
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով, Ուրբաթ, Յունուար 14-ին, վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-խորհրդակցութիւն լիբանանահայ մտաւորականներու հետ` 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով: Արամ Ա. կաթողիկոս օրհնութեամբ եւ սիրով ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց հրաւէրին ընդառաջումը` հակառակ երկրին մէջ շարունակուող տեսակաւոր տագնապներուն:
Ան նշեց, որ բոլորին համար արդէն ծանօթ է, որ այս տարի «Սփիւռքի տարի» հռչակուած է, ինչպէս նախորդ երկու տասնամեակներու աւանդութիւնը դարձած է:
«Նոյն աւանդութիւնը շարունակեցինք, բայց այս անգամ` «Սփիւռքի տարի» հռչակումի նիւթը տարբեր բնոյթ, ծաւալ ու տագնապ կ՛առթէ: Սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր սովորական երեւոյթ մը չէ, այլ բնական, որովհետեւ սփիւռքը տագնապի մէջ է: Առաջին հարցադրումը, որ կ՛ուզեմ կատարել. Ինչո՞ւ «Սփիւռքի տարի»: Նման հռչակում մը կատարելու լուրջ պատճառներ ունէի, որովհետեւ սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ: Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սփիւռքի մէջ է: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ: Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ ըլլալ Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք: Երիտասարդութիւնը սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն, մեր հաւաքական կեանքէն, մեր կառոյցներէն: Օտարին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ սկսած է դառնալ զգալի: Մեր շուրջը տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետ չենք կրցած քայլ պահել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարելի է մտահոգութիւններու այս շարքը շարունակել:
«Այս բոլորը կը ստիպեն մեզի լրջօրէն մտածել սփիւռքին` մեր հաւաքական տան մասին: Անցնող տարուան ընթացքին այս ուղղութեամբ յօդուածներ գրուեցան, սեմինարներ կազմակերպուեցան, մատնանշումներ կատարուեցան, թէ սփիւռքը ո՞ւր կ՛երթայ: Հետեւաբար «Սփիւռքի տարի» հռչակումը ձեւով մը իմ կողմէս ընդառաջում էր կատարուած այս մօտեցումներուն ու հարցադրումներուն: Այս պատճառով ալ հռչակումէն անմիջապէս ետք անդրադարձ արձանագրուեցաւ եւ ողջոյնի արժանացաւ առնուած այս կարեւոր քայլը», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ «Սփիւռքի տարի» հռչակումը դարձած է հրամայական, որովհետեւ ճիշդ ժամանակին առնուած ճիշդ քայլ է:
«Պէտք չէ սակայն բաւարարուիլ հռչակագիրը հրապարակելով, այլ սփիւռքի հարցը պէտք է կիզակէտը դառնայ մեր մտածումներուն, մտահոգութիւններուն, տագնապներուն, խօսքերուն եւ մեր կազմակերպչական կեանքին: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի վերակազմակերպուելու: Հռչակագիրին մէջ այս բառը տարբեր առիթներով գործածուած է եւ յստակացուած: Վերակազմակերպում, այսինքն` վերանորոգում, վերակենսաւորում, վերաշխուժացում, այլ խօսքով` անհրաժեշտութեան պարագային փոփոխութիւն», հաստատեց ան:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ ինք համաձայն չէ այն կարծիքին, որ հինը պէտք է քանդուի` նորը շինելու համար: «Հինը կարեւոր է եւ պէտք է զայն պահել, բայց նաեւ` հինը վերանորոգել: Հետեւաբար մեր գաղութներուն մէջ անհրաժեշտ է, որ այս հասկացողութեամբ մենք վերանորոգման ու վերակազմակերպման գործընթաց մը սկսինք», ըսաւ ան:
Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ «Սփիւռքի տարի» հռչակելու քայլը նախ եւ առաջ զարթնումի կոչ մըն է: «Տիրական է թմրութեան ընդհանուր մթնոլորտ մը, որ պէտք է անհանգստացնէ մեզ. եթէ չենք անհանգստանար, կը նշանակէ տիրող իրավիճակէն գոհ ենք եւ պէտք է զայն պահենք: Այս մօտեցումը ճիշդ չէ, որովհետեւ աշխարհը, պայմանները, փոփոխութիւնները, ակնկալութիւնները, մարտահրաւէրները մեզմէ առաջ կ՛երթան, եւ մենք ետ կը մնանք: Սփիւռքը կարելի չէ իր ներկայ վիճակին մէջ պահել, սփիւռքը հրամայական, անյետաձգելի կարիքը ունինք վերակազմակերպուելու եւ վերակենսաւորուելու», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:
Այս բոլորը ի՞նչ ձեւերով կատարելու կարելիութեան մասին խօսելով` Արամ Ա. կաթողիկոսը վերադարձաւ իր հռչակագիրին` ընդգծելով, որ իբրեւ գործիքակազմ ինք առաջարկած է սկսիլ եկեղեցիէն` թեմական կեանքէն, որ կառոյցներու ամբողջականութիւն մըն է: «Մեր գաղութներուն մէջ կը գործեն նաեւ մեր կառոյցները` կրթական, կուսակցական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլն: Հետեւաբար իւրաքանչիւրը իր կարգին պէտք է սկսի վերակազմաւորման գործընթացին, ապա տուեալ գաղութին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն միջեւ գործունէութեան ներդաշնակութիւն մը պէտք է ստեղծուի: Բնականաբար կառոյցները ունին իրենց ինքնուրոյնութիւնն ու կազմակերպչական դրուածքն ու նպատակը, բայց վերջին հաշուով, պահելով հանդերձ իրենց ինքնուրոյնութիւնը, պէտք է տեղ մը անոնց գործունէութիւնը ներդաշնակուի, որովհետեւ բոլորը նոյն գաղութին զաւակներն են», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:
Ան աւելցուց, որ հռչակագիրը կը բովանդակէ նաեւ շարք մը մտահոգութիւններ, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ շօշափելի են հաւաքական կեանքին մէջ:
«Այդ հիմնական մտահոգութիւններէն է այն, որ ներկայ սփիւռքը փաստօրէն խառնարան է: Հակասական իրականութիւններու, երեւոյթներու եւ վիճակներու հանդիսարան մըն է ներկայ սփիւռքը: Մենք վարժուած էինք աւանդական սփիւռքին, որ գոյացաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Ապա անոր միացան համայնավար երկիրներէն եկած ընտանիքները` յատկապէս եւրոպական, Հիւսիսային Ամերիկայի մեր համայնքներուն եկան միանալու: Վերջին երեսուն տարուան ընթացքին սփիւռքը աւելի տարածուեցաւ ու ծաւալեցաւ Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներով: Սփիւռքի ներկայ պատկերին եթէ նայինք, կը տեսնենք, թէ այս երեք տեսակի սփիւռքները փաստօրէն նոյն գաղութին մէջ չեն կրցած հաւաքական կեանքին մասնակից դառնալ: Ներդաշնակութեան պակաս մը կայ յատկապէս հայաստանեան սփիւռքին եւ միւս երկու սփիւռքներուն միջեւ: Կը զգանք, որ մեր գաղութներուն մաս կազմող հայաստանեան սփիւռքին հետ որոշ գոյակցութիւն մը կայ, սակայն հաստատ ներդաշնակութեան պակաս գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:
Ան հաստատեց, որ արեւմտահայերէնի նահանջի մէջ ըլլալը փաստացի իրողութիւն է: «Այդ իմաստով յանձնաժողով մը կազմեցինք, սակայն պայմաններու բերումով այդ աշխատանքները դանդաղեցան: Բայց եւ այնպէս արեւմտահայերէնը ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կը նահանջէ: Մեր լեզուն արագասոյր նահանջի մէջ է», շեշտեց ան:
Եզրափակիչ խօսքով Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մասնակիցները իր հրաւէրին ընդառաջեցին, եւ կարելի եղաւ այս խորհրդակցական հաւաքը կայացնել` հաւաքական տագնապի մը շուրջ: «Սփիւռքը ամէն իմաստով տագնապի մէջ է, որքան տարիներու թիւը բարձրանայ, այնքան սփիւռքի տագնապը կրնայ խորանալ: Այսօրուան սփիւռքը երէկուանը չէ, աշխարհը շատ արագ կ՛ընթանայ, այնքան նորութիւններ կան, այնքան գիւտեր կան, որ անոնց դիմաց մենք փոքր ազգ ենք. ի՞նչ պէտք է ընենք, ի՞նչ կրնանք ընել, մենք պէտք է սկսինք ախտաճանաչումէն, ինչպէս խօսուեցաւ, քաջութիւնը եւ իմաստութիւնը պէտք է ունենանք ախտաճանաչումը ճիշդ կերպով կատարելու` իբրեւ անձ, իբրեւ գաղութ, իբրեւ հաւաքականութիւն, իբրեւ Հայաստան, պետութիւն, իշխանութիւն եւ այլն: Ախտաճանաչումը կարեւոր է, թերութիւնները պէտք է յստակ կերպով տեսնենք եւ ընդունինք», յայտնեց վեհափառ հայրապետը` կարեւոր նկատելով, որ այս տարի ըլլայ ախտաճանաչումի տարի: Վեհափառը դիտել տուաւ, որ պէտք է ընդունինք, թէ սփիւռքի վերակազմակերպումը դիւրին ու հեզասահ ընթացք մը չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ սփիւռքը ինքնին բարդ իրականութիւն մըն է, իւրաքանչիւր գաղութ իր ներքին դրուածքով արդէն բաւական բարդ դրուածք կը պարզէ, ուստի ասիկա երկարաշունչ ընթացք մը կ՛ենթադրէ, անհրաժեշտ է հաւաքական աշխատանքը, որուն մասնակցելու համար պէտք է քաջալերել նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները: Ան շեշտեց, որ այս աշխատանքը պէտք է ըլլայ համապարփակ մօտեցումով, իրատեսական ոգիով, այլապէս կը դառնայ մակերեսային, ժամանակաւոր եւ ժամանակավրէպ:
Արամ Ա. կաթողիկոս լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այսօր համաշխարհայնացումի ժամանակաշրջան է, մարտահրաւէրները բազում են եւ այլազան, ուստի մեր կեանքին մէջ տիրական դարձած կարծրատիպերը պէտք է փոխուին, առանց հինը մոռնալու, պէտք է զայն վերանորոգենք, ներկային մէջ անցեալը, հինը չապրինք, այլ տարբեր մօտեցում, տարբեր մտածելակերպ, գործելակերպ ունենանք: «Այս ոգին մեր կեանքին մէջ տեղ պէտք է գրաւէ այլեւս, այլապէս երիտասարդները կամաց-կամաց պիտի հեռանան: Հայութիւնը հաւաքական կեանք է` հաւաքականութեան մասնակից դարձնելու համար, մեր կառոյցները պէտք է ամէն ինչով դառնան աւելի գրաւիչ, ոչ ժամանակավրէպ», դիտել տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Ան անհրաժեշտ նկատեց այսօրուան աշխարհին, երիտասարդներուն համապատասխան գործելաոճ որդեգրել, այլապէս պիտի գոյանայ վիհ մը կառոյցներուն եւ երիտասարդութեան միջեւ, որուն պէտք է բացուիլ, պէտք է վերարժեւորել, վերանորոգել եւ վերաթարմացնել մեր բոլոր կառոյցները, որպէսզի անոնք համահունչ դառնան մերօրեայ պայմաններուն եւ իրականութեան: