Լրահոս

Մաքրոնի Համար Ուքրայինայի Պատերազմը Պէտք Չէ Մոռցնէ Հայաստանի Եւ Այլ Տագնապները

ՓԱՐԻԶ․- Վերջերս, յայտարարութեան մը ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շեշտեց, թէ Ուքրայինայիյ պատերազմը պէտք չէ աշխարհին ստիպէ մոռնալ այլ տագնապներ, որոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Սոմալիի, Միջին Արեւելքի մէջ:
«Այսօր կան մարդիկ, որոնց վրայ կը յարձակին, իսկ միւս կողմէ` կան ղեկավարներ, որոնք որոշած են յարձակիլ, ներխուժել եւ նուաստացնել: Չէզոք մնալը պիտի նշանակէ գիտակցիլ, որ ուժեղի օրէնքը կը դառնայ ընդհանուր օրէնք», յայտնեց Մաքրոն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button