ՄԱՐՏ 15, 1921… ԹԱԼԷԱԹԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ

0 0
Read Time:9 Minute, 9 Second

Սողոմոն Թեհլիրեան, ճիշդ այսօրուան նման, Մարտ 15, 1921ին, Պերլինի մէջ, իր ատրճանակը ուղղեց Թալէաթին՝ զգետնելով զինք միայն մէկ փամփուշտով: Խօսքը տանք (յապաւումներով) ինքնին Թեհլիրեանին, իր »Վերյիշումներ, (Մինախորեան Վահան, »Յուսաբեր,, Գահիրէ, 1956) ինքնակենսագրական գիրքէն առնուած, իր բառերով նկարագրելով այն ճակատագրական վայրկեանները եւ իր ներքին ապրումները. Առաւօտը սովորականից շուտ ելայ. արեւի շաղերը արդէն հասել էին դիմացի շէնքի պատուհանին: Հազիւ էի աւարտել թէյս եւ ուզում էի բազկաթոռը մօտեցնել պատուհանի եզրին՝ երբ յանկարծ դիմացի շէնքի պատշգամում տեսայ Թալէաթին: Քարացայ. նա՞ էր արդեօք: Այո’…
Նա մէկ երկու քայլ առաջ անցաւ, ուշադիր զննեց մայթը՝ նախ վեր, ապա վար, ու կարծես ինչ մտքերի ծանրութեան տակ՝ գլուխը կախեց: Ըստ երեւոյթին թեթեւ չէր կեանքը, գործած անպատում ոճրից յետոյ: Յամենայն դէպս, թէեւ անցել էր հինգվեց տարի, բայց վախը անբաժան էր մնացել նրանից: Իր լայն ուսերին կրում էր երկու հրապարակային մահավճիռներ. Պոլսոյ պատերազմական ատեանի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Առաջինը նրա համար, հաւանաբար ունէր բարոյական նշանակութիւն. փոխանակ վեր հանելու իր »ազգանուէր, մեծ գործը, հարազատ երկրի մէջ հարազատները դատապարտում էին նրան մահուան, իբրեւ սովորական ոճրագործի: Բայց ժամանակը կարող էր այդ »թիւրիմացութիւնը, պարզել. ապագայ սերունդները կը հասկնային կատարած գործի արժէքը, եթէ… եթէ չլինէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան դատավճիռը: Այնուամենայնիւ, չկարողացաւ այդ կուսակցութեան բոլոր ղեկավարներին բնաջնջել: Բայց ո՞վ մնաց իր ճանաչածներից: Փաստօրէն մէկ հոգի Գարեգին Փաստրմաճեանը: Չէ՞ր յիշում արդեօք իր վերջին զրոյցը նրա հետ…
Լծակի պէս հաստ դաստակը վեր տարաւ, ձեռքով ճակատը շփեց, ներս մտաւ: Նայեցի ժամացոյցին, տաս էր, Ուհլանտ գնալու իր սովորական ժամը: Զէնքը առի վրաս, պատրաստ դուրս գալու: Յանկարծ նա յայտնուեց դրան մօտ ու փղի պէս ծանրօրէն սկսեց վար իջնել: Երբ դուրս ելայ փողոց, դիմացի մայթով արդէն բռնել էր Ուհլանտի ուղին: Սառը դատողութիւնը ինձ ասում էր, որ այս անգամ անկարող պիտի լինի ազատուել ձեռիցս, բայց եւ յուզումը բազմալեզու աղաղակներով փոթորկում էր ինձ:
»Հասի’ր, վազի’ր. անցի’ր միւս մայթը, ու շեղակի կռնակից, մէջքի’ն, գլխի’ն, շո’ւտ, անցի’ր փողոցը,…
Մայթից իջայ փողոց՝ յետեւը անցնելու համար, բայց յանկարծ մի բան յետ մղեց ինձ. հազար անգամ պարզուած բացորոշ բանը այդ պահին մէկէնիմէկ կասկածելի թուաց. նա՞ է արդեօք…
»Անցի’ր դիմացը, դիմա’ցը, դիմա’ցը, ուղղակի ճակատի’ն, շո’ւտ, շո’ւտ, շո’ւտ, վազի¯ր,…
Դիմացի մայթով հաւասարուեցի նրան, արագ քայլերով բաւական յառաջացայ. անցայ նոյն մայթը, ուսկից գնում էր նա: Յետ դարձայ: Մօտենում էինք իրար: Նա գալիս էր ճեմելու ձեւով՝ ձեռնափայտ անփութ ճօճելով: Մի կարճ տարածութիւն մնացած՝ զարմանալի անդորրութիւն համակեց էութիւնս: Հաւասարուելու վրայ Թալէաթը շեշտակի նայեց ինձ. աչքերի մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը: Վերջին քայլը բեկուեց. մի քիչ թեքուեց որ խուսափի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխին պարպելս մէկ եղաւ…
Թալէաթը հարուածից կարծես ցցուեց ու մի ակնթարթ հզօր մարմինը պրկուեց ձիգ, բայց երերուն. ապա՝ սղոցուած կաղնու բունի պէս երեսի վրայ տապալուեց թնդիւնով… Բնաւ չէի կարող երեւակայել, որ այդպիսի դիւրութեամբ գետին պիտի փռուի գազանը: Մի վայրկեան մղում ունեցայ բոլոր գնդակները պարպելու մէջքին, բայց փոխանակ կրակելու, ատրճանակս նետեցի: Սեւ, թանձր արիւնը վայրկեանապէս լճացաւ Թալէաթի գլխի շուրջ. կարծես ջարդուած անօթից մազութ էր դուրս թափում… Բայց լճացող արիւնը կարծես դիւթել էր ինձ: …Մայթի վրայ նոյն դիրքում ընկած էր հրէշը: …Համակուած էի հոգեկան այնպիսի մի ներքին գոհունակութեամբ, որի նմանը չէի ապրել երբեք: Արճիճի պէս վրաս ծանրացած տեւական մղձաւանջը չքացել էր յանկարծ: Ամէն բան փոխուել էր կարծես. կաշկանդուած հոգիս ազատ ու լայնարձակ թռչում էր. կարծեսէութեամբ ձերբազատուած՝ մտքերս շրջան էին անում աշխարհի բոլոր ծանօթ անկիւններում:
Ստորեւ՝ Ա.Մ.Ն.ի »Սողոմոն Թեհլիրեանի պաշտպանութեան յանձնախումբ,ի դատավարութեան համար դրամահաւաքի կոչ յայտարարութենէն հատուածներ,. »…ձեռնարկ մըն է այս՝ որուն ի նպաստ աշխարհիս ամէն անկիւններուն մէջ բնակող, եւ իր երակներուն մէջ հայ արիւնը կրող ամէն անձի քով՝ սիրտ մը կը տրոփէ, հեւք մը կը բարձրանայ, աղաղակ մը կը թռի:
»Մարդասպան հրէշը ինկած է դիտապաստ, հայ կտրիճին վրէժխնդիր գնդակէն… Ահա’ աւետիսը, որով կÿողջագուրուին այս պահուս հայ տխրամած հորիզոններուն բնակիչները, նոր ոգիով խրախուսուած: Վրէ¯ժը, սրբազան վրէժն էր որ յագեցաւ…: Ո՞վ է այն փառապանծ հոգին, որ ժողվէր մի առ մի անյագ վրէժի բոցերը՝ հայ տառապած այլ վրիժածարաւ հոգիներէն ի մի փնջէր զանոնք եւ մէկ հարուածով՝ շանթէր գարշելի գոյութիւնը հանուր ցեղին դահիճին: Սողոմոն Թեհլիրեանն էր ան: Փառք իր անունին ու իրեն ծնունդ տուող ցեղին: Եւ մէկ գնդակով, այո’, միայն մէկ հարուածով, իբրեւ խորհրդանիշ մը վրէժի սրբազան զգացումովը միացած իր ազգին, գետին տապալեց մարդասպան ճիւաղը: Ու կեցած անոր զզուելի դիակին վրայ, ճակատը վեհօրէն վեր բռնած եւ յաղթական, ու աչքերուն մէջէն՝ ուրկէ ցեղին յագեցած վրէժին հուրը կը պոռթկար, իր ձեռքով ցոյց տուաւ արիւնշաղախ սատակը, եւ պոռաց աշխարհի երեսին՝
Ահա’ ցեղիս ոճրագործը:
Յարգելի ու ազնիւ հայրենակից, այժմ, թուրքն ու գերմանը միացած, կ’ուզեն դատապարտել ազգային հերոսը, ցեղն ամբողջ պարտք մը ունի, հաճոյքն ունի փրկելու այն կտրիճը, որ տարաւ մեր վրէժը…,:
Եւ փրկեց…
Նուիրուած աշխարհասփիւռ, Հայ Դատի անխոնջ նուիրեալներուն, որոնք վառ կը պահեն Թեհլիրեանի ուխտն ու կտակը, պայքարելով պետութիւններու դէմ, լոպիներու դէմ, փրոթոքոլներու դէմ…

Պ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

ԵՐԲ ՄԷԿ ՄԱՐԴՈՒ ԱՀԱԲԵԿԻՉԸ ԿԸ ԴԱՏՈՒԻ, ԲԱՅՑ ՄԷԿՈՒԿԷՍ ՄԱՐԴՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆԸ ՉԻ ԴԱՏՈՒԻՐ…

89 տարի առաջ, Մարտի այս օրը, արիւնի եւ արհաւիրքի ամբողջ պատմութիւն մը խտացնող ու խորհրդանշող արդարահատուցման ահաբեկչութիւն մը գործուեցաւ Պերլինի մէջ:
15 Մարտ 1921ին, Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ, օրցերեկով, Սողոմոն Թեհլիրեան անունով 25ամեայ հայ երիտասարդ մը ահաբեկեց Մեհմեթ Թալէաթ փաշան՝ Օսմանեան Կայսրութեան երբեմնի վարչապետը:
Ժամանակաշրջանի միջազգային քաղաքականութեան տխրահռչակ դէմքերէն էր Թալէաթ, որ իբրեւ թրքական պետութիւնը կառավարող Իթթիհատական Եռապետութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութիւնը մխրճած էր անհեռանկար ու կործանարար Աշխարհամարտին մէջ, այլեւ աշխարհասասան պատերազմի թոհուբոհէն ,օգտուելով»՝ հրահանգած էր գործադրութիւնը հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ահաւոր ծրագրին: Ինչպէս Իթթիհատական ղեկավարութեան բոլոր անդամները, նոյնպէս եւ Թալէաթ Պոլսէն փախուստ տուած էր՝ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին չարաչար պարտութիւն կրած թրքական պետութեան յանցագործութիւններուն համար անձնապէս հաշուետուութեան կանչուելու եւ դատուելու անխուսափելի պարտաւորութենէն ձերբազատուելու համար: Թալէաթ հաստատուած էր Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղը, ծպտուած էր ու ինքնաթուղթ փոխած, որպէսզի ոչ ոք գտնէ իր թագստոցը եւ կարենայ այդպէ’ս՝ օրէնքէ եւ արդարադատութենէ խոյս տուած, ,վայելել» իր յանցագործ կեանքին մեղաւոր պտուղները:
Մեծ հաւանականութեամբ Թալէաթ թերեւս կարենար խուսափիլ Դաշնակիցներու եւ մինչեւ իսկ իր իշխանութեան հետեւանքով ծանր կորուստ կրած թուրքերու հետապնդումներէն կամ ,արդարադատութենէն»: Բայց Թալէաթի ձեռքերուն վրայ մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան արիւն կար եւ դեռ չէր չորցած բիւրաւոր հայ նահատակներու՝ հայ մայրերու եւ երեխաներու, հայ կոյսերու եւ ալեհերներու արիւնը:
Եւ յանուն հայ ժողովուրդին ու մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն՝ Դաշնակցութիւնը գտաւ Թալէաթին եւ Սողոմոն Թեհլիրեան հասաւ Պերլին ու հրէշի բնակարանին առջեւ գետին փռեց հայ ժողովուրդի թիւ 1 ցեղասպանին:
Թալէաթի ,երգը շատոնց երգուած էր»… 1919ի աշնան արդէն, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, տրուած էր որոշումը ցեղասպանութեան պատասխանատուներու մահապատիժին: Արմէն Գարոյի եւ Շահան Նաթալիի գլխաւորութեամբ կազմուած էր յատուկ Մարմին՝ ծրագրելու, կազմակերպելու եւ գործադրելու համար Դաշնակցութեան որոշումը: Այդպէ’ս կեանք առաւ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները ահաբեկելու ,Նեմեսիս» (յունական դիցաբանութեան Վրէժի չաստուածին անուան հետեւողութեամբ) գործողութիւնը:
Եւ ճակատագրի դասաւորումով մինչ այդ աշխարհին ու ազգային ընդգրկումով հայ ժողովուրդին անծանօթ դաշնակցականի մը՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի վստահուեցաւ իրագործումը Հայկական Արդարահատուցման:
Եւ հայ ժողովուրդի արդարադատ՝ վրիժառու բազուկը խորհրդանշող անունը դարձաւ Սողոմոն Թեհլիրեան:
Եւ թրքական պետութեան գործադրած Հայկական Ցեղասպանութեան թիւ 1 պատասխանատուն (ինչպէս որ Նաթալի կը կոչէր զայն)՝ եղեռնագործ Թալէաթը կրեց իր պատիժը:
Ազգային Հերոսի դափնեպսակին արժանաւորապէս տիրացած դաշնակցական ահաբեկիչը ծնած էր 2 Ապրիլ 1896ին, Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի Վարի Բագառիճ գիւղը, Երզնկայի մերձակայքը: Թրքական իշխանութեանց կողմէ երկրէն աքսորուած եւ Սերպիա հաստատուած Խաչատուր Թեհլիրեանը տարիներով պանդխտութեամբ հոգաց ապրուստը Երզնկա մնացած իր կնոջ եւ հինգ զաւակներուն, որոնց կրտսերն էր Սողոմոն: Ան իր ուսումը ստացաւ Երզնկայի նախ Բողոքականաց, ապա՝ Եզնիկեան վարժարաններուն մէջ, իսկ 1912ին աւարտեց տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանը, ուր իր առաջին ծանօթութիւնը ունեցաւ դաշնակցական գործիչներու հետ եւ փարեցաւ Դաշնակցութեան:
1913ին Սողոմոն եւս մեկնեցաւ Սերպիա՝ հօր ու անոր միացած ընտանիքին մօտ, որպէսզի տարի մը ետք անցնէր Գերմանիա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար: Բայց 1914ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ փոխեց նաեւ 18ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին: 1914ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, ան անցաւ Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները: Սկիզբը ընթացք չի տրուիր Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան կը յաջողի, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողի գրաւոր թոյլտուութիւնը իր կամաւոր արձանագրուելուն:
Այդպէ’ս, Հոկտեմբեր 1914ին, Սողոմոն հասաւ Թիֆլիս եւ միացաւ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին: Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս թրծեց Սողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական մարտիկի կերպարը: Արեւմտահայաստանի ժամանակաւոր ազատագրութեան հետ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը‘ունեցաւ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս ցնցեցին զինք այնքան ծանրօրէն, որ իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ ,ուժաթափ կþիյնայ գետին: Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները սպաննուած էին 1915ին: Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»:
Սեփական ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրենի օճախին եւ Արեւմտահայաստանի աւերումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ համակեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի ողջ էութիւնը: Խորապէս ցնցիչ այդ փորձառութիւնը յետագային հիմք ծառայեց, Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատապաշտպան Քըրթ Նայմէյըրի (Քոլոնել համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս) կառուցած պաշտպանողականին:
1917ին, Կովկասեան ճակատի փլուզումէն եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Թեհլիրեան անցաւ Կովկաս: Շրջեցաւ հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի քաղաքներուն մէջ՝ նուիրուելով արեւմտահայ գաղթականութեան հետ այդ ափերը ինկած որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին: Այդ պայմաններուն մէջ, ժամանակին թաւալումին հետ փոխանակ սպիանալու, Թեհլիրեանի սիրտն ու հոգին խոցած վէրքերը աւելիով բորբոքեցան:
Թեհլիրեան ուղարկուեցաւ Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի որոշումով 1920ի Ապրիլին կատարեց ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ մահապատիժի ենթարկելով Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ գլխաւոր մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան:
Ահաբեկումէն ետք ան պարտաւորուեցաւ անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն սորվեցաւ: Բայց քանի մը ամիս ետք կանչուեցաւ Ուաշինկթըն, Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որ կը ղեկավարէր ,Նեմեսիս»ի գործադրութիւնը:
Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ ,Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած է վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս է, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին վիճակուեցաւ Թալէաթի ահաբեկումին գործադրութիւնը:
Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան 1920ի Դեկտեմբերին ուղեւորուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման ծրագիրը:
Ջարդարար պարագլուխը Ալի Սալէհ Պէյ անցագրով ու ծպտուած կþապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի վրայ: Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը կը վարձէ Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ կþառնէ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ: Եւ 15 Մարտ 1921ի առաւօտեան ժամը 10ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանայ մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կը կտրէ, դէմ առ դէմ կը մօտենայ ջարդարարին եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին կը փռէ զայն: Անցորդները կը յարձակին Թեհլիրեանի վրայ, կը խոշտանգեն զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ինչո’ւ օրցերեկով բարեհամբոյր տեսքով այդ երիտասարդը ահաբեկած եւ անշունչ գետին փռած էր անծանօթ անցորդը…
Շահան Նաթալի կը վկայէ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին յանձնարարած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմանական իշխանութեանց, որպէսզի աշխարհով մէկ դատուէր եւ իր հետ դատավարութեան ենթարկէր Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը: Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ եւ աղմկալից դատավարութեան արժանացաւ:
Գերմանական դատարանը հաստատեց, որ ահաբեկումի ենթարկուած ,զոհը»՝ Թալէաթ իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի’ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը:
Փաստօրէն Սողոմոն Թեհլիրեան կրկնակիօրէն պատմութիւն խտացնող խորհրդանիշ դարձաւ 15 Մարտ 1921ի իր Հարուածով եւ Ցեղասպան Թուրքը խորհրդանշող Թալէաթի ահաբեկումով: Նախ մարմնաւորեց հայոց Արդար Դատաստանը գործադրող բազուկը: Ապա՝ խորհրդանշեց միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան:
Արդէն հանրայատ իրողութիւն է եւ հանրագիտական ճշմարտութիւն, որ նոյնինքն Ցեղասպանութիւն բառը իր ժամանակակից իմաստով գործածութեան յանձնած Ռաֆայէլ Լեմքինը ներշնչուեցաւ Թեհլիրեանի դատավարութենէն եւ հիմնուեցաւ այն մեծ հարցականին վրայ, թէ ինչո՞ւ մէկ մարդու ահաբեկման համար կը դատուէր Թեհլիրեան անուն հայ երիտասարդը, մինչ անդին դատ ու դատաստանի չէր ենթարկուէր մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթը…
Մարտ 15ը այս առումով կրկնակի’ յիշատակութեան արժանի էջ է հայոց Յուշատետրին մէջ:

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles