
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Արցախփրես»).- Հոկտեմբեր 29-ին, Մարտունիի մէջ կազմակերպուեցաւ նուռի փառատօնը:
Այս փառատօնը կը կազմակերպուի Մարտունիի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ բարերար Գասթլօ Մկրտչեանի նիւթական օժանդակութեամբ:
Այս ցուցահանդէսին շուրջ 55 տաղաւարներով իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի նուռի մշակումով զբաղուող այգեգործներ: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարեց Արցախի թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Սահակ Վարդապետ Շաքարեան:
«Նուռը միասնութեան խորհրդանիշն է, եւ նռան հատիկների պէս այսօր մենք միասնութեան խորհրդով հաւաքուել ենք` սիրով վայելելու բարի պտուղնեհո», ըսաւ Հայր Սահակ Վարդապետ Շաքարեանը:
Փառատօնին ներկայ էր նաեւ նախագահ Բակօ Սահակեան, որ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ, այցելեց տաղաւարնեհո: Նախագահը կարեւորեց փառատօնի կազմակերպումը` տեղական արտադրանքի ներկայացման ու արտադրողների խրախուսման տեսանկիւնթն եւ նշեց, որ ան պէտք է դառնայ աւանդական:
Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեանը նշեց, որ Մարտունիի շրջանը Խորհրդային տարիներէն ծանօթ է նուռի մեծածաւալ արտադրութեամբ: «Ուրախալի է, որ լաւագոյն աւանդոյթները այսօր շարունակւում են: Կարծում եմ` շատ խորհրդանշական է այսօրինակ փառատօնի կազմակերպումը հէնց Մարտունիում, որտեղ ընդգրկուած են նաեւ մեր հանրապետութեան միւս շրջանների այգեգործները: Ինչպէս արդէն յայտարարուել է, նռան արտադրութիւնը առաջիկայ տարիներին լինելու է տարեվերջին ընդունուելիք գիւղատնտեսութեան զարգացման հայեցակարգի հիմնական ծրագրերից մէկը: Նախատեսւում է պետական մեծ ծաւալի միջոցների յատկացում, որպէսզի Արցախը շատ շուտով տարածաշրջանում դառնաՅ նռան արտադրութեամբ զբաղուող ամենամեծ երկրամասերից մէկը», ըսաւ նախարարը:
Մարտունիի վարչակազմի ղեկավար Կարէն Թովմասեանը իր կարգին նշեց, որ վերջին տարիներուն Արցախի տարբեր շրջաններէն ներս կազմակերպուող փառատօնները ցոյց կու տան, որ լաւ հնարաւորութիւն ստեղծուած է, ոչ միայն բացայայտել տուեալ շրջանի ներուժը, այլեւ նոր կապեր ստեղծել տեղի եւ հարեւան շրջաններէն եկած արտադրողներու, նաեւ վերամշակող կազմակերպութիւններու հետ: «Նռան աճեցման եւ մշակման համար շրջանի հարթավայրային գօտիները շատ յարմար են` բնակլիմայական առումով, սակայն հիմնական խնդիրը, որ ունեն տեղի այգեգործները, ոռոգման ջրի պակասն է: Այն հնարաւոր է լուծել ջրհորների կառուցման միջոցով, որը կը խթանի շրջանում այգեգործութեան զարգացումը եւ, յատկապէս, նռան արտադրութեան ծաւալների մեծացումը: Յոյսով ենք, որ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի այս տարուայ դրամահաւաքի ծրագրով» կը լուծուի այդ խնդիրը», ըսաւ Կարէն Թովմասեան:
Փառատօնին սեփական արտադրութիւնը վաճառքի հանած Մարտունիի Խնուշինակ համայնքից Հրանդ Շաքարեանը կը յայտնէ թէ նուռի մշակմամբ կը զբաղուի արդէն իսկ եօթ տարիէ ի վեր:
Իսկ Ասկերանի շրջանի Վարդաձոր գիւղէն ժամանած Եուրա Մելքումեանը, յայտնեց թէ այս փառատօնը լաւ հնարաւորութիւն է` վաճառելու ստացուած բերքը եւ նոր ծանօթութիւններ ստեղծելու: «Արտադրողը միշտ չէ, որ կարողանում է յարմար գնով վաճառել իր բերքը, քանի որ մեծ ծաւալների դէպքում, փնտրում ենք մեծ քանակով գնող գնորդներ: Այսպիսի միջոցառումները հնարաւորութիւն են տալիս նոր գնորդների հետ ծանօթանալու, նրանց հետ պայմանաւորուածութիւններ ձեռքբերելու, որն աւելի շահաւէտ է», եզրակացուց ան:
Համերգային ծրագրով հանդէս եկան շրջանէն ներս ծանօթ երգիչներ: Փառատօնը աւարտեցաւ տօնական հրավառութեամբ:
Նուռը ե՛ւ իր խորհրդանշական իմաստով, ե՛ւ որպէս ազգային զարդատեսակ` շատ օգտագործուած է հայկական ճարտարապետութեան, գորգագործութեան, կիրառական արուեստի եւ մանրանկարչութեան մէջ: Նուռը ներշնչած է նաեւ հանճարեղ Սերգէյ Փարաճանովը, որուն հանրայայտ ժապաւէնը` «Նռան գոյնը» անոր գլուխ գործոցներէն մէկը կը համարուի:
Արդի հայ կիրառական արուեստին մէջ, որպէս հայկական յուշանուէր, շատ տարածուած են փայտէ, կաւէ եւ արծաթէ պատրաստուած նուռի գեղօրները, կանացի զարդարանքները եւ այլն: Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս Հայաստանի մէջ նուռը կ՛օգտագործուի բուժիչ նպատակներով, իսկ նուռի գինին իր ուրոյն տեղը ունի հայկական գինեգործութեան մէջ: