ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ…ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄ
Դեռ վերջերս իր մահկանացուն կնքած քարիզմա ստեղծած եւ “Նահապետ“ական Սօս Սարգսեան, իր մտածումներուն մէջ կը յայտնէր թէ Հայասդտանի նման փոքր պետութիւնները, կամայ թէ ակամայ, ուզեն թէ չուզեն, անպատճառ պէտք է որ մաս կազմեն մեծ պետութեան մը հովանաւորած միութեան: Յաւելեալ մանրամասնելով եւ շեշտելով, Սօս Սարգսեան կը հաստատէր թէ.- “Այո՛, մեզ համար ամենաձեռնտուն Ռուսաստանն է, եւ դրա համար էլ մենք պէտք է իրար հետ եղբօր պէս լինենք: Այս յարաբերութիւններում փոքր ու մեծի հարց պիտի չլինի: Մենք իրենց ենք պէտք, իրենք էլ` մեզ…“:
Ազգային փառաշուք թաղման արարողութեամբ մը, Սօս Սարգսեան հողին յանձնուեցաւ այն ժամանակ, երբ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն իսկ տասնեակ մը օրէ ի վեր որոշում տուած էր Մաքսային միութեան միանալու նախապատրաստական աշխատանքներուն, որուն բանակցային ծրարի ձեւաւորման վերջնական ժամկէտը, յառաջիկայ Հոկտեմբեր 10 թուականն է:
Անտեղի է յետմահուան զրոյց-վիճաբանութիւն կատարել “Նահապետ“ին հետ, այս նիւթին առնչութեամբ, նկատի ունենալով որ պայմաններն ու կացութիւնը փոխուած են տարածաշրջանէն ներս, եւ երազային նկատուող “եղբայրական“ մթնոլորտի փոխարէն, իշխելու եւ տիրապետելու մարմաջն է որ արմատ նետած է վերոյիշեալ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան մէջ, ուր դժբախտաբար շահագործողն է որ ամենայն հմտութեամբ եւ ճկունութեամբ, կը գործէ, միշտ ալ իր տրամադրութեան եւ քմահաճոյքին տակ ունենալով շահագործուողը:
Բաղդատական մը կատարելով երկու միութիւներուն միջեւ, շուտով կարելի է եզրակացնել թէ Եւրոմիութիւնը շատ աւելի ժողովրդավարական հիմքերու վրայ ստեղծուած է, համեմատած Մաքսային միութեան, ուր “ալֆան եւ օմեկան“ կամ առիւծի բաժինը խլած է Ռուսաստանը: Մինչդեռ Եւրոմիութեան պարագային տարբեր է կառոյցը: Արդարեւ, Գերմանիա, Ֆրանսա կամ Մեծն Բրիտանիա կը նկատուին ամենէն աւելի ազդեցիկն ու …ղեկավարը:
Բնականաբար այսպիսի կացութեան մէջ, շատ աւելի վստահութիւն կը ներշնչէ Եւրոմիութեան անդամակցիլը, այսինքն դէպի արեւմուտք արեւելումը, ուր անշուշտ առաջնահերթութիւն է քաղաքական ճկունութիւն եւ պահանջատիրութիւն կիրարկելը: Արդարեւ, ազերի եւ թուրք հետեւողական լոպիինկի քարոզչական մեքենան կրնայ այնպիսի կացութիւն մը ստեղծել, որ լրջօրէն վտանգ կրնայ հանդիսանալ Արցախեան հիմնահարցին: Թէ այս միեւնոյն հիմնահարցը, Մաքսային միութեան հովանիին տակ աւելի ապահո՞վ կը թուի, այդ մէկն ալ անխոհեմ ու կարճատես վերլուծում է:
Ներկայ կացութեան դիմաց, երբ Հայաստան որոշած է Մաքսային միութեան անդամակցիլ, կը մնայ ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի գոյութիւն ունեցող կամուրջները չքանդուին Եւրոմիութեան հետ, կացութիւն մը որ նորաստեղծ հայրենիքի պետականութեան ու անվտանգութեան համար, շատ աւելի քաոսային կրնայ դառնալ եւ կրկնապատկել անգործութիւնն ու արտագաղթը:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Պոսթըն – Մասաչուսէց

