
Փարեմըս, Նիւ Ճըրզի – Վերջերս տեղի ունեցող ռմբակոծումները, Արցախի Մատաղիսի եւ Մարտակերտի շրջաններու խաղաղ բնակավայրերուն հասցուցած են հսկայական վնասներ։ Բնակարաններ, գործատուներ եւ համայնքային կեդրոններ լրիւ կամ մասնակի փլուզումի եւ աւերումի ենթարկուած են։ Մարտակերտի շրջանի մեր ազգակիցներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար, կիներ ու մանուկներ տեղահանուած են, մինչ այրեր եւ չափահաս տղամարդիկ մնացած են սահմանային գօտիին վրայ պաշտպանելու Հայրենիքի սահմանները։ Տեղահանուած ժողովուրդէն ոմանց Ղարաբաղի կառավարութիւնը ժամանակաւոր կացարան տրամադրած է Ստեփանակերտի մէջ, մինչ ուրիշներ ապաստանած են Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Շուշիի «Պետրոսեան» Ճամբարին մէջ, մինչեւ անվտանգութեան հաստատումը իրենց բնակավայրերուն մէջ։
Ներկայիս Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան «Պետրոսեան» ճամբարին մէջ հաստատուած են շուրջ 180 անձեր (որոնց շուրջ 120-ը մանուկներ եւ պատանիներ) Մարտակերտի շրջանի Մարաղա, Կարմիրավան, Մատաղիս, Մաղավուզ եւ Հոռաթաղ բնակավայրերէն։ Ճամբարին մէջ հաստատուած մեր ազգակիցներուն Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը հայթայթէ սնունդ, ապաստան եւ կը կազմակերպէ ճամբարային ծրագիր մանուկներուն համար։
«Մինչ Ղարաբաղի քաջարի բնակիչները կը պաշտպանեն հայրենիքը, մեր անսակարկ պարտքն ու պարտաւորութիւնն է օգնութեան ձեռք երկարել անոնց։ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, այլ օժանդակութիւններու կողքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ տարածքին մէջ գտնուող իր կեդրոնները՝ տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն ապահովելու համար անվտանգութիւն եւ ժամանակաւոր յարմարաւետ ապաստանարան» ըսաւ Զաւէն Խանճեան,Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէնը։
Յաւելեալ տեղեկութեան եւ ձեր աջակցութեան համար կրնաք կապ պահել Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հետ հեռախօսով 201.265.2607 կամ ե-նամակով.- info@amaa.org.