

Մարի Մերտխանեան-Եարալեան
Հոկտեմբեր 10, 2011-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայ-թրքական արձանագրութիւններու 2-րդ տարին ամբողջացաւ: Բարեբախտաբար, անոնք դեռ չեն վաւերացուած:
Արձանագրութիւններու բովանդակութեան եւ հաւանական հետեւանքներուն մասին շատ խօսուած է, հանգամանօրէն: Կը կարծեմ, որ որպէս սկզբունք ոչ մէկ նախանձախնդիր հայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանի վերաբացման, բնական, բարի-դրացիական յարաբերութիւններու զարգացման դէմ կրնայ ըլլալ: Ի վերջոյ, երկու երկիրները սահմանակից են. ո՛չ մէկը, ոչ ալ միւսը կրնայ “տեղափոխուիլ“: Բաց սահմանները, շրջանի երկիրներու հետ բնական յարաբերութիւնները միմիայն կը նպաստեն տուեալ երկիրներու զարգացման եւ բարգաւաճման: Ու նման երկիր ունենալը մեր բոլորին երազն է, չէ ՞…:

Բայց հարկ է նաեւ շեշտել, որ միջ-պետական յարաբերութիւնները ՊԷՏՔ է հիմնուած ըլլան հաւասարութեան, իրաւունքներու փոխադարձ ճանաչման եւ յարգանքի վրայ, ինչպէս յարիր է անկախ պետութիւններուն, որոնք կը վայելեն այդ հանգամանքը: Հայ-թրքական արձանագրութիւններու պարագային այդ մէկը կը պակսի: Աւելի քան ակնառու է, որ Թուրքիա ամէն գնով կը փորձէ միջազգային վարկ ապահովել, առանց սակայն ատոր համար անհրաժեշտ պատմական-իրաւական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:
Այս արձանագրութիւններու պարագային քանի մը հարցեր մտահոգիչ կը մնան:
Օրինակ. Հայաստանը որքանո ՞ վ պատրաստ է բաց սահմանի մարտահրաւէրին: Այո, մարտահրաւէր է, որովհետեւ արդէն պաշտօնապէս “փակ սահմանները“ երբեք արգելք չեն տնտեսական, առեւտրական եւ այլ բնագաւառներու յարաբերութիւններու զարգացման: Հայաստան այցելողներուն ուշադրութենէն չի վրիպիր երկիրը հեղեղած թրքական ապրանքները: Վերջին տարիներուն անոնց վրայ սկսած են աւելնալ նաեւ դէպի թրքական հանգստավայրեր արձակուրդի եւ թռիչքներու գովազդները: Թրքական մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն` 2011-ի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Թուրքիա այցելած են 53 937 հայաստանցի, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակի համեմատութեամբ աւելցածէ 2,7 տոկոսով: Դժբախտաբար, չկան նոյն շրջանին Թուրքիա այցելող սփիւռքահայերու թուական տուեալներ, որոնք ի վերջոյ նոյն ջրաղացին ջուր կը լեցնեն: Հայաստան ներկրուած շաքարն ու ալիւրը, նոյնիսկ` ոսկին Թուրքիայէն են: Ծիծաղելիօրէն, երբեմն կը հանդիպինք այդ ներածումներու հարկերուն վերաբերող լուրերու: Ուրեմն. Սահմանը փակ է, պաշտօնական յարաբերութիւններ չկան, բայց երկու երկիրներու քաղաքացիները ազատ կ՛երթեւեկեն սահմաններէն անդին…: Դեռ` Թուրքիա ապօրինի հաստատուած 100 000 հայաստանցի եւ այստեղ ստեղծուող հայկական “գաղտնի“ վարժարաններ, Թուրքիայէն արտաքսուող հայ…“մարմնավաճառներ“: Մարդու մտքի մէջ ակամայ հարց կը ծագի. “Հապա ի ՞նչ պիտի ըլլայ եթէ սահմանը բացուի“:
Եւ, այս բոլորին դիմաց Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութիւնը, գիւղատնտեսութիւնն ու զբօսաշրջութիւնը ոչ միայն չեն զարգանար, այլ` կարծէք կ՛ոչնչացուին: Այս քաղաքականութիւնը պարզապէս Հայաստանը առաւել դիւրաբեկ կը դարձնէ Թուրքիոյ համար, որ մեր ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ անթաքոյց ախորժակներ ունի: Այստեղ կ՛ուզեմ շատ խօսուն օրինակ մը մատնանշել. Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ շատ տարբերութիւններ կան, անշո՛ւշտ: Սուրիան, օրինակ, տնտեսապէս աւելի կայացած երկիր է, քան` Հայաստանը: 1980-90ական տարիներուն Սուրիա կը դիմագրաւէր արեւմտեան այլ “ամպարկօ“ մը: Սուրիացիները տակաւին կը յիշեն կենցաղային դժուարութիւնները` դեղերու, հացի, կաթի եւ դեռ բազմաթի՜ւ այլեւայլ կարիքներու տագնապը: Այդ ապրանքներու մեծ մասը փախստական միջոցներով կը մտնէին երկիր եւ ահաւոր գիներով կը վաճառուէին: Ահա այս տարիներուն սուրիացիները զարկ տուին տեղական արտադրութեան զարգացման: Միայն քանի մը տարի բաւարար եղաւ, որ սուրիական ապրանքները ո՛չ միայն տեղական շուկան բաւարարեն, այլեւ` հարեւան երկիրներէն մարդիկ այս երկիր գան իրենց այլազան մեծաքանակ գնումներուն համար: Սուրիա հասաւ սնունդի ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու մակարդակին…:
Քանի մը տարի առաջ, Թուրքիան կեանքի կոչեց “Դրացիներու հետ զէրօ խնդիր ունենալու“ քաղաքականութիւնը եւ այս ծիրին մէջ` Սուրիոյ հետ իւրայատուկ, ջերմ յարաբերութիւններ ստեղծուեցան: Կարճ ժամանակի մէջ թափ առին առեւտուրը եւ զբօսաշրջութիւնը: Փակագիծ մը բանալով յիշեցնեմ, որ հայերս ալ “խանդավառութեամբ“ մասնակից դարձանք այդ ընթացքին: Սակայն, քիչ ժամանակ անց, պարզուեցաւ որ յարաբերութիւններու այդ եղանակը սուրիացի արդիւնաբերող հատուածին մեծ վնաս հասցուցին: Հալէպի մէջ, բազմաթիւ արդիւնաբերական փոքր եւ միջին հաստատութիւններ ստիպուած իրենց դռները փակեցին: Զերծ չմնացին նոյնիսկ հիւսուածեղէնի եւ ընդեղէնի ասպարէզները, որոնցմով նշանաւոր էր այս քաղաքը:
Գաղտնիք չէ, որ տարիներէ ի վեր, Թուրքիան, տնտեսական առաջընթաց ապահովելու համար, որդեգրած է իր գործարարներուն բազմապիսի արտօնութիւններ եւ դիւրութիւններ ապահովելու քաղաքականութիւնը: Պատճառը պէտք է տեսնել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տավուտօղլուի հետեւեալ յայտարարութեան մէջ. “Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին Թուրքիան համաշխարհային ուժ պիտի դարձնենք: Չենք ուզեր մեր աշխարհագրական սահմանները փոխել, բայց մեր յարաբերութիւններուն մէջ ոչ մեկ տնտեսական եւ առեւտրական սահման պիտի ճանչնանք“:
Ի դէպ, թերեւս ձեզմէ շատեր պիտի յիշեն, որ երբ Տաւութօղլուն այս պաշտօնին նշանակուեցաւ, սկիզբը երկչոտ, եւ հետզհետէ աւելի համարձակ, մարդիկ սկսան զայն կոչել “Նոր օսմանցին“ (Այլ առիթով, աւելի մանրամասնութեամբ, այս գաղափարախօսութեան մասին):
Այսօրուան Թուրքիան բացայայտօրէն կ՛աշխատի Օսմանեան կայսրութեան վերականգնման համար: Անոնք, իրենց զանազան ընկերութիեններուն եւ ներդրումներու միջոցաւ ներկայ են Իրաքէն մինչեւ Լիպիա եւ Եմէն: Անոնք երբեք չեն թաքցներ հակա-հայկական իրենց միտումները: Իսկ մենք, Հայաստան եւ Սփիւռք, պատրաստ ե ՞նք այս մարտահրաւէրին:
Սուրիոյ օրինակը պէտք է յուշէ ուշադիր եւ պատրաստուած ըլլաու մասին: Հայաստանը, որ չունի Սուրիոյ առաւելութիւնները, տնտեսական հիմքն ու հարստութիւնը, պատրա ՞ստ է դիմակալելու նոր օսմանցիութիւնը: Այսօրուան պատկերը խրախուսիչ չէ: Օրին, Հայ-թրքական սահմանը բանալու հետեւանքներուն մասին Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մանրամասն ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուցած էր կառավարութեան, բայց ըստ երեւոյթին այն պետական այրերու գզրոցներուն մէջ պահուած կը մնայ: Թերեւս ոմանց “պիզնէս“ը չխանգարելու համար,,,: