ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:52 Second

conf 100b Անցեալ շաբաթավերջին, Երեւանի “Անի Փլազա“ պանդոկին մէջ մէջ գումարուե-ցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մարտահրաւէրներուն նուիրուած եր-կօրեայ գիտաժողովը: Գիտաժողովին մասնակցեցան համաշխարհային հեղինակու-թիւն վայելող գիտնականներ, ցեղասպանագէտներ` փրոֆ. Իսրայէլ Չարնին, Եայիր Օրօն (Իսրայէլէն), Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան (Գալիֆորնիոյ համալսարանէն), Վահագն Տատրեան (Նիւ Եորքէն), Ստեփան Աստուրեան (Պըրքլի համալսարանէն), գիտնականներ եւրոպական երկիրներէ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն:
Այս գիտաժողովին նպատակն էր Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի նախօրէին քննար-կել եւ եզրակացութիւններ տալ երեք հիմնական ուղղութիւններով տարուող աշխա-տանքներուն, որոնց ենթաբաժանումներն են.-
– Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրութեան եւ թանգարանային ցու-ցադրութիւններու կազմակերպման հետագայ հեռանկարներն ու ուղղութիւնները:
– Ժխտողականութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու աշխատելաոճերն ու հրա-մայականները:
– Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու իրաւայաջորդներուն փոխ հատուցման ու անոր կապուած խնդիրներու իրաւական հիմնաւորումներու քննար-կումը:
Այս գիտաժողովը կարեւոր հանգրուան մը հանդիսացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով շահեկան գիտական քննարկումներու կատարելու եւ ուղ-ղութիւններ ճշդելու իմաստով, անոր ընթացքին ձեւակերպուեցան յստակ եզրակա-ցութիւններ ու առաջարկներ‘ Հայոց Ցեղասպանութեան տակաւին չուսումնասիրուած կամ նուազ ուսումնասիրուած ոլորտներու ուղղութեամբ գիտական աշխատանքներու իրականացման ու անոնց աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Գիտաժողովը նաեւ առիթ էր հանգամանօրէն քըննարկելու թրքական ժխտողականութեան դէմ առաւել արդիւնաւէտ հակազդեցութեան գործընթացները ու աշխատելաոճեր մշակելու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles