առաջնորդութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանին, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: