Լրահոս

 ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԲԱՑԱՒ 2026-2027 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԴՌՆԵՐԸ

Ամէն տարի, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, կը վերաբացուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի կրթական-ուսումնական տարեշրջանի դռները՝ վերանորոգ ոգիով շարունակելու Հայ եկեղեցւոյ ազգային ու հոգեւոր առաքելութիւնը։ Առ այդ, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Դպրեվանքի տեսուչ Գերապատիւ Տէր Պարոյր Ծայրագոյն Վարդապետ Շէրնէզեան մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ յաւուր պատճաշի քարոզեց։ Սուրբ Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները, հայրապետական թափօրի առաջնորդութեամբ, բարձրացան Վեհարան, ուր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէ մը ետք Վեհափառ Հայրապետին պատգամով բացուած յայտարարուեցաւ Դպրեվանքի 2026-2027 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին հայրապետական թափօրը, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, որ կ՚ընդգրկէր աստուածաշնչական ընթերցում, ասմունք, շարականներ ու ազգային երգեր եւ տեսուչ հայր սուրբի խօսք։

Հայր Պարոյր իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ գիրերու գիւտը հայու ինքնուրոյն մշակոյթի կազմաւորման ճառագայթող արեւածագ է, ուրկէ կը շողան Աստուծոյ մեծահրաշ զօրութիւնն ու հայու ոգին դրսեւորող անշեղ կամքը։ Այս գիւտով սկիզբ դրուեցաւ ազգային եւ եկեղեցական կեանքին՝ «ապացուցելով բոլորին, որ արեւածագ կերտելու համար պէտք է նախ արեւածագը տեսնել միտքի ու հոգիի խորքերուն մէջ»։ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս հետեւեցաւ այս օրինակին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան վերածնունդն ու արեւածագը տեսաւ Դպրեվանքի հիմնադրութեամբ։ «Նոյն արեւածագներու յոյսով է, որ Դպրեվանքը իր տարեշրջանի բացումը կը կատարէ այսօր՝ իր առաքելութեան սլացքը միախառնելով Մեսրոպեան տեսիլքին, Սահակ կաթողիկոսի աննկուն կամքին, Բաբգէն Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոսի ուսումնատենչ շունչին եւ առաջին տեսուչ Շահէ Ծ. Վրդ. Գասպարեանի վաստակին։ Կը գիտակցինք, որ մեզի այդ արեւածագները ժառանգել ու վայելել չէ կտակուած միայն, այլ՝ վստահուած է նոր արեւածագեր կերտելու կոչումն ու պարտականութիւնը։ Եւ ահա, այդ գիտակցութեամբ, Դպրեվանքի տարեմուտի արեւելքին հետ, կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ վառ պահելու Մեսրոպեան շունչը եւ թիավարելու ներկայ կեանքի պայմաններու ալեկոծող դժուարութիւններուն ընդմէջէն»։

Դպրեվանքի կրթական-ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական բացումը իր գագաթնակէտին հասաւ Նորին Սրբութեան հայրապետական պատգամով։ Ան ընդգծեց ինքնութեան կարեւորութիւնը հաւաքական կեանքի բարգաւաճման մէջ։ Հայրապետը վերյիշեցուց, որ ինքնութիւնը ազգի մը գոյատեւման եւ հզօրացման երաշխիքն է, մանաւանդ պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց։ Ինքնութեան կերտման հիմնական ազդակները կը հանդիսանան ազգային արժէքները, խորհրդանիշները, աւանդութիւններն ու իտէալները, որոնք լոկ պիտակներ ու տեսութիւններ չեն, այլ կը պահանջեն հաւատարմութիւն, յանձնառութիւն եւ կենսագործում։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը խօսեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հոգեւոր յեղափոխութեամբ ընթացք առած հայու ինքնութեան, որ ա՛լ աւելի հզօրացաւ Մեսրոպ Մաշտոցի մշակութային յեղափոխութեամբ. «հոգեւորը, ազգայինը, մշակութայինը, դարձան մէ՛կ ամբողջութիւն. անանջատելի, բայց՝ անխառն ամբողջութիւն», հաստատեց ան։ Անդրադառնալով հայոց պատմութեան՝ Հայրապետը նշեց, թէ պատմութիւնը կ՚ապացուցէ, որ երբ հոգեւոր եւ ազգային ինքնութիւնը զօրեղ է, զօրեղ է նաեւ ազգը. ի դէպ, պատմութեան ընթացքին կատարուած այս ամբողջութիւնը պառակտելու ներքին եւ արտաքին քանդիչ ոյժերու փորձերը յաղթուած են միայն այն ժամանակ, երբ մեր ժողովուրդը գիտակից կեցուածք ցուցաբերած է իր պատմութեան հանդէպ եւ կառչած մնացած է Լուսաւորչեան ու Մաշտոցեան հոգեւոր ու ազգային յեղափոխութեանց։

Advertisement Donate Today

«Եւ այսօր, մեր Եկեղեցին, եւ այս պարագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր Դպրեվանքով ու Միաբանութեամբ, լծուած է մեր ազգին ինքնութիւնը պահող ու պահպանող, հզօրացնող ու յաւերժացնող արժէքներու, իտէալներու, խոհրդանիշներու կենսագործման՝ մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս։ Այս առաքելութիւնը սոսկ խօսքով կարելի չէ իրագործել, այլ՝ մարդով՝ պատրաստուած մեր ազգին, Հայրենիքին, Եկեղեցւոյ ծառայելու գիտակից կոչում ունեցող մարդով», ընդգծեց ան եւ խօսքը ուղղելով Դպրեվանքի աշակերտներուն՝ ըսաւ. «Սիրելի՛ դպրեվանեցիներ, մենք ա՛յս տեսակ մարդ կը պատրաստենք Դպրեվանքին մէջ, եւ դուք կոչուած էք այս տիպի մարդեր դառնալու. ո՛չ սովորական մարդիկ, այլ՝ առաքեալներ» եւ վստահեցուց, որ Դպրեվանքը այս առաքելութեան ու կոչումին լծուած՝ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով։

Արամ Ա. Կաթողիկոս պատգամը եզրափակեց՝ ըսելով. «Դպրեվանքնեան կեանքին ու առաքելութեան այս հանգրուանին, Մեր սպասումն է, որ տեսչութիւն, ուսուցչական կազմ եւ մանաւանդ աշակերտութիւն, ա՛յս գիտակցութեամբ կառչած մնան Դպրեվանքի առաքելութեան։ Եւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդով պարուրուած, Մեր մաղթանքն ու աղօթքն է, որ Թարգմանչաց հոգին ձեր մէջ մնայ ծաղկող, հզօրացնող, կազմաւորող ներկայութիւն։ Այդպէս եղաւ Թարգմնաչաց սերունդը մեր կեանքին մէջ. հոգի մը, որ մեր ժողովուրդին ոյժ տուաւ, մեր ժողովուրդին յոյս տուաւ խաւարին դիմաց եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդեց փոթորիկներուն ընդմէջէն։ Ահա Դպրեվանքի առաքելութիւնը։ Մենք բոլորս ա՛յս տեսլականով ու նուիրումով պիտի շարունակենք Դպրեվանքի առաքելութիւնը՝ Աստուծոյ փառքին, մեր ազգին անսասանութեան եւ մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան ի խնդրիր»։ Աւարտին, Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Դպրեվանքը եւ ներկաները։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button