
Նիկոսիոյ (Կիպրոս) Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան Լիբանանի Սանուց միութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ, պատրաստուած է «Տաճար Լուսոյ» վաւերագրականը, որ նուիրուած է այս կրթօճախին իննսունամեակին:
Հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ բեմադրիչ, հեղինակ եւ արտադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի հետ երկամեայ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք, եւ հարիւրեակ մը աշխարհատարած մելգոնեանցիներու եւ Մելգոնեանի բարեկամներու նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ, աւարտած է «Տաճար Լուսոյ» վաւերագրականը:
48 վայրկեան է տեւողութիւնը ժապաւէնին, որուն ընթացքին Պեզճեան վաւերագրական տուեալներով եւ գեղարուեստական իւրայատուկ հպումներով կը ներկայացնէ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վաստակն ու պատմութիւնը, անցեալն ու ներկան, տեղ տալով նաեւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ դպրոցին մասին խորհրդածութիւններու:
Ժապաւէնը նաեւ իւրօրինակ ձօն մըն է Մելգոնեան կրթական հաստատութեան անմահանուն բարերարներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, պաշտօնեաներուն, սաներուն եւ բոլոր պատասխանատուներուն, որոնց ջանքով ու նուիրումով Մելգոնեանը վերածուեցաւ Հայկական Սփիւռքի լաւագոյն դպրոցներէն մէկուն:
Նշենք թէ ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի կատարուի Պէյրութի մէջ, Յունիս 1-ին, ապա Կիպրոսի մէջ՝ Յուլիս 15-ին, Մելգոնեանի իննսունամեակի համագաղութային տօնակատարութեանց ծիրէն ներս:
Մելգոնեանի այն սանուց միութիւնները կամ կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին կազմակերպել այս վաւերագրականին ցուցադրութիւնը իրենց գաղութներուն մէջ, կրնան հեռաձայնել 00 91-3-396494 թիւին կամ գրել urneshlian@yahoo.com հասցէին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ՝ www.garabedkrikormelkonian.com