ՄԵ­ԾԱ­ԳՈՅՆ ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ ՀԱ­ՄԱՅՆ­ՔԸ ՄԻ­Ա­ՍԻՆ ԵԿԱՒ ԻՐ ՁԵՌ­ՔԸ ԵՐ­ԿԱ­ՐԵ­ԼՈՒ ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 4 Second

Group perfomance of Yerevan Erebuni song-2  ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Նիւ Եորք

Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մար տար­ուած աշ­խար­հա­տա­րած ջան­քե­րուն եկաւ մի­ա­նալ նա­եւ Նիւ Եոր­քի հա­մայն­քը:  Ար­դա­րեւ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Ամե­րի­կա­յի Հա­յաս­տան­եայց Եկե­ղեց­ւոյ եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն Ապ­րիլ 6, 2013, Շա­բաթ օր երե­կոյ­եան տե­ղի ու­նե­ցաւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ի նպաստ կազ­մա­կերպ­ուած երաժշ­տա­հան­դէ­սը, որուն մաս­նակ­ցե­ցան տասն­եակ մը երի­տա­սարդ ար­ուես­տա­գէտ­ներ: “Ֆե­լի­շըն“ գոլէ­ճի մեծ սրա­հը լե­ցուն էր 700 հա­յոր­դի­նե­րով:

Բաց­ման աղօթ­քը կա­տա­րեց Ս. Խաչ եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Վազ­գէն Ծ. Վրդ. Գա­րայ­եան:

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր Լոս Ան­ճե­լը­սէն ծա­նօթ լրագ­րող եւ “USA Armenia  Life Magazine“ի հրա­տա­րա­կիչ Աբօ Ճա­պար­եան, որ շեշ­տեց Սուր­իոյ մեր հա­րա­զատ­նե­րուն օգ­տա­կար ըլ­լա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը. “անոնք կը ներ­կա­յաց­նեն հա­րա­զատ ժա­ռան­գորդ­նե­րը տե­ղա­հա­նու­թեամբ եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ Սուր­ի­ա­կան անա­պա­տը աք­սոր­ուած հա­յու­թեան“:

Օր­ուան հրա­մա­յա­կան խոր­հուր­դը ներ­կա­յա­ցուց մեր գա­ղու­թի աւագ սե­րուն­դի ազ­գա­յին­նե­րէն, դարձ­եալ լրագ­րող Կար­պիս Գա­զանճ­եան եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին երի­տա­սարդ ան­դամ­նե­րուն, որոնք եր­կու ամիս­նե­րէ ի վեր աշ­խա­տան­քի լծուած են եւ ար­դէն կո­կիկ գու­մար մը ապա­հո­ված են նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րէ եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէ:

Աս­մուն­քով ելոյթ ու­նե­ցաւ “Հա­յաս­տա­նի Ձայ­նը“ հե­ռուս­տա­ըն­կե­րու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րու վա­րի­չը` Կա­րի­նէ Քո­չար­եան:

Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րով ելոյթ­ներ ու­նե­ցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի “Անդ­րա­նիկ“, Հա­մազ­գա­յին “Նա­յի­րի“ եւ Հայ Տու­նի “Աղ­թա­մար“ պա­րա­խում­բե­րը: Եր­գով հան­դէս եկան Անթ­ուա­նէթ Քաս­սաս, Ալին Գո­րի­կըն, Թե­րե­զա Յա­կոբ­եան, Կա­րօ Կո­մի­տաս, Էտ­ուար­տօ Տի­ա­մեն­թէ, Նշան Ջա­ղաց­պան­եան եւ Ժագ Յա­կոբ­եան: Ջու­թա­կով Տի­ա­նա Վա­սիլ­եան ան­գամ մը եւս հմա­յեց իր ունկն­դիր­նե­րը, իսկ Անի Մու­րատ­եան դաշ­նա­կի վրայ ու­նե­ցաւ իր յայ­տա­գի­րը:

Աւար­տին խօսք առաւ Հայր Անու­շա­ւան Եպս. Դանի­էլ­եան, որ քա­ջա­լե­րեց ներ­կա­նե­րը աւելի­ով օգ­տա­կար ըլ­լա­լու Մի­ջին Արե­ւել­քի մեր այդ աւան­դա­կան գա­ղու­թին:

Գնա­հա­տե­լի է աշ­խա­տան­քը երի­տա­սար­դաց յանձ­նա­խում­բին եւ այս ձեռ­նար­կը նա­խա­ձեռ­նող ու հա­մադ­րող ազ­գա­յի­նին` Ճորճ Խո­րոզ­եա­նին, որ նախ­կին հա­լե­պա­հայ ըլ­լա­լով ան, իր ու­սե­րուն վրայ հա­մար­եայ դրած էր այս գոր­ծին ամ­բողջ ծան­րու­թիւնը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles