
ԹԻՐԱՆԱ.- Նոյեմբեր 1-5-ին, տեղի ունեցաւ կրօնի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու նուիրուած միջազգային համագումար մը՝ «Խտրականութիւն, Հալածանք, Նահատակութիւն՝ Միասնաբար Հետեւիլ Քրիստոսի» խորագրով: Համագումարը կազմակերպուած էր «Կլոպըլ Քրիշչիըն Ֆորում»ի կողմէ, համագործակցութեամբ Ալպանիոյ Ուղղափառ, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն:
170 եկեղեցական եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն համագումարին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:
Համագումարի ընթացքին զանազան շրջաններու ներկայացուցիչները խօսեցան եկեղեցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ժողովին հրաւիրուած էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ Հալէպի շրջափակումի պատճառով կարելիութիւնը չէր ունեցած ներկայ գտնուելու: Հայր Յուսիկը հիմնուելով Շահան Սրբազանին փոխանցած տեղեկութիւններուն վրայ ժողովականներուն պարզեց Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի քրիստոնէութեան իրավիճակը: Խօսքին մէջ ան առաջարկեց, որ եկեղեցիները իրենց ձայնը լսելի դարձնեն պետական շրջանակներու մէջ՝ դիւանագիտական լուծումներ գտնելու, եկեղեցիներուն թիկունք կանգնելու՝ բարոյապէս ու նիւթապէս եւ քրիստոնեայ-իսլամ համագործակցութիւնը ամրապնդելու: Սեպուհ Սրբազան նաեւ խօսեցաւ Իրանի հայկական համայնքին մասին եւ նշեց թէ ամենուրէք հարցեր գոյութիւն ունին, սակայն երկխօսութիւնը լաւագոյն միջոցն է դուրս գալու այդ դժուարութիւններէն:
Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ’ուղղէր պետութիւններու եւ կրօններու ըլլալու հանդուրժող եւ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները: