
Խմբագրական
Դանակը ոսկորին հասաւ…Կիրակի, Ապրիլ 22-ին, հազիւ քանի մը վայրկեան տեւողութիւն ունեցող Նիկոլ Փաշինեան-Սերժ Սարգսեան տեսակցութեան ընթացքին, երբ այս վերջինը, նախքան հանդիպումը կիսատ ձգելը, սպառնացած էր իր զրուցակիցին, թէ «Մարտ Մէկ» մը կրնայ կրկնուիլ եւ անգամ մը եւս արիւն կրնայ հոսիլ:
Նորընտիր վարչապետը կատարած էր պատմական ահաւոր սխալ մը, այդ ալ բազմաթիւ լրագրողներու ներկայութեան: Եւ հազիւ օր մը ետք ներկայացուած իր հրաժարման կարեւորագոյն դրդապատճառը՝ այդ սեւ ու ողբերգական թուականին յիշեցումն էր:
Թուակա՛ն մը, որ խլած էր տասնեակ մը զոհեր եւ երեք հարիւրի շուրջ վիրաւորներ:
Թուակա՛ն մը, որուն խոր ու խորթ ծալքերը ցայսօր կը մնան անհասանելի եւ անբացատրելի:
Թուակա՛ն մը, որուն մասին ցայսօր ամբողջական զեկուցում չէ կատարուած, ո՛չ ալ հաշուետուութեան կանչուած են այդ սադրիչ արարքներուն ետին կանգնող մութ ձեռքերը:
Այո՛ …համբերութեան բաժակը լեցուած էր եւ վերջին կաթիլին կը սպասէր յորդելու համար:
Սերժ Սարգսեանի այդ կաֆն էր, որ ցնցեց թէ՛ ցուցարար ամբոխը եւ թէ՛ անոր դէմ կանգնող, ապահովութիւն եւ անդորրութիւն պարտադրել փորձող ոստիկանն ու զինուորը:
Այսպէս, երկար ժամանակ եւ այդ ալ դիտմամբ լուսանցքի տակ առնուած արիւնաթաթախ թղթածրար մը կրկին լուսարձակի տակ առնուած էր, բնականաբար յաւելեալ անհանդուրժողութիւն, առճակատում եւ ընդվզում ստեղծելով:
Տասը տարի առաջ արձակուած «Մարտ Մէկ»-եան պումըրանկը՝ ոլորանետը վերդարձած էր:
Եթէ տասը տարի առաջ այլ հերոսներ էին այդ արիւնալի դէպքերուն ետին կանգնողը, ապա այս անգամ վարչապետ ընտրուած, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանն էր, որ ձեռնոց կը նետէր՝ բիրտ ուժով իշխանութեան տիրանալու եւ իր պաշտօնը պահելու նպատակով:
Բացայայտ էր, թէ այդ «Մարտ Մէկ»-եան արտայայտութիւնը կատարելով, Սարգսեանը պաղարիւնութիւնը կորսնցուցած էր: Պայթուցիկ մթնոլորտ ստեղծուած էր, եւ ժողովուրդին կողմէ ծայր առած էր ցասումի եւ պոռթկումի ալիք մը, որ սակայն երկար չտեւեց։ Յաջորդ օրը, նոյնինքն Սարգսեան ներկայացուց իր հրաժարականը, ընդունելով կաֆը:
Դեռ շատ բան կարելի է գրել այդ քանի մը վայրկեան տեւողութիւն ունեցած Սերժ Սարգսեան – Նիկոլ Փաշինեան տեսակցութեան եւ անշուշտ բաւական զգացական մօտեցումով գրուած հրաժարականին մասին, սակայն եղելութիւնները այնքան արագօրէն կ՛ընթանան, որ կարելի չէ ծանրանալ արդէն իսկ անցեալի վերածուած դէպքերու մասին:
Ազդանշանը տրուած է կերտելու այլ ճանապարհային լուսաւոր քարտէս մը, ուր արմատական բարեփոխումները, ընկերային պայմաններու բարելաւումը, փտածութեան եւ զեղծարարութեան դէմ պայքարն ու իրաւ ժողովրդավարական օրէնքներու կիրարկումը կը մնան շտապ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ: