ԳլխաւորԼրահոս

Մարտունիի Մէջ Սուրբ Ծնունդը Ազգային Պարերով

Սուրբ Ծննդեան օրը, Արցախի Մարտունի քաղաքի Սուրբ Մեծն Ներսէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Ծննդեան պատարագ եւ ապա Տէր Յովհան Յովհաննիսեանի ձեռամբ Ջրօրհնէք:

Ապա, քաղաքապետարանի բակին մէջ գեղարուեստական յայտագիր կատարուեցաւ։

«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային­միութեան Արցախի գրասենեակի եւ «Լորիկ» մարդասիրական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ իրականացաւ «Սուրբ Ծնունդը ազգային պարերով Մարտունիում» բացօթեայ միջոցառումը, որուն ներկայ էին Հաղորտիի, Մուշկապատի եւ Մաճկալաշէնի «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ազգային պարի մանկապատանեկան խումբերը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button